ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (102)

Յուսիկի կեանքին համար նորօրինակ պարագաներ կը պատմէ Բուզանդ, զորս յիշել աւելորդ չենք համարիր տեղեկութիւնները ամբողջացնելու համար։ Ամուսնական առաջին գիշերն իսկ կը յղանայ Յուսիկի կինը. Յուսիկ տեսիլ կը տեսնէ թէ յղացեալներ երկուորեակ են, եւ երկուքն ալ Աստուծոյ պաշտօնեաներ պիտի չըլլան։ Այդ պարագան զինքը կը տխրեցնէ, եւ ամուսնացած ըլլալուն կը զղջայ, որովհետեւ միայն իր պապին սերունդէն պաշտօնէից չպակսելուն համար ամուսնացած էր։ Երբոր երկուորեակները ծնան, մէկուն անունը դրին Պապ, հարկաւ պապենական անունը կրկնած ըլլալու համար, եւ միւսը Աթանագինէս, որ թէ տղոց նախնիք կը նկատուէր, եւ թէ նշխարներուն բերուելովը ազգային անունի կերպարան առած էր։ Բայց Յուսիկ տեսիլքին տպաւորութեան ներքեւ այլ ոչ եմուտ առ կինն իւր, եւ քաշուած ու կրօնաւորական կեանք կ’անցընէր, եւ այս պատճառաւ կինը կը ցաւէր, եւ թշնամացեալ էր տուն թագաւորին Յուսիկի դէմ։ Բայց կինը շուտով մեռավ, եւ Յուսիկ աներանց բռնադատութենէն ազատեցաւ, եւ նոր տեսիլք մը զինքը մխիթարեց, որ անարժան զաւակներէն արժանաւոր թոռներ պիտի ունենայ (ԲԶՆ. 12)։ Այսպէս անցան Տրդատի վերջին օրերը եւ Խոսրովի թագաւորութեան ժամանակը։ Բուզանդ ամուսնութեան ժամանակէն Խոսրովը թագաւոր կ’անուանէ (ԲԶՆ. 10), եւ թէ ուզենք Բուզանդի բառերուն ոյժ տալ, կրնանք հետեւեցնել, թէ Տրդատի կեանքին վերջին մասին մէջ, Խոսրով հօրը հետ թագաւորակից կը նկատուէր եւ հօրը օգնական էր թագաւորութեան գործերուն մէջ. բայց շատ պնդելու պէտք չենք զգար, վասնզի մենք ալ չենք համարձակիր ըսել, թէ Բուզանդ այդչափ ճշդաբանութեան հետեւած ըլլայ։ Երբոր Վրթանէս մեռաւ, երրորդ տարին էր որ Տիրան իր հօր Խոսրովին յաջորդած էր, եւ Կոստանդնուպոլսէ դարձած, եւ իր գահուն վրայ ամրացած էր։ Մոռցա՞ծ էր արդեօք այն պաղութիւնն ալ որ իր եւ իր քեռայր Յուսիկին մէջ տեղի ունեցած էր՝ վերջինիս յարուցած ընտանեկան խնդրով։ Դժուար է ճիշդը մակաբերել, բայց ինչ որ ալ ըլլար, ազգին կամքն էր Լուսաւորչի թոռը իրեն եպիսկոպոսապետ ունենալ, եւ Տիրան չէր կրնար այդ փափաքին դէմ դնել, եւ Յուսիկի կաթողիկոսութիւնը արգելուլ։ Պատմական յիշատակներ բնաւ ակնարկ մը չունին թէ Յուսիկ արդէն եկեղեցական պաշտօնէութեան մտած ըլլայ, եւ Բուզանդի ըսելը թէ Յուսիկ զքրիստոսեան լուծն առանց ամենայն յապաղութեան ձգէր (ԲԶՆ. 12). պարզ կրօնաւորութեան համար ըսուած է, որ եկեղեցական ձեռնադրութիւն ընդունի։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ԱՆՏՈՆ ԵՒ ԿՐՕՆԻԴԷՍ (109)

ԱՆՏՈՆ ԵՒ ԿՐՕՆԻԴԷՍ – Անտոն և Կրօնիդէս ճգնաւորների մասին․

Այդ միջոցին պէտք է դնել երկու նշանաւոր ճգնաւորներուն անունները, որոնք կրնան կրօնաւորական կեանքի նախատիպարը ըսուիլ մեր ազգին մէջ։ Անտոն եւ Կրօնիդէս բնիկ Կեսարացի էին, եւ Լուսաւորիչի այն կողմերէն բերած կրօնաւորներուն եւ եկեղեցականներուն մէջ աւելի նշանաւորներ՝ իրենց սրբակրօն ճգնութիւններով։

ՊԱՊ ԵՒ ԱԹԱՆԱԳԻՆԷ (108)

ՊԱՊ ԵՒ ԱԹԱՆԱԳԻՆԷ – Յուսիկ կաթողիկոսի զաւակները․

Բայց անլոյծ կը մնար հայրապետական աթոռին յաջորդութիւնը, զոր պէտք էր կերպով մը կարգադրել, համաձայն ազգային ըմբռնման, որ տակաւին չէր զատուէր ժառանգական յաջորդութեան գաղափարէն։ Յուսիկ երկու զաւակներ ունէր, որոնց ծնունդը 313-ին դնելով, իրենց հօրը մահուան տարին, 347-ին, 34 տարեկան ժիրուժիր երիտասարդներ էին, որք իրենց հօրը նախկին դիրքէն եւ իրենց արքայազարմ մօրմէն օգտուելով, թագաւորական պալատին մէջ ապրած ու յառաջացած էին։

ԴԱՆԻԷԼ ԱՍՈՐԻ (107)

ԴԱՆԻԷԼ ԱՍՈՐԻ – Դանիէլ Ասորին կաթողիկոսական գահի թեկնածու․

Հարկաւ Տիրան ինքն ալ զգացուեցաւ, երբոր բորբոքեալ զայրոյթը անցաւ։ Անշուշտ չկրցաւ անտարբեր մնալ, երբոր Թորդանէ եկող գուժկանը՝ Յուսիկի մեռնելուն լուրը բերաւ։ Գուցէ եւ կեղծուպատիր վշտակցութեան եւ տարաժամ համակրութեան նշաններ ալ ուզեց տալ, զինք չքմեղելու, եւ Լուսաւորիչի թոռը սպաննած լինելու եղեռնական արատէն ինքզինքը արդարացնելու համար ազգային ընդհանուր մեղադրանաց առջեւ։