Վրթանէսի արդիւնաւոր հայրապետութիւնը ութը տարի տեւեց, ինչպէս վերեւ հաշուեցինք (§ 89), եւ գրեթէ ութսունամեայ, կամ 79 տարեկան, կնքեց խաղաղութեամբ իր բազմաշխատ կեանքը, 41-ին, միշտ մեծամեծ դժուարութեանց հետ մաքառելով, եւ ամէն տեսակ պարագայից մէջ փորձառու եւ գործունեայ հովուի համբաւը արդարացնելով։ Մահուան տեղւոյն յիշատակութիւնը չունինք։ Ժամանակին հայրապետներուն կեդրոնը Վաղարշապատն էր հարկաւ, եւ Ս. Էջմիածնի կաթողիկէն իրենց աթոռը, բայց իրենց պաշտօնավարութիւնը առաքելական էր, եւ ձեւական պայմաններու ենթարկուած չէր, ուստի երկրին զանազան կողմերը կը շրջէին, եւ իրենց ցրիւ կալուածներուն մէջ կը դադարէին։ Եթէ մեռած չէ յիշուած, թաղման տեղը ամէն պատմիչներու համաձայնութեամբ ցուցուցած է Դարանաղեաց Թորդան աւանը, որ նոյն անունով կը մնայ ցարդ Կամախու վիճակին մէջ, եւ ուր Իննսրբոց կոչուած Ս. Փրկիչ վանքը կը պարունակէ շատ գերեզմաններ, որոնց մէջ նաեւ Գրիգորի եւ Տրդատի գերեզմանները։ Վրթանէս Թորդան մեռած չէր, վասնզի ժողովեցան ամենայն աշխարհն Հայոց հայրապետին մեռած տեղը, եւ անկէ մեծահանդէս թափօր կազմելով, եւ արքունական կառօք բերին մարմինը մինչեւ ի գիւղն Թորդան։ Այդ առթիւ Բուզանդ կը գրէ, թէ անդ առ մեծի հայրապետին Գրիգորի կը հանգչացնէին Վրթանէսի մարմինը (ԲԶՆ. 29)։ Բառերուն իմաստը այնպէս կը ցուցնէ, թէ Գրիգորի ոսկորները արդէն Թորդան էին, երբոր Վրթանէս մեռաւ։ Ընդհակառակն, Խորենացին կը կարծէ, թէ տեսակ մը նախագուշակութեամբ կ’ընէին զայդ, իբրեւ մարգարէական ակամբ հայեցեալ, որ զկնի բազում ժամանակաց, եւ հօրն յայնտեղի հանգուցան նշխարք (ԽՈՐ. 197). այսինքն թէ Լուսաւորչի նշխարքը տակաւին Թորդան փոխադրուած չէին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք