Նորագիւտ տառերուն յայտնութեան վրայ Մեսրոպի յանձնուեցաւ անոր ուսումն ու ուսուցչութիւնը, թագաւորին հրամանով դպրոցներ բացուեցան, եւ Սահակի ու Մեսրոպի ձեռնասուններ նախ եւ առաջ իրենք վարժուելով, ապա դպրոցներու մէջ մատաղ տղայոց կ’ուսուցանէին, եւ հրաման կը տրուէր ամենայն ուրեք նովին կրթել Հայ աշակերտութիւնը (ԿՈՐ. 17), մէկդի թողլով այլեւս ասորի լեզուի եւ դպրութեան ուսուցումը։ Իբրեւ ամս երկու կարգեալ զվարդապետութիւն իւր, նովին նշանագրովք տանէր Մեսրոպ հայերէնի ուսուցումը (ԿՈՐ. 19), բայց այսպէս զամս սակաւս փորձառութենէ եւ շարունակ կատարելագործելու ճիգերէն ետքը կը համոզուէր ոչ լինել բաւական այնու նշանագրօք ստոյգ հոլովել զհեգենայ բառից հայկականաց, եւ ոչ ալ հագներգաբար հնչել մուրացածոյ այնոսիկ գծագրութեամբ (ԽՈՐ. 246)։ Խնդիրը վերջնական կերպով Սահակի կը ներկայացուէր, որ քայլ առ քայլ հետեւող էր եղած նոր ուսման ընթացքին։ Վռամշապուհ ալ կը մասնակցէր պէտք եղածը հրամայելու, եւ համաձայն խորհրդով կ’որոշուէր, որ նորագիւտ նշանագիրները կատարելագործելու եւ ըստ ամենայնի հայերէն բառերու հնչիւններուն յարմարցնելու համար նոյնինքն Մեսրոպ իջնէ Միջագետք, տեսնէ Դանիէլ Ասորին, Պղատոն Եդեսացին եւ Եպիփան Սամոստացին, ժամանակին նշանաւոր գիտնականները, եւ անոնց հետ խորհրդակցելով, վերջնական եւ կատարելագործեալ նշանագիրներ պատրաստէ։ Ըստ այսմ Մեսրոպ իրեն հետ կ’առնէր դաս մի մանկտւոյ, այսինքն՝ իրեն յաջողագոյն աշակերտներէն մէկ քանին, որոնցմէ կը յիշուին Յովհան Եկեղեցացին եւ Յովսէփ Պաղնացին (ԿՈՐ. 19), եւ պէտք է յիշել անոնց ընկերակիցներն ալ, Տիրայր Խորենացին եւ Մուշէ Տարոնեցին (ՓԱՐ. 15)։ Առաջին այցելութիւնը կու տան Դանիէլի, բայց աւելի լոյս մը չեն ստանար, եւ Ամիդի Ակակիոս եպիսկոպոսի պաշտպանութեամբ կ’անցնին Եդեսիա, բայց Պղատոն ալ Եպիփանի դիմելու խորհուրդէն աւելի լոյս մը չի կրնար տալ։ Եդեսիոյ Բաբելաս (31) եպիսկոպոսի օգնութեամբ կու գան Սամոսատ (32), այլ Եպիփանը վախճանած գտնելով անոր աշակերտ Հռոփանոսի հետ կը բանակցին։ Բայց յայսմ եւս անշահ մնացեալ, իբրեւ վերջին ապաւէն Մեսրոպ յաղօթս ապաւինի, եւ տեսանէ ոչ ի քուն երազ, եւ ոչ յարթնութեան տեսիլ, այլ ի սրտին գործարանի երեւութացեալ հոգւոյն աչաց, թաթ ձեռին աջոյ, գրելով ի վերայ վիմի Ա, Ե, Է, Ը, Ի, Ո, Ւ, (ԽՈՐ. 247)։ Այսպէս պարզօրէն կը կարդանք Խորենացիի մէջ, զոր քիչ մը մթին կերպով ըսած էր Կորիւն, որում պարգեւէր իսկ վիճակ յամենաշնորհողէն Աստուծոյ, հայրական չափուն ծնեալ ծնունդս նորոգ եւ սքանչելի սուրբ աջովն իւրով, նշանագիրս հայերէն լեզուին (ԿՈՐ. 19)։ Մինչ ուրիշ գրուած մը, նոյնպէս Կորիւնի ընծայուած, միեւնոյն Խորենացիին բացատրութիւններն ունի, առանց եօթը տառերու նշանակութեան (ՍՈՓ, ԺԱ, 10)։ Ասոնք են հայերէն այբուբէնի լրացեալ կազմութեան համար՝ պատմութեան տուած տեղեկութիւնները, նկատողութեան արժանի լինելով, որ Փարպեցին զանց կ’ընէ բոլորովին Մեսրոպի շրջագայութիւնն ալ, աստուածային տեսիլն ալ։ Ոմոնք Փարպեցիին վրայ հիմնուելով, բոլորովին իսկ կ’ուզեն հերքել այդ վերջին եղելութեանց ստուգութիւնը, մինչ Կորիւն, որ Փարպեցիին ալ աղբիւրն է (ՓԱՐ. 13), թէ շրջագայութիւնները կը պատմէ եւ թէ ամենաշնորհողին Աստուծոյ սքանչելի սուրբ աջին կ’ակնարկէ։ Ազգային աւանդական հաւատքն ալ սաստիկ փարած է այդ տեսիլքին, եւ Հայուն համար անխախտ զգացում դարձած է իր այբուբէնին երկնային ծագում ունեցած լինելը (34)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք