ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐ (202)

Գիրի վերջնական գիւտէն՝ 406-ին, մինչեւ Խոսրովի մահը՝ 415ին, երկրին խաղաղ կառավարութեան ատեն, Սահակ պատեհ գտաւ Հայաստանի պարսկական բաժնին մէջ ընդարձակել Հայ լեզուի ուսուցումը, եւ բարեկարգել հայ ծէսով կատարուած արարողութիւնները։ Երկիրը նոր ոգի եւ նոր պայծառութիւն ստացաւ, զոր լիաբերան գովեստներով կը հռչակէ Փարպեցին՝ մարգարէական պատգամը կրկնելով (ԵՍՍ. ԺԱ. 9), թէ՝ լցաւ երկիրս ամենայն Հայոց գիտութեամբ Տեառն ի հոգեւոր վտակաց սուրբ հայրապետին Սահակայ, իբրեւ զջուրս բազումս որ ծածկեն զծովս (ՓԱՐ. 18)։ Սակայն այդ ամենայն միայն պարսկական բաժնին մէջ կը կատարուէր, որովհետեւ յունական բաժնին մէջ իրաց կացութիւնը փոխուած էր։ Թէոդոս Մեծի մահըունէ ետքը 395-ին, Արկադիոս եւ Անորիոս բաժնած էին կայսրութիւնը, եւ Արկադիոս պահած էր իր հօր կարգադրութիւնները Արեւելքի մէջ, բայց երբ Արկադիոս մեռաւ 408-ին, եւ Թէոդորոս Բ. Փոքրն 7 տարեկան կայսր հռչակուեցաւ, Անթեմիոս խնամակալ փոփոխութիւններ ըրաւ գաւառական վարչութեանց մէջ եւ Հայաստանի յունական բաժինը այլեւս ոչ հաւատաց Վռամշապուհի, այլ ինքեան գործակալօք կալաւ (ԽՈՐ. 247)՝ յոյն կոմսեր նշանակելով իբր կուսակալ։ Հոգեւորական վարչութեան ալ ձեռներէց եղաւ, որով հայ գաւառները տուգանեցան, վիճակեալ յաթոռն Կեսարու, եւ պարտաւորեալ եղան վարիլ յունական դպրութեամբ (ԽՈՐ. 248)՝ չկրնալով օգտուիլ նորոգ սկսուած հայկական դպրութենէն։ Սահակ պարսկական բաժնին աշխատութիւններով զբաղած, չկրցաւ գործնական ակնարկ մը դարձնել այս կողմ, մինչեւ Շապուհ արքայորդւոյն Հայոց թագաւոր անուանուիլը։ Ասոր ժամանակ ամենայն ինչ տակնուվրայ եղաւ, կարգ ու կանոն խանգարուեցաւ, նոյնիսկ Սահակի ճիգերը սկսան անպտուղ մնալ, Պարսիկ հեթանոս թագաւորէն այլեւս պաշտպանութիւն չէր գտներ, անգլուխ եւ պառակտեալ նախարարներէն դժուար կ’ըլլար զօրաւոր հովանաւորութիւն քաղել, հետեւապէս մտածեց Սահակ պահ մը տեղի տալ, եւ պարագայէն օգտուելով յունական բաժնին վրայ դարձնել իր մտադրութիւնը։ Տարիէ աւելի կը հաշուենք Սահակի պարսկական բաժնին մէջ մնալը Շապուհի ժամանակ, եւ մերձաւորաբար 417-ին կը դնենք Սահակի յունական բաժին անցնիլը։ Իրեն կ’ընկերանային իր ամոլակիցը Մեսրոպ, աշակերտներէն բազմութիւն մը (ԽՈՐ. 233), եւ իր թոռները Վարդան ու Հմայեակ ու Համազասպեան, վախճանեալ Համազասպ սպարապետին զաւակները։ Հեթանոս թագաւորին ընթացքէն ցաւած, եւ քրիստոնեայ տէրութեան վրայ մեծամեծ յոյսեր դրած, կ’անցնէր Սահակ սահմանագլուխը, բայց մեծ յուսախաբութեան դիմաց գտնուեցաւ, որովհետեւ Անատոլիոս, որ Պոնտական եւ Հայկական գաւառներու մեծ բդեշխն էր, յայտնի կերպով արգիլեց Սահակի հայերէն գիր ու դպրութիւն ուսուցանել, մինչեւ որ յատկապէս կայսերական կառավարութենէն արտօնութիւն չհասնէր։ Սահակ պարտաւորուեցաւ արտօնութիւն ձեռք ձգելու աշխատիլ։ Յատուկ գիր մը գրեց Թէոդոս կայսեր, բացատրեց իր միտքը եւ իրեն դէմ դրուած արգելքը, եւ խնդրեց, որ իբր Հայոց կաթողիկոս յունական բաժնին վրայ ալ իր բացատրութիւնը ճանչցուի եւ հայերէն ուսումները չարգելուին։ Գիր մըն ալ գրեց Կոստանդնուպոլսոյ Ատտիկոս պատրիարքին, որպէսզի թագաւորին մօտ բարեխօսէ եւ իր առաջարկութեանց կատարմանը օգնէ (40)։ Մեսրոպն ու Վարդանը, եւ Դերջանու Գնիթ եպիսկոպոսը, իբր պատգամաւորներ որոշեց եւ Անատոլիոսէ ալ խնդրեց, որ պատգամաւորութեան ուղեւորութիւնը դիւրացնէ։ Իսկ մինչեւ պատգամաւորութիւնը Բիւզանդիոնէ դառնայ, ինքն ալ քաշուեցաւ Մելիտինէ քաղաքը, մէկտեղ բերած աշակերտներովը, որոնց գլխաւորն էր Ղեւոնդ Վանանդեցին, եւ հիւր մնաց Ակակիոսի, որ Երկրորդ Հայոց մետրապոլիտն էր (ԽՈՐ. 252)։ Պատմիչը կը գրէ, թէ՝ մինչեւ ի ձեռն փոփոխ ընթացից գրով զգացուցանել կայսերն, եւ թէ առնու հրաման արժանապէս առաքել փութով (ԽՈՐ. 253), որով կը ցուցնէ թէ Անատոլիոս հարկ տեսաւ մինչեւ իսկ պատգամաւորութիւնը ճամբայ հանելու համար նախապէս Բիւզանդիոնէ հաճութիւն ստանալ։ Իսկ Սահակ հարկաւ բոլոր ատենը Մելիտինէի մէջ չկրցաւ փակուիլ, այլ պէտք ունեցաւ ստէպ Անատոլիոսը տեսնել, եւ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսին հիւրասիրութիւնը վայելել, որ էր Փիրմոս, յաջորդն Հելլադիոսի, յաջորդին Բարսեղի։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...