1. ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ աւետարանական քարոզութիւնը եւ սորվեցուցած վարդապետութիւնը, լոկ տեսական կերպով աւանդուած սկզբունքներ չէին, այլ գործնական կեանքի կանոններ եւ կը պարունակէին, փոփոխ յարաբերութիւններ հաստատելու բնութիւնն ունէին, յատուկ պաշտամունքի ձեւեր կը սորվեցնէին, ներքին իշխանութեան հիմեր կ’աւանդէին, մէկ խոսքով ամփոփ եւ կազմակերպեալ եւ կանոնաւորեալ մարմիններ ձեւացնելու ամէն տարրները կը ներկայէին։ Ինչ ալ ըլլան հետազնին քննադատներու տեսութիւնները քրիստոնէութեան սկզբնաւորութեան վրայ, անուրանալի է, որ անդստին իր սկիզբէն քրիստոնէութիւնը հաւաքական մարմնոյ մը ձեւով առաջ եկաւ. եւ այդ հաւաքական կամ ժողովական միութիւնը՝ Եկեղեցի անունով նշանակուեցաւ որ է Ժողով կամ Ժողովուրդ, զի ոչ միայն վարդապետութեան, այլ եւ պաշտամունքի եւ կենցաղի եւ իշխանութեան կենսական տարրներով միաւորուած ու կապուած էր։ Եկեղեցի անունը Յիսուս ինքն ալ գործածեց իր հիմնած հաստատութիւնը նշանակելու համար (ՄԱՏ. ԺԶ 18, ԺԸ. 17), իրմէ ետքն ալ իր աշակերտներուն համախմբութիւնը նոյն անունով ճանչուեցաւ (ԳՐԾ. Ը. 1, ԺԲ. 1), եւ այդ անունը անխտիր գործածուեցաւ թէ անոր ամբողջութեան եւ թէ անոր մասերուն վրայ։ Այսպէս Թեսաղոնիկեցւոց (Ա. ԹԵՍ. Ա. 1), Գաղատացւոց (ԳԱՂ. Ա. 2), Կորընթացւոց (Ա. ԿՐՆ. Ա. 2), Կենքրացւոց (ՀՌՄ. ԺԶ. 1) եկեղեցիներ կոչուեցան, սոյն քաղաքներու քրիստոնեայ համախմբութիւնները. նոյնիմկ ընտանեկան խումբերն ալ առտնին եկեղեցի կոչուեցան (ՓԻՄ. Ա. 2, ՀՌՄ ԺԶ. 5), եւ Եկեղեցի անունը քրիստոնէութեան հետ նոյնանշան եղաւ, եւ քրիստոնէութեան պատմութիւնն ալ եկեղեցական պատմութիւն անունն առաւ։ Անոնք որ ընդհանուր եկեղեցական պատմութիւն կ’աւանդեն, պարտաւոր են մանրազնին խուզարկութեանց մտնել, աոր սկսելուն եւ ընդարձակուելուն, հետզհետէ ունեցած զարգացման եւ կազմակերպութեան մանրամասնութիւնները քայլ առ քայլ դիտել. պարագաները ուսումնասիրել, եւ ազդեցութեանց ներգործութիւնները հետազօտել։ Մենք այդ կէտերուն հետեւելու պարտք չունինք. որովհետեւ նպատակնիս է պարզապէս մեր Ազգային Եկեղեցւոյն պատմական եղելութիւնները քաղել եւ որչափ հնար է զանոնք իրենց իրական եւ իսկական ստուգութեանը վերածել։ Ինչ որ ընդհանուր տեսութիւններով՝ քրիստոնէութիւն կամ քրիստոնէական եկեղեցի կոչուած տիեզերական հաստատութեան վրայ՝ պատմութիւնն ու գիտութիւնը կը հաստատեն, մասերու վրայ ալ կը ճշմարտուի. եւ մասնաւոր եկեղեցւոյ պատմութիւն մի չի պարտաւորուիր նորէն նոյն կէտերով զբաղիլ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք