Յուսիկի մահը բնական կերպով տեղի չունեցաւ, այլ իր հովուական եւ հայրապետական նախանձայուզութեան նահատակ եղաւ, եւ բռնական մահուամբ վախճանեցաւ, նոյնիսկ Հայոց թագաւորին եւ իր աներձագին Տիրանի ձեռքով։ Սովորաբար տարածուած եւ Խորենացիէ առնուած պատմութիւնը կ’ըսէ, թէ Յուլիանոսի Պարսից դէմ արշաւանքի ատեն, Տիրան զայն դիմաւորեց, եւ բարեկամութիւնը կրկնեց։ Յուլիանոս զիւր պատկերն նկարագրեալ ի տախտակս տուաւ Տիրանի, որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ կախէ, իբր կայսրութեան հանդէպ հպատակութեան նշանակ։ Սակայն Յուլիանոս նոյնին մէջ զդիւաց ոմանց ընդ նմա պատկերները նկարել տուած էր, եւ Տիրան չմտածելով, որ խաբէութեամբ՝ դիւաց երկրպագին պատկերքս, ուզեց զայն կախել յիւրում արքունական եկեղեցւոջն Ծոփաց գաւառին մէջ, ուր հանդիպած էր Յուլիանոսի։ Յուսիկ դիմադրեց զիրին խորամանկութիւն, այլ Տիրանի պնդելուն վրայ, պատկերը ընկեցեալ յերկիր կոխեալ մանրեաց։ Ասոր վրայ Տիրան Յուլիանոսի առջեւ պարտաւոր չմնալու համար, ուզեց Յուսիկը պատժել, եւ հրամայեաց ջլոտիւք հարկանել յերկար, մինչեւ որ ի գանելն աւանդեաց զոգին (ԽՈՐ. 199)։ Նահատակութիւնը նոյն մնալով, տարբեր պատճառէ յառաջ եկած է այն Բուզանդի համեմատ։ Յուսիկ շարունակ յանդիմանած է Տիրանը, իր ապօրէն եւ ամբարիշտ գործերուն համար, եւ վերջապէս իբրեւ յայտնի մեղաւորներ թագաւորն ու իր մեղսակից մեծամեծները՝ արգելոյր չտալ թոյլ մտանել յեկեղեցին։ Երբոր այս ալ օգուտ չէր ունենար, ելեալ կապէր մեծապէս պատուհասիւք քահանայական իշխանական բանիւ, որ է ըսել թէ նզովքի վճիռ կ’արձակէր անոնց դէմ։ Ասկէ Տիրանի եւ Յուսիկի մէջ յայտնի հակառակութիւն մը, որ կը տեւէր զամենայն աւուրս կենաց իւրոց։ Բայց Տիրան ոչ կ’օգտուէր հայրապետին յանդիմանութենէն, եւ ոչ ալ նշանակութիւն կ’ընծայէր արձակուած վճիռին, ուստի երբ կը հանդիպէր օր մի յաւուրց տարեկան տօնախմբութեանց, Տիրան իր աւագանիով մէկտեղ դիմեաց գալ մտանել յեկեղեցին, երբ այնտեղ կը գտնուէր հայրապետը, Ծոփաց գաւառի Բնագեղ արքունի բերդին մէջ։ Յուսիկ անոնց գալը իմանալով եկեղեցւոյ դուռը կ’ելլէ, եւ մտնելնին արգիլելով բարձրաձայն կը գոչէ՝ Չես արժանի, հի՞մ գաս, մի՛ գար ի ներքս։ Տիրանի մարդիկը, որ դիմադրելու կանխամտածութեամբ կու գային, կը յարձակին հայրապետին վրայ, եւ կը սկսին զարնել, մինչեւ որ Յուսիկ բրածեծ եղեալ, ջախջախեալ, կիսամահ կոշկոճեալ, ընկեցեալ լինէր։ Իսկ Տիրան ու հետեւորդները եկեղեցի կը մտնեն, բայց շուտով կը մեկնին։ Եկեղեցւոյ պաշտօնեաներ կը հասնին, կը վերցնեն հայրապետը, կարեւոր դարմաները կ’ընէ, եւ այնտեղէն հեռացնելու կը տանին Դարանաղեաց գաւառը, Թորդան գիւղը, Գրիգորի ազգատոհմին կալուածը։ Յուսիկը չկրցաւ ազատիլ արկածին հետեւանքէն, եւ անդ ոչինչ յետ բազում աւուրց հանգեաւ, եւ թաղուեցաւ նոյն տեղը Գրիգորի եւ Վրթանէսի գերեզմաններուն քովը (ԲԶՆ. 31)։ Յուսիկի նահատակութիւնը մեր հաշուով կ’իյնայ 347-ին, թէպէտ օրը չենք կրնար ճշդել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք