Հայաստանի խաղաղութիւնը, որուն պատճառ եւ պահապան կանգնած էր Մանուէլ Մամիկոնեան, շարունակեց մինչեւ անոր մահը, զոր կրնանք յապաղել մինչեւ 384 թուականը, որով կ’արդարանայ եւս Բուզանդի յիշած եօթնամեայ խաղաղութիւնը (ԲԶՆ. 257), հաշուելով զայն Վարազդատի գահազրկութենէն, որ տեղի ունեցաւ 378-ին։ Այդ խաղաղութեան պատճառներէն գլխաւորն եղաւ յոյներուն արեւելքի գործերէն ձեռնթափ ըլլալը, եւ Շապուհի մեռնելով Արտաշիրի թագաւորելը 379-ին, որ խաղաղական կառավարութեան ձեռնարկեց, եւ Մանուէլ ալ իր խոհականութեամբ գիտցաւ յօգուտ գործածել երկու տէրութեանց առժամեայ անգործութիւնը եւ ամենայն երկիրն Հայոց ի խաղաղութիւն էր՝ ընդ հովանեաւ Մանուէլի զամենայն աւուրս կենաց նորա (ԲԶՆ. 257)։ Մանուէլ մեռաւ բնական մահուամբ զախտ հիւանդութեան մահու հիւանդացեալ (ԲԶՆ. 264), ինչ որ նշանակելի պարագայ մըն է Մամիկոնեան սպարապետներուն համար, ինչպէս ինքն Մանուէլ ալ կը զարմանար, որ իր բոլոր մարմինը վէրքերով լեցուն ըլլալով հանդերձ՝ ընդէ՞ր ոչ եհաս մեռանիլ ի պատերազմի, եւ կը ցաւէր, որ իրեն զվատթար մահս մահճաց եհաս մեռանել (ԲԶՆ. 265)։ Բայց Մանուէլի մահը իսկապէս վատթար եւ վնասակար եղաւ ազգին։ Արշակ դեռ մանուկ էր, նա չէր կրնար ոչ նախարարներ զսպել, եւ ոչ երկու տէրութիւններու մէջ հաշտ եւ խոհեմ ընթացք մը պահել։ Արտաշիր՝ Մանուէլի որդին, որ սպարապետութիւնը ժառանգեց (ԲԶՆ. 264), հօրը հանճարը չունէր, եւ Հայաստանի մէջ շփոթութիւններ սկսան, ինչ որ տաղտկալի էր հաւասարապէս թէ՛ յոյներուն եւ թէ՛ պարսիկներուն։ Թէոդոս կայսր խորհուրդ յղացաւ Հայաստանի մի մասը Պարսիկներուն թողլով, մնացեալը իրեն ապահովել եւ արեւելքի կողմէ վտանգի առջեւը առնել։ Շապուհ Գ., երկարակեաց Շապուհ Բ-ի թոռը, շուտով հաւանեցաւ, եւ Հայաստանի բաժանումը (22) իրենց մէջ որոշուեցաւ եւ հաշտութեան պաշտօնագիրը հաստատուեցաւ նոյն 384 տարին (ԽՈՐ. 232)։ Դժուար է բաժանման սահմանագիծը կազմել իր ամբողջութեան մէջ, բայց ընդհանուր կերպով Բարձր Հայք եւ Ծոփաց նահանգ, որ Չորրորդ Հայք կոչուեցաւ, Յունաց մնացին, իսկ մնացեալ նահանգներ, Արարատ եւ Տուրուբերան եւ Վասպուրական ուրիշներու հետ Պարսից բաժին եղաւ։ Արշակի ազատութիւն թողուեցաւ, որ մասին մէջ ուզէ թագաւորութիւն ընել, իսկ նա նախադասեց Յունաց բաժնին անցնիլ, լաւ համարեալ նուազ կողմանն տիրել, եւ ծառայել քրիստոնեայ թագաւորի։ Խորենացին Արշակի մօրն ալ ի կայսերական քաղաքէն լինելը կը յիշէ (ԽՈՐ. 232), սակայն մենք նորէն պիտի կրկնենք, որ ոչ թէ մայրն Զարմանդուխտ, այլ մեծ մայրն Ողիմպիադա՝ Բիւզանդիոյ արքունիքէն էր։ Յիշուած չենք գտներ յայտնապէս, թէ ո՞ւր հաստատեց Արշակ իր արքունիքը, սակայն Կարին քաղաքին տրուած կարեւորութիւնը, եւ անոր նորոգութիւնները եւ Թէոդուպոլիս կոչուիլը, Յունական Հայաստանին մայրաքաղաք նշանակուած լինելը կը ցուցնեն։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք