Ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ 302 տարւոյ, առաջին ամիսներուն մէջ։ Այդ թուականը ոչ մի արգելք չի գտներ, հալածանաց հրատարակութեամբ՝ Կեսարիոյ մէջ այսպիսի հանդիսաւոր գործողութեան մը կրելիք դժուարութենէն։ Ոչ միայն հնար է դիտել թէ հալածանքներ երբեք եկեղեցական ձեռնադրութեանց արգելք չեն եղած, եւ առառաւելն ձեռնադրութեան հանդերձանքին վրայ կրնան դիտողութեան տեղի տալ, այլ առաւելապէս մտադրութեան արժանի է գիտնալ, թէ Դիոկղետիանոսի հալածանքը այդ թուականէն տարի մը ետքը, 303 փետրուարի վերջը, հրամայուեցաւ Նիկոմիդիոյ մէջ, եւ ժամանակ մըն ալ անցաւ մինչեւ որ գաւառները տարածուէր։ Իսկ անկէ առաջ քրիստոնեայք կատարեալ խաղաղութիւն կը վայելէին Արեւելքի մէջ, միայն պատահաբար եւ անձնական պարագայից առիթներով գաւառապետներ քրիստոնիաներէ ոմանց վրայ կը բռնանային, հին օրէնքներէ օգտուելով։ Այդ կարգին է նաեւ Գրիգորի աներձագին, Փիլաքթովիոյ քորեպիսկոպոս Աթանագինէսի նահատակութիւնը, որ տեղի ունեցած էր կեղծ նամակի մը մասին, իր աշակերտներէն մէկուն ըրած անհիմն զրպարտութեան վրայ (ՎՐՔ. Դ. 347)։ Գրիգորի Կեսարիայէ բերած գլխաւոր յիշատակը Ս. Կարապետի մասունքն է, որ ըստ աւանդութեան Երուսաղէմի Եփեսոս բերուած էր Պօղիկարպոսի ձեռքով, եւ Եփեսոսէ Կեսարիա բերուած ու պահուած էր Փիրմիլիանոսի ձեռքով, եւ մինչեւ հիմա ալ կը պատուուի Կասարիոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ։ Այդ մասունքէն մաս մը ուզեց Գրիգոր մէկտեղ տանիլ. եւ թէպէտ Ղեւոնդիոս հեճեցաւ, բայց ժողովուրդին կողմէն դժուարութիւն յայտնուելուն վրայ, Հայ նախարարներ պարտաւորուեցան մաս մը զօրութեամբ եւ մաս մը նուէրով գործը յաջողցնել (ԶԵՆ. 24)։ Ս. Կարապետին մասունքէն զատ Գրիգոր ստացաւ մաս մըն ալ իր ազգականին Ս. Աթանագինէսի մասունքէն, եւ այնուհետեւ այս երկու անուններ անբաժան միացած կը մնան ազգային յիշատակներու մէջ, եւ տարեկան տօնախմբութիւն ալ ունին (ՏՕՆ. 155)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք