ՔԱՐՈԶՈՒԹԵԱՆՑ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ (13)

13. Ուրիշ ժամանակագրական խնդիր մըն ալ ծագում կ’առնէ առաքեալներուն Պաղեստինէ ցրուելուն եւ հեթանոս երկիրներ քարոզելուն թուականէն. վասնզի թէ հաւանական չ’երեւիր եւ թէ ընդհանրապէս ընդունուած չէ, որ Քրիստոսի համբարձումէն անմիջապէս ետքը հեթանոսաց առաքելութիւնները սկսած ըլլան. եւ այն ալ նոյն իսկ Գալիլիացի առաքեալներուն ձեռքով։ Այդ դրութիւնը ընդունիլ հարկ կ’ըլլար եթէ պնդէինք, թէ Լաբուբնիայի պատմութեան համեմատ, անմիջապէս յետ վերանալոյ Քրիստոսի յերկինս առ Հայր իւր, Թադէոս Եդեսիա եկաւ (ԼԱԲ. 6), թէ սորա քարոզութիւնը սկսաւ 35-ին եւ տեւեց մինչեւ 43, եւ թէ Բարթողիմէոս անմիջապէս յաջորդեց, եւ նահատակուեցաւ 60-ին, կամ առ առաւելն 66-ին, ինչպէս սովորաբար կը դրուի։ Այդ մասին ալ մենք չենք ուզեր որոշիչ ոյժ մը ճանչնալ թուականներու խնդրոյն վրայ։ Եթէ ուզենք Հայոր լուսաւորութեան եղելութիւնը նկատել անկախաբար Լաբուբնեան աւանդութենէն եւ Եդեսեան յարաբերութենէն, եւ եթէ ոյժ տանք, Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի միանգամայն Հայաստան գտնուելուն, ինչ որ Օթեաց Խաչին աւանդութեան հետեւանքն է, կրնանք ամենայն դիւրութեամբ յետաձգել Թադէոսի քարոզութեան թուականը, եւ իրարու մերձաւոր նկատել Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի նահատակութիւնները։ Այս կերպով ոչ մի ընդհարում չենք ունենար ընդհանուր առաքելական գործերուն հետ, եւ Հայոց առաքելական քարոզութեան ստուգութիւնը եւ առաքելական հայրապետութեան դրութիւնը ոչ մի տկարութիւն կրած չեն ըլլար, եթէ հինգ կամ տասը տարի յետաձգուին ալ։ Ազգային պատմութեան մէջ կը յիշուի Արտաշէսի կնոջ Սաթենիկի ազգականներէն Սուքիասի եւ ընկերաց նահատակութիւնը, նոյնինքն Արտաշէսի ատեն, որ մտածել կուտայ թէ հալածանքներ տեղի ունեցած են անոր ժամանակ։ Մեր Արտաշէսին ալ Հռոմայեցի պատմիչներուն Տրդատին հետ նոյնացումը, եւ այս վերջնոյս տրուած 53-76 թուականը, շատ լաւ կը յարմարին ըսելու, թէ այդ միջոցներուն կրցան տեղի ունենալ առաքեալներուն ալ նահատակութիւնները իրենց գտնուած նահանգներուն մէջ, հարաւային կողմնակալին ձեռքով եւ թագաւորական ընդհանուր հրամանով։ Չէ՞ որ Տրդատն ալ Հռոմ գացած է Ներոնէ պսակուելու, եւ գիտակ եղած է Ներոնի ընթացքին եւ քրիստոնէից հալածանքներուն։ Բայց մենք չենք ուզեր աւելի պնդել այդ մասին, զի ինչպէս ըսինք, անուններու եւ թուականներու խնդիրները զօրութիւն չունին հաստատուն աւանդութեամբ վկայուած եղելութիւն մը ջնջելու։ Եթէ ոմանց համար շատ զօրաւոր չ’երեւիր Հայոց եկեղեցւոյն առաքելական հանգամանքը, հարկ կը սեպենք դիտել տալ, թէ աւելի զօրաւոր չեն ուրիշ եկեղեցիներուն առաքելականութեան աւանդութիւններն ալ, եւ նոյնիսկ Պետրոսի Հռոմ երթալուն պատմութիւնը եւ Յովհաննէսի Եփեսոս գտնուած լինելը, քննադաններէ իբր անվիճելի ստուգութիւններ չեն նկատուիր, թէպէտ եւ լատինական եւ յունական եկեղեցիներ այդ աւանդութեանց վրայ կը հիմնեն իրենց առաքելականութիւնը։ Եթէ յունահռոմէական աշխարհին գործերն ալ պարզ կամ տկար աւանդութիւններով կ’որոշուին, ո՜րչափ եւս առաւել Արեւելքին եւ ներքին արեւելքին եւ այբուբենէ զուրկ Հայաստանին եղելութիւնները (6)։

Հատկորոշիչներ՝ Առաքեալ, քարոզութիւն

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...