ՄԱՀՆ ՈՒ ԹԱՂՈՒՄԸ (95)

ՄԱՀՆ ՈՒ ԹԱՂՈՒՄԸ Վրթանէս կաթողիկոսի մահուան եւ թաղման մասին։

Վրթանէսի արդիւնաւոր հայրապետութիւնը ութը տարի տեւեց, ինչպէս վերեւ հաշուեցինք (§ 89), եւ գրեթէ ութսունամեայ, կամ 79 տարեկան, կնքեց խաղաղութեամբ իր բազմաշխատ կեանքը, 41-ին, միշտ մեծամեծ դժուարութեանց հետ մաքառելով, եւ ամէն տեսակ պարագայից մէջ փորձառու եւ գործունեայ հովուի համբաւը արդարացնելով։ Մահուան տեղւոյն յիշատակութիւնը չունինք։