Բայց այս վիճակը չէր կրնար յարատեւել։ Եկեղեցական պաշտօնէութիւնն ու նուիրապետութիւնը անհրաժեշտ են քրիստոնէական կեանքինհամար, եւ Տրդատ ալ պէտք զգաց թէ հովուապետ մը ունենալու են, եւ եկեղեցական պաշտօնէութեան մը կազմակերպելու են, որովհետեւ ինքզինքը քրիստոնեայ կարծող բազմութիւնը՝ տակաւին ոչ մկրտուած էր եւ ոչ ալ հոգեւորական մխիթարութիւն կը վայելէր։ Այդ մասին կ’երեւի թէ Աշխէն թագուհին եւ Խոսրովիդուխտ արքայաքոյրն ալ դեր ունեցած են, որ յանուանէ կը յիշատակուին (ԱԳԹ. 412)։ Ընտրելի անձին վրայ վարանման տեղի չկար, Տրդատ ալ իր նախաձեռնութեան մէջ անկաշկանդ էր, բայց տակաւին հարկ եղաւ երկրին մեծամեծները ժողովի գումարել հովիւ ու առաջնորդ մը ընտրելու համար։ Այդ ընտրողական գործողութիւնը նշանաւոր է այնու, որ մեր ազգային եկեղեցւոյ հնաւանդ օպէնքը կը հաստատէ, եւ եկեղեցական պաշտօնէից ընտրութեան մէջ ժողովրդական ձայնին անհրաժեշտութիւնը կ’ապացուցանէ։ Ընտրեալը ձեռնադրուելու համար պատշաճ համարուեցաւ յղել Կեսարիա, եւ Տրդատ հրովարտակ մըն ալ գրեց Ղեւոնդիոս արքեպիսկոպոսին, իբր ընծայագիր ի դիմաց ազգին, եւ թագաւորական հանդերձանքներով եւ 16 նախարարներու ընկերակցութեամբ զայն ճամբայ հանեց։ Ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ Կեսարիոյ մէջ ժողովով եպիսկոպոսաց, եւ Գրիգոր հետզհետէ ստացաւ զպատիւ խոնարհութեան քահանայութեան, եւ զբարձրութիւն եպիսկոպոսութեան (ԱԳԹ. 420), որ է ըսել թէ՛ պարզ քահանայութեան եւ թէ՛ եպիսկոպոսութեան ձեռնադրութիւնները։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք