ՆՇԱՆԱԳԻՐԵՐՈՒՆ ԵՏԵՒԷՆ (189)

Մեսրոպի տուած լուրը՝ Վռամշապուհի բերած տեղեկութիւններով զօրացած, ամէնքը քաջալերեց լրջօրէն գործի ձեռնարկել, եւ որոշուեցաւ յարմարագոյն անձ մը ղրկել, որպէսզի այդ նշանագիրք հայերէն լեզուոյ, կամ այդ նշանագրութիւնք յարմարեալ ի Դանիէլէ եպիսկոպոսէ, կամ թէ՝ այդ վաղնջուց գտեալ նշանագիր տառից (ԽՈՐ. 245), ինչ ալ ըլլայ, երեւան գան եւ կենսական պէտքը հոգացուի։ Վռամշապուհ այդ պաշտօնին նշանակեց զայր մի պատուական եւ հաւատարիմ իւր, Խադունի ազգաւ, Վահրին անուն, յոյժ փափաքող նորին գործոյ (ԽՈՐ. 245)։ Գործին կարեւորութիւնը կը կազմէ Վահրիճի արժանիքին փաստը, որուն անունը ոչ առաջուց է լսուած, եւ ոչ յետոյ կրկնուած, որպէսզի վրան աւելի տեղեկութիւն ունենայինք։ Մեր տեսութեամբ Սահակի կամ Մեսրոպի աշակերտութենէն մէկ մը չ’երեւիր, այլ թագաւորական դիւանի պաշտօնեաներէն գլխաւոր մը, օտար լեզուաց ալ հմուտ, որ թագաւորին ընկերացած լինելով, առիթ ունեցած էր Հաբէլի հետ տեսակցիլ, գործով ալ հետաքրքրուիլ, եւ իբրեւ տեղւոյն եւ անձերուն ծանօթ՝ կրնար գործին ելքը դիւրացնել։ Վահրիճ թագաւորական հրովարտակով նորէն Միջագետք մեկնեցաւ, մինչ այստեղ ամէնքը պէտք եղած նախապատրաստութեանց հոգածութեամբ կը զբաղէին։ Սահակ կը քաջալերէր Մեսրոպը, թէ երբ տառերը կը հասնին, կրնայ նա անոնց ուսման ձեռնարկել, իրեն հետ առնելով ուսեալ քահանաներ, զորս Սահակ ինք ցոյց պիտի տայ, աւելցնելով ալ թէ ուր տկարանայք ի կարգել զհեգենայսն, բերեալ առ իս ուղղեմ զայն, որովհետեւ, կ’ըսէ՝ այլեւս յոյժ դիւրին է գիւտ իրացդ, զոր հայցես (ՓԱՐ. 14)։ Միւս կողմանէ Սահակ եւ Մեսրոպ յատկապէս ժողովեալ էին զամենայն եպիսկոպոսունս (ԽՈՐ. 245), եւ նոր գիրին եւ ազգային դպրութեան տարածման համար միջոցները կարգադրելու, եւ որչափ հնար է շուտով զայն ընդարձակելու եւ ժողովրդական դարձնելու համար կը խորհէին։ Մինչ այսպէս Հայաստանի մէջ պէտք եղած պատրաստութիւնները կը տեսնուէին, Վահրին հասաւ Միջագետք, գտաւ Հաբէլ քահանան, եւ միասին դիմեցին Դանիէլ եպիսկոպոսի, չենք գիտեր ո՛ր քաղաքը, եւ հաւանեցուցին զայն, ո՜վ գիտէ ինչ պայմաններով, որպէսզի իր մօտ գտնուող ծածկեալ գանձը երեւան հանէ եւ իրենց հաղորդէ, եւ սորվեցնէ այդ անծանօթ գիրերուն ձեւն ու ձայնը ու կիրառութիւնը։ Միջոց մը մնացին Դաիէլի մօտ, մինչեւ որ քաջ հմտացեալ ըլլան այդ անծանօթ գրչութեան։ Եւ երբոր կարծեցին թէ ինչ որ եւ ինչչափ որ պէտք է՝ ստացած են, Վահրիճ ու Հաբէլ միասին Հայաստան դարձան, եւ եկեալ ետուն ցմեծն Սահակ եւ Մեսրոպ (ԽՈՐ. 246) զյանկարծագիւտն (ԿՈՐ. 17)։ Այդ առաջին յաջողութեան թուական կը նշանակենք 404 տարին, եւ այս է որ իբր Հայոց գիրի գիւտ ընդունուած է այժմ քննադատներուն եւ հետաքննիններուն կողմէ, թէպէտեւ այն Հայ այբուբէնին կատարեալ կազմութիւնը չէր (30)։

Հատկորոշիչներ՝ Դանիէլ, եպիսկոպոս, նշանագիր

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...