7. Եթէ Հայ մատենագիրները քննենք, կը տեսնենք որ տարտամ եւ անորոշ գաղափար մը ունին իրենց առաջին առաքեալ Թադէոսին վրայ, զոր երբեմն երկոտասաններէն եւ երբեմն եօթանասունուերկուքներէն մէկը եղած կը կարծեն։ Բայց ճիշտ այս անորոշութիւնն է որ մեր կարծիքին կը նպաստէ, եւ կը ցուցնէ թէ նախնական աւանդութիւն մը տեղի ունեցած է Յուդա-Թադէոսի առաքելութեան վրայ, որ յետ ժամանակաց Թադէոս Դիդիմոսի ասորական աւանդութեան հետ խառնուած ու շփոթուած է, բայց չէ կրցած նախնական աւանդութիւնը ջնջել, եւ անորոշ եւ ներհակ յայտարարութեանց դուռ բացած է։ Ամենուն տեղ բաւ է Տաթեւացիին կարծիքը, որ կը գրէ թէ կենսաբուղխ սուրբ աւետարանն զԹադէոս առաքեալն մեր յերկոտասանիցն ասէ, Ղեբէոս որ անուանեցաւ Թադէոս. եւ քիչ ետքը վրայ կը բերէ, թէ ոմանք յեօթանասնիցն ասեն, զի եօթանասուն աշակերտացն գլուխ եւ վարդապետ էր (ՏԱԹ. 549)։ Որչափ ալ Յուդա-Թադէոսը արեւմտեաններէ նոյնացուցուած էր Յուդա Տեառնեղբօր հետ, սակայն արեւելեան աւանդութեամբ եւ աւետարանի ուսումնասիրութեամբ ըլլալնին յայտնի է։ Յուդա-Թադէոս առաքելոյ մասին եղած աւանդութիւններէ կը քաղուի, թէ նախ Կապադովկիոյ մէջ քարոզեց ուր Թէոփիլոսը ձեռնադրեց եւ իրեն տեղ թողուց, անկէ Հայաստան մտաւ, եւ մինչեւ Պարսից կողմերը գնաց եւ Պարսկահայ գաւառներու մէջ նահատակուեցաւ։ Նոյնիսկ Լատիններ կ’ընդունին թէ Հայոց առաջին լուսաւորիչներէն մին եղաւ (ՓԵԹ. Բ. 172)։ Այդ է մեր եկեղեցւոյ այժմեան տեսութիւնն ալ, յորմէհետէ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը հին տոնացոյցին Առաքելոցն Բարթողիմէոսի եւ Յուդայի տօնը (ՄՇՏ. 121) բացատրական փոփոխութեամբ Առաջին Լուսաւորչաց Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի տօնին վերածեց (ՏՕՆ. 266)։ Չուզելով աւելի երկարել այդ մասին, եւ զանց առնելով շատ մը ուրիշ մանրամասնութիւններ, զորս հնար էր յառաջ բերել, կը յաւելունք միայն, թէ հայկական աղբիւրէ գրուած Թադէոսի վկայաբանութիւններն ալ, բնաւ չեն յիշեր թէ նա եօթանասնից թիւէն եղած ըլլայ (ՍՈՓ. Ը. 11, 59) եւ նոյնիսկ առաքելական կանոնք ալ Հայոց առաքեալ եղող Թադէոսի համար կ’ըսեն որ է մի յերկոտասան առաքելոցն (ԿԱՆ. 9)։ Վերջապէս կամ պէտք է երկու Թադէոսներ ընդունիլ իբր Հայոց առաքեալներ, կամ թէ Յուդա-Թադէոսը ճանչնալ իբր Հայոց առաքեալ, որ թերեւս աւելի ապահովագոյն է։ Բայց ամէն առթի մէջ Հայոց հայրապետութեան Թադէական աթոռ (ԲԶՆ. 75), այսինքն առաքելական աթոռ լինելը ամէն կասկածանքէ բարձր կը մնայ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք