Սահակի գալուստը մխիթարական ակնկնլութեանց նշան մը եղաւ ամենուն։ Հազիւ թէ հայրապետանոց հասած, գլխաւորներուն խորհուրդով համազգային ժողով մը կը հրաւիրէ եւ կուտեալ զամենայն նախարարազունսն խորհրդակցութեան կը մտնէ, թէ ինչ կերպով պիտի յաջողին երկրին բարեկարգութիւնը նորոգել։ Միաձայն հաւանութեամբ կը հաստատուի նորէն հայ Արշակունի տոհմէն թագաւոր մը ունենալ, եւ ընտրութիւնն ալ շատ չ’երկարիր, որովհետեւ Վռամշապուհի որդիէն, Արտաշէսէն զատ մէկը չկար եւ այն ալ արդէն 18 տարեկան երիտասարդ մը եղած էր։ Որոշումնին գիրի կ’առնեն, որպէսզի Վռամին ներկայացուի, միանգամայն կը յաւելուն ինչ ինչ պայմաններ ապագայ խաղաղութիւնը ապահովելու, որոնց գլխաւորն էր փակում մը անցեալ եղելութեանց, առանց անոնց վրայ անդրադառնալու կամ պատասխանատուութիւններ փնտռելու։ Սմբատ Բագրատունի եւ Վարդան Մամիկոնեան պատգամաւոր կ’ընտրուին, որոնք պատշաճ հետեւորդներով կը մեկնին Տիզբոն։ Վռամ Ե. մեծապէս գոհ կը մնայ, որ իր մտադրութիւնը անհակառակ ընդունելութիւն կը գտնէ, կը հաւանի բոլոր առաջարկներուն, Արտաշէսը թագաւոր կը հռչակէ, անոր Պահլաւիկ անունը Սասանեան կոչումով Արտաշիրի կը փոխէ, հաշտութիւնը կը հաստատէ, եւ մուրհակ մոռացման յանցանաց կնքէ։ Բոլոր մատակարարութիւնը եւ զինուորական հրամանատարութիւնը հայ թագաւորին եւ հայ նախարարներուն կը թողու, առանց պարսիկ վերակացուի (ԽՈՐ. 256)։ Նշանակելիէ մուրհակ մոռացման բացատրութիւնը, փոխանակ ներման բառը գործածելու, որ իր մէջ ստորնացուցիչ ակնարկ մը ունի, ուստից հեռանալու համար մեր օրերը մոռացման բացատրութիւնը իբրեւ նոր գիւտ մը գործածուեցաւ, մինչ 15 դարեր առաջ մերիններուն ծանօթ եղած լինելը կը տեսնուի։ Արտաշէս-Արտաշիրի թագաւորութիւնը պիտի նշանակենք 422ին։ Տակաւին անչափահաս կը նկատուէր 18 տարեկան թագաւորը, եթէ ոչ օրինօք, գոնէ իրօք, եւ խնամակալի պէտք ունէր։ Այս անունով մէկ մը պաշտօնապէս չեղաւ։ Միայն բարոյական պատասխանատուութիւն մը Սահակի վրայ ծանրացաւ, որպէսզի հսկէ ու առաջնորդէ իր պաշտպանած անփորձ թագաւորը։ Դժբախտաբսար Արտաշէս չեղաւ ինչ որ Վռամշապուհի մը որդիէն կը սպասուէր, եւ ինքզինքը տուաւ անկարգութեանց։ Պատմագիրները տխուր գոյներով կը նկարագրեն զինքը, թէ՝ էր այր մանուկ եւ իգամոլ, թէ՝ բազում անառակութեամբ վարէր զթագաւորութիւնն, թէ՝ զեղխ եւ մոլեկան վարուց կը հետեւէր (ՓԱՐ. 19), եւ թէ՝ սկսաւ անհուն ողողանել յանառակ ցանկութիւնս (ԽՈՐ. 262)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք