ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԸ (94)

ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԸ – Վրթանէս կաթողիկոսը և վաչէեան նահատակները։

Մեր եկեղեցական արարողութիւններէն ամենուն սիրտին մօտ պարագայի մը սկզբնաւորութիւնն ալ Վրթանէս հայրապետի անունին հետ կ’երթայ կը միանայ։ Յիշեցինք արդէն (§ 90) Պարսից մեծ պատերազմը, ուր մեռաւ Վաչէ Մամիկոնեան սպարապետ, եւ իրենց հետ բաւական թուով նախարարազուն զօրավարներ եւ բազմաթիւ հայազգի զօրականներ։