Մեր եկեղեցական արարողութիւններէն ամենուն սիրտին մօտ պարագայի մը սկզբնաւորութիւնն ալ Վրթանէս հայրապետի անունին հետ կ’երթայ կը միանայ։ Յիշեցինք արդէն (§ 90) Պարսից մեծ պատերազմը, ուր մեռաւ Վաչէ Մամիկոնեան սպարապետ, եւ իրենց հետ բաւական թուով նախարարազուն զօրավարներ եւ բազմաթիւ հայազգի զօրականներ։ Արկածը ծանր էր եւ ամէնքը անձկայրեաց տրտմութեամբ եւ արտասուակաթ ողբովք եւ ծանրաթախիծ հոգով, մեծաւ կոծով եւ անհնար աշխարանօք պաշարեալք էին (ԲԶՆ. 26)։ Վրթանէս սկսաւ բացատրել, թէ անոնք որ այդ պատերազմին մէջ ինկան, յաղագս աշխարհի եւ եկեղեցւոյ եւ աստուածագործ օրինացն մեռած էին, որպէսզի եկեղեցիք եւ սրբութիւնք անհաւատներուն ձեռքը չիյնան, եւ սուրբ հաւատքը չանարգուի, թէ անոնք բարեպաշտութեան նահատակ եղան, եւ ընդ վկայս Քրիստոսի է նոցա համար պատուոյ, ուստի պէտք է որ դիցուք ընդ աշխարհս օրէնս յաւիտեանս յաւիտենից, որպէսզի իբրեւ Քրիստոսի նահատակաց անոնց յիշատակը տօնուի։ Այդ բացատրութեամբ եդ օրէնս ընդ աշխարհն՝ մեծ քահանայապետն Վրթանէս, զնոցա առնել յիշատակն ամ յամէ։ Եւ ոչ միայն Վաչէեան բանակին նահատակուած զօրավարներուն եւ զօրականներուն յիշատակը, այլեւ հրամայեց, որ այսուհետեւ որք փոխանակ աշխարհին փրկութեան մեռանիցին ի նմանութեան նոցա, անոնց հետ յիշատակուին անխափան (ԲԶՆ. 27)։ Այս ամէնը յայտնի կը ցուցնէ, թէ եկեղեցւոյ մէջ առաջ Վաչէեանց տօնն է սկսած կատարուիլ, անոնց հետեւողներն ալ հետզհետէ միասին կցելով, որոնց մէջ աւելի փառաւոր եւ աւելի նշանաւոր տեղ մը գրաւեցին Վարդանանք յաջորդ դարուն մէջ, եւ անոնց անունով սկսաւ յորջորջուիլ Վրթանէսի հաստատած տօնը։ Այդ տեսութեամբ, իր ճիշդ բացատրութիւնը կ’ընդունի Ազգային տօն կամ Ազգային յիշատակ անունը, որով այսօր ալ կը յատկանշենք Վարդանանց տօնը։ Պատմիչը կը յաւելու եւս, թէ Վրթանէս եդ կանոն, յիշել զսոսա ի ժամ պատարագին, յորժամ յանուանս սրբոյն կարգիցեն, եւ ապա զկնի նոցա զնոցայն (ԲԶՆ. 28)։ Բայց յայտնի չէ թէ ամենօրեայ յիշատակութիւն, թէ ոչ տօնին օրը կատարուելիք յիշատակութեան համար է Վրթանէսի դրած կանոնը։ Ամէն առթի մէջ Վրթանէսի անունին համար մեծ գովեստ է, ազգային նահատակներուն տօնին հիմնադիրն ու սկզբնաւորողն ըլլալը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք