Երբոր Ասպուրակէս մեռաւ 386-ին Հայաստանի Պարսկական բաժնին մէջ, դեռ Արշակ կը թագաւորէր Յունական բաժնին մէջ եւ պէտք չէր, որ առանց երկու կողմերու համաձայնութիւնը ապահովելու՝ կաթողիկոսական ընտրութիւն կատարուէր, որպէսզի ազգին մէջ երկպառակութիւն չծագէր, եւ բաժանման վիհը չընդարձակուէր։ Մինչ այս, մինչ այն Արշակ ալ կը մեռնի (§ 174), տեղը ուրիշ Արշակունի թագաւոր մը չի նստիր, այլ Յոյն կուսակալ մը, որ հայութեան պետի մը նկարագիրն ու իրաւունքը չունէր։ Այս կերպով Խոսրով իրաւունք կը ստանայ իր նախաձեռնութեամբ նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը կատարել։ Լուսաւորչի ազգատոհմին նկատմամբ ազգին ունեցած համարումը կրկին կը զօրանայ, երբ նեղ եւ դժուարին կացութիւնը կարողագոյն հայրապետի մը անհրաժեշտ պէտքը կը զգացնէր։ Մանազկերտացիք արդինաւորութիւն ցուցուցած եւ համակրութիւն ստացած էին, գուցէ աչքի զարնող անձ մըն ալ չունէին, հետեւաբար ամենուն համերաշխ եւ համամիտ հաւանութեամբ հայրապետական աթոռը բարձրացաւ Սահակ՝ Ներսէսի որդին, Աթանագինէի թոռը, Յուսիկով ու Վրթանէսով Լուսաւորիչէ հինգերորդ ծնունդ։ Կաթողիկոսական յաջորդութիւնը պահ մը յապաղած էր վերոհիշեալ պատճառներով, եւ Սահակի ընտրութիւնը պէտք է դնել 389-ին, որ է Խոսրովի երրորդ տարին, ինչ որ մեր ժամանակագրութեան կշիռն ալ կ’արդարացնէ։ Խոսրովի համար պարծանաց արժանի արդիւնք պիտի համարուի Սահակի նման հայրապետի մը ընտրութեան նախաձեռնութիւնն ստանձնած եւ գործադրած լինելը, որ Հոգւոց Լուսաւորիչ Գրիգորէ եւ Սրտից Լուսաւորիչ Ներսէսէ ետքը, Մտաց Լուսաւորիչ եղաւ Հայ ազգին համար, եւ անոր դարուց ի դարս տեւելուն եւ ապրելուն սկզբնապատճառը պիտի ճանչցուի Հայ դպրութեան ստեղծմամբ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք