Սահակի նախընթաց կեանքին վրայ ունեցած տեղեկութիւնները լրացնելու համար, պէտք է յառաջ բերենք Խորենացիի գրածը, թէ նա խստակրօն ճգնաւորի կեանք մը կազմած էր՝ ունենալով նաեւ աշակերտ վաթսուն ըստ նմանութեան Սպուդէից, այսինքն՝ ժրաջան կրօնաւորաց, որոնց օրինակը տեսած էր Կեսարիա, Բարսեղ Կեսարացիի կազմած վանականութեան մէջ, ամէնքն ալ արք կրօնաւորք, խարազնազգեստ, երկաթապատք, բոկագնացք, որք յար ընդ նմա շրջէին։ Սահակի միաբանութիւնը թէպէտ աղօթից զբաղումներն ալ ունէր, մշտենջենաւոր պաշտմամբ, որպէս զայն, որ յանապատսն էին, սակայն ասով չէր վերջանար անոր գործունէութիւնը, այլ միանգամայն հոգայր զաշխարհս՝ որպէս զայն, որ յաշխարհի են (ԽՈՐ., 240), որ է ըսել ժողովրդեան հոգեւոր պէտքերուն ալ կը հասնէր աշխարհիկ եկեղեցականներուն պէս։ Քանի որ Սահակ ուսմամբ զարգացեալ մէկն էր, իր աշակերտներն ալ միեւնոյն ուղղութեան հետեւողներն էին, եւ յատկապէս կը զբաղէին ժողովուրդը մխիթարելու սուրբ գրոց բերանացի թարգմանութեամբ, մեկնողական պարզաբանութեամբ, եւ մայրենի լեզուով թելադրուած աղօթքներով, քանի որ հայերէն այբուբէնն ու գրականութիւնը դեռ գոյութիւն չունէին։ Որպէսզի Սահակ այդ կեանքին կարենար նուիրուիլ, պէտք է ենթադրել թէ ընտանեկան հոգերով ծանրաբեռնուած էր։ Միակ աղջիկ մը ունեցած էր, միջոց մըն ալ արու զաւակի փափաքով ապրած էր, բայց պէտք է կանուխ այրիացած ըլլայ, իսկ աղջիկը Մամիկոնեանց տունին հարսնացուցած էր, ամուսնացնելով Մանուէլի երրորդ որդւոյն Համազասպի հետ (ՍՈՓ., Զ., 123)։ Այս կերպով կրցեր է Սահակ ինքզինքը բոլորովին հոգեւորական կեանքի նուիրել, եւ իր շուրջը բազմաթիւ եւ բազմարդիւն վանական ընտանիք մը կազմել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք