6. Լաբուբնայի ասորերէն եւ հայերէն օրինակներու տարբերութիւնը, առաջին տեսութեամբ կրնայ Հայ թարգմանիչին յանդգնութեան վերագրուիլ, որ համարձակած է բնագիրը աղաւաղել իր ազգին նպաստաւոր պարագաներ մուծանելով անոր մէջ։ Սակայն բոլորովին օտարոտի չէր լիներ, նոյնիսկ Ասորիներու վերագրել աղաւաղութեանց ներմուծումը (1)։ Այդ կարծիքը հաւանական է կը դառնայ երբ դիտենք, որ ասորի բնագիրին համեմատ Աբգար, տակաւին Թադէոս չմեռած, անոր հարուստ զարդեր եւ կարասիներ կը ղրկէ, որպէսզի անոնցմով թաղուի, եւ Թադէոս կը մերժէ ըսելով, թէ ինչպէս ի կեանս իմ, եւ ոչ այժմ ի մահուանս իմում ընծաներ չեմ ընդունիր (ԼԱԲ. 45)։ Այս բանը բոլորովին անյարմար եւ անբնական պարագայ մըն է մահուան համար, մինչ շատ լաւ կը յարմարէր ուղեւորութեան պարագային։ Մեր տեսութեամբ, այս դիտողութիւններէն դուրս գալ, կրնանք մենք Թադէոսի Հայաստանի մէջ քարոզելուն աւանդութիւնը պաշտպանել։ Անկախաբար ասորական աղբիւրներէն Բուզանդ ալ կ’ընդունի Թադէոսի Հայաստան քարոզելը (ԲԶՆ. 5) եւ Հայոց հայրապետութեան Թադէոսի աթոռ լինելը (ԲԶՆ. 30, 41, 72) եւ հարկաւ այդ ազգային աւանդութիւնն է որ թելադրած է Լաբուբնիայի թարգմանողին, աւանդութիւնը պատմական հանգամանքներով լրացնել։ Բայց նա պէտք չունէր երբեք այդ պատուաստը կատարել ազգային աւանդութեան վրայ, քանի որ Թադէոս Դիդիմոսէ զատ, որուն գոյութիւնն իսկ անծանօթ մնացած է Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներուն, եւ միայն Ասորի հեղինակէ մը յիշուած եւ անկէ Հայերուն փոխանցուած է, կայ ուրիշ յայտնի աւետարանէ վկայեալ Թադէոս մը՝ երկոտասաններուն մէջ (ՄԱՏ. Ժ. 3, Մար. Գ. 18) որ կոչուած է եւս Ղեբէոս (ՄԱՏ. Ժ. 3) եւ Յուդա Յակոբեան (ՂԿՍ. Զ. 16, ԳՐԾ. Ա. 13)։ Ըստ այսմ հնար է, եւ թերեւս ապահովագոյն է, Յուդա-Թադէոսի անունով մեկնել մեր Թադէոսի առաքելութիւնը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք