2. Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ձեռք առած ատեննիս կը զգանք թէ ծանոթ աշխատութեան պէտք ունինք զայն իր իսկութեան վերածելու համար։ Մէկ կողմէն խառնիխուռն աւանդութիւններ յաջողած են անստոյգ եւ տարադէպ զրոյցներու ալ դուռ բանալ, իսկ միւս կողմէ քաղուածոյ պատմութիւն գրողներէն շատեր, աւելի քան պատմական հաւատարմութենէ ներշնչուելու, նպատակաւոր դիտումներէ ազդուած են եղելութիւնները իրենց հաճոյից հպատակացնել, եւ հանգամանքներու այլայլութեամբ եւ տարադէպ մեկնութեամբ անոնց բռնազբօսիկ նշանակութիւններ եւ քմահաճոյ գունաւորումներ տալ։ Գիտենք թէ ամենամօտ ժամանակներու մէջ, ազգային եկեղեցական պատմութիւնն սկսած է իր ուղղամիտ ուսումնասիրողներն ունենալ, սակայն գործը դեռ իր լրումը չէ ստացած։ Մենք ալ անոնց աշխատանքներէն օգտուելու իսկ, բազմաթիւ եւ բազմազան զննութեանց պէտքը կը տեսնենք։ Այդ նպատակին մէջ յաջողելու համար, պէտք զգացած ենք, որչափ հնար է, զերծ մնալ սահմանափակ տեսութիւններէ ու հետեւողութենէ, եւ ամէն կէտ իր սկզբնական աղբիւրին մէջ ուսումնասիրել, եւ միայն անոնց վրայ հիմնուիլ։ Քանի որ բուն նպատակնիս եղելութեանց ստուգութիւնն է, եւ ոչ մեկնութեանց ու խորհրդածութեանց ոճն ու կերպը, յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք ժամանակագրական ուսումնասիրութեանց, եւ դիպուածոց չարայարութեան, որք շատ անգամ ստուգութեան լաւագոյն փաստերն են։ Յատուկ ձեւ մըն ալ ընտրած ենք մեզ, նիւթերու կարգաւորութեան համար, եւ գլուխներու բաժանումը թողլով, եկեղեցւոյ պետերուն չարքը ընդունած ենք իբր գլխակարգութիւն, եւ ժամանակակից եղելութիւնները եւ պարգեւներն իրարու մօտեցուցած ենք իւրաքանչիւրն իշխանութեան ժամանակամիջոցին ներքեւ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք