Փառէնի կաթողիկոսանալը պարզապէս տեղական գործադրութեամբ լրացեալ գործ մը կը տեսնուի՝ Խորենացիի գործածած ընտրեցին եւ կացուցին քահանայապետ բացատրութենէ (ԽՈՐ. 202)։ Բուզանդ նորէն կը յիշէ, թէ` պատարագօք եւ հրովարտակօք եւ ճոխ իշխանօք, եւ չորս մեծ նախարարներով առին գնացին Կեսարիա, եւ անդ ձեռնադրեցին զնա ի կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծաց (ԲԶՆ. 45)։ Այստեղ ալ հարկ կը սեպենք կրկնել, որ բոլոր ազգային պատմիչներուն ընդհանուր եւ անբացառիկ լռութիւնը այդ պարագային վրայօք, զօրաւոր փաստ մըն է, եւ լոկ Բուզանդի վկայութիւնը չի բաւեր ըսածը հաստատելու։ Մանաւանդ որ ակներեւ է Բուզանդի Հայոց դէմ հակառակախօս լեզուն, եւ անոնց եկեղեցին անարգելու եւ ստորնացնելու ջանքը։ Բաւական լինի դիտել, որ մոռնալով թէ՝ Յուսիկէն ետքը պաշտօնապէս կաթողիկոսներ ցուցուցած է, տակաւին կը յայտարարէ, թէ` Հայերը զկնի թոփամահն լինելոյ երանելւոյն Յուսկան, անառաջնորդ եղեալ իբրեւ զկոյրս մոլորեցան, եւ անհովիւք էին (ԲԶՆ. 33)։ Նոյնպէս ընդարձակ կերպով ամէն տեսակ անառակութիւներ եւ անօրէնութիւններ, մինչեւ իսկ զդիցն հնութեան պաշտամունս ընդ խաւար կատարէին ընելէն ետքը, կը յաւելու, թէ այնպիսի կաթողիկոս մը կը փնտռէն, որ ըստ նոցա կամացն վարիցէ (ԲԶՆ. 35), բայց կը մոռնայ թէ իբրեւ սուրբ անձեր ներկայացուած է Դանիէլն ու Փառէնը, որոնք եղան Հայերուն կաթողիկոսութեան հրաւիրուած անձերը։ Այս դիտողութիւնները կ’ընենք Բուզանդի պատմածներուն ներքին արժէքը ցուցնելու, ապա թէ ոչ արդէն բացատրեցինք, թէ պատրիարքական աթոռնարուն որոշ տեղէ մը ձեռնադրութիւն առնելը՝ երբեք հպատակութեան փաստ մը չի կրնար ըլլալ, ինչպէս Հռոմի պատրիարքները Ռստիոյ եպիսկոպոսէն, եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքները Հերակլիոյ արքեպիսկոպոսէն ձեռնադրութիւն ստանալու օրէնք ունենալով հանդերձ, երբեք նոյն աթոռներուն ներքեւ ինկած չեն համարուիր։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք