Բայց ի՞նչ էին Դանիէլեան նշանագիրերը, որք իբրեւ բարեբախտ գիւտ մը ողջունուեցան այն ատեն։ Շատ տեսակ ենթադրութիւններ եղած են շատերուն կողմէ, առանց կարենալու վերջնական հաստատուն կռուանի մը վրայ հանգչելու, քանի որ սկզբնական պատմիչներէն ոչ մէկը գոհացուցիչ բացատրութիւն մը չէ դրած։ Ոմանց համար հին Հայ տառեր էին, որք մոռացութեան մատնուած էին, ուրիշներուն համար հին փիւնիկեան տառեր էին, գործածութենէ ինկած, ըստ այլոց Դանիէլէ յարմարցուած նորահնար ձեւեր էին ասորերէնի հետեւողութեամբ։ Խորենացին կ’ըսէ, թէ` նշանագիրեր էին կարգեալ ըստ ձեւոյ յունականին՝ զվաղնջուց գտեալ նշանագիր տառից (ԽՈՐ. 245), որ առեղծուածի պէս անմեկնելի կը մնայ։ Իսկ Փարպեցին աւելի յստակ կերպով կ’ըսէ, թէ` Մեսրոպին ըրածն էր՝ կարգել զվաղնջուցն գրեալ շարագիրս տառիցն, զորս ոչ ուրուք էր հոգացեալ արկանել ի կիր (ՓԱՐ. 16)։ Իբր ըսէր, թէ հինէն մնացած եւ անգործածական թողուած տառեր կային, զորս Մեսրոպ յունական ալփաբետի առաջնորդութեամբ՝ կարգի կանոնի վերածեց։ Բայց քանի որ մենք պատմութեան միայն կը հետեւինք, բանասիրական խնդիրներու մէջ ընդարձակուիլը գրագէտներու կը թողունք։ Բայց ինչ որ ըլլայ այդ մասին ստուգութիւնը, Դանիէլեան նշանագիրները Հայ դպրութեան սկզբնաւորութիւնը նուիրագործեցին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք