Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ
ԵԴԵՍԻՈՅ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ
5. Լաբուբնիայի աւանդական պատմութեան համեմատ, Յիսուսի համբառնալէն ետքը, Յուդա-Թովմաս առաքեալ, երկոտասաններէն մէկը, մականուանեալն Դիդիմոս, որ է Երկուորեակ (ՅՈՀ. ԺԱ. 16), իր երկուորակից Թադէոս Դիդիմոսը, որ եօթանասնից թիւէն էր, կը ղրկէ Եդեսիա, Յիսուսի տուած խոստումը կատարելու համար։ Թովմասի միջամտութեան իբր պատճառ կրնայ ընդունուիլ, թէ առաքելական կանոնաց յիշածին համեմատ, Հնդիկք եւ ամենայն գաւառք որ շուրջ զնովաւ են, մինչեւ ի ծովն վերջին, Թովմայի վիճակած էին, թէպէտեւ քիչ ետքը Ուռհա, եւ ամենայն քաղաքք որ շուրջ զնովաւ, Մծբին եւ Արաբք եւ սահմաիակիցք Միջագետաց, Հայք եւ ամենայն հիւսիսի եւ հարաւ, վիճակած կ’ըսուին Թադէոսի (ԿԱՆ. 9)։ Սակայն ի դէպ էր թերեւս երկուքը իրար միացնելով, միեւնոյն վիճակը համարել, եւ հարազատ եղբայրներ իրար գործակից նկատել։ Բայց ինչ ալ ըլլայ վիճակներուն խնդիրը եւ առաքեալներուն ունեցած դերը, մենկ կը բաւականանանք նկատի առնել միայն Թադէոսի Եդեսիա գալը։ Ըստ այս աւանդութեան, Թադէոս կ’իջեւանի Տուբիա անուն Հրէայի մը տունը, Աբդիու անուն նախարար մը լուր կուտայ Աբգարի. Թադէոս արքունիք կը տարուի, Աբգար կը հիանայ ու երկրպագութիւն կ’ընէ, եւ իբր Յիսուսէ խոստացուած բժիշկը կ’ընդունի. Թադէոս կը քարոզէ, Աբգար կը հաւատայ եւ հրաշքով կը բժշկուի, ինչպէս նաեւ կը բուժուի Աբդիուի կաղութիւնը։ Աբգար շատ հարուստ ընծաներ կը նուիրէ, բայց Թադէոս կը մերժէ, եւ համարձակութիւն կ’ընդունի ժողովուրդին քարոզելու։ Այստեղ ընդարձակ քարոզութիւններ դրուած են Թադէոսի բերանը (ԼԱԲ. 19-30)։ Քրիստոնէութիւնը կը հաստատուի Եդեսիոյ մէջ. իշխաններ ու իշխանուհիներ եւ ժողովուրդներ խմբովին քրիստոնեայ կ’ըլլան, եկեղեցիներ կը կանգնւին եւ աւետարանը կը զօրանայ Եդեսիոյ մէջ։ Այս ամէն պարագաները գրեթէ նոյնութեամբ կը կրկնուին Եւսեբիոսի (ԵՒՍ. 63-75) եւ Խորենացիի կողմանէ ալ (ԽՈՐ. 107)։ Բայց շարունակութեան մէջ իրարմէ կը տարբերին։ Եւսեբիոս Թադէոսի վախճանին վրայ բնաւ չի խօսիր, Լաբուբնիա զայն Եդեսիոյ մէջ մեռած եւ թաղուած կը պատմէ։ Իսկ Խորենացի զայն Եդեսիայէն մեկնած եւ Արտազ եկած կ’ըսէ (ԽՈՐ. 108)։ Երբոր Լաբուբնիա կը յիշենք, կը նկատենք անոր ասորերէն օրինակը, որ վերջերս գտնուած է, եւ ոչ հայերէն թարգմանութիւնը, որ բոլորովին համաձայն է Խորենացիի յիշած ուղեւորութեան։ Շատեր աւելորդ կը համարին այդ տարբերութեան վրայ անդրադառնալ, բոլորովին իսկ կարեւորութենէ զուրկ համարելով Աբգարու Եդեսիոյ դարձին պատմութիւնը. սակայն մենք պէտք կը զգանք փոքրիշատէ սոյն կէտը լուսաբանել, Հայոց եկեղեցւոյն առաքելականութեան կէտը տեսնելով այդ խնդրին մէջ։
0 կարծիք