Քաղաքային կացութիւնը բաւական ատեն էր, որ հանդարտ կ’անցնէր, Տիրանի Յունաց օգնութեամբ գահ դառնալէն ետքը։ Շապուհ չէր ուզած նոր խնդիր յուզել այն կողմերը, եւ պատերազմներու դաշտը փոխադրուած էր Միջագետք, հայկական երկիրներէն դուրս։ Այս միջոցին էր Մցբինի պաշարումը, ուր Շապուհ ձախողեցաւ, եւ Յակոբ հայրապետի քաջալերիչ գործունէութիւնը եւ սքանչելեաց օգնութիւնը Մծբինը ազատեցին 350-ին։ Ճիշդ այդ տարին Շապուհը իր մտադրութիւնը դարձուց Հայերուն կողմը, եւ ուզեց վրէժ լուծել Տիրանէն, որ իր կամքին դէմ յաջողած էր թագաւորել Յունաց պաշտպանութեամբ։ Բռնութեան դէմ խարդախութիւնը ձեռք առաւ, եւ Տիրանը բարեկամաբար իրեն հրաւիրեց հանրային գործարու վրայ խորհելու համար։ Այդ նպատակին գործադիր նշանակուեցաւ Վարազշապուհ, Ատրպատականի մարզպանը, եւ սա օգտուեցաւ Տիրանի սենեկապետ Փիսակ Սիւնիի նենգութենէն։ Տիրանի սեփականութիւն եղող ճարտուկ ճանճկէն հոյակապ ձիու մի պատմութիւնը, երկրորդական պարագայ մըն է այս եղելութեան մէջ (ԲԶՆ. 50)։ Տիրան կը խաբուի, եւ Շապուհը կը բանտարկուի երկու աչքերը կուրցնելէ ետքը։ Մեր պատմիչները այդ կուրացումը իբրեւ աստուածային պատիժ կը նկատեն, եկեղեցւոյ երկու լուսաւորները՝ Յուսիկն ու Դանիէլը, խաւարեցուցած, այսինքն սպաննած ըլլալուն համար (ԽՈՐ. 203)։ Շապուհ կը կարծէր այդ կերպով Հայստանը նուաճել, այլ Հայ նախարարներ մեծամասնութեամբ Պարսիկներուն դէմ զինուեցան, եւ Անդովկ Սիւնին ու Արշաւիր Կամսարականը, պատգամաւոր յղեցին Կոստանդ կայսրէր օգնութիւն խնդրելու (ԲԶՆ. 55)։ Հայոց եւ Յունաց բանակներ յաջողեցան Պարսիկներու դէմ, որք կատարելապէս կազմ ու պատրաս ալ չէին, ենթադրելով որ մեծ ոյժ մը պիտի չգտնեն դիմացնին։ Բուզանդ կ’ըսէ թէ Կոստանդ անձամբ եկած էր, եւ կաղամբավաճառի ձեւով Պարսից բանակը լրտեսած էր, եւ թէ պատերազմի մէջ Շապուհի կիներն ու գանձերն ալ գերի ինկան, եւ թէ ինքն ալ հազիւ կրցաւ միաձի ճողոպրիլ (ԲԶՆ. 50)։ Շապուհ հաճեցաւ Տիրանը եւ Հայոց թագաւորութիւնը ազատ եւ ապահով թողուլ, բայց միայն որ չէզոք դիրք մը պահէ Յունաց եւ Պարսից մէջ։ Տիրան, թէպէտ ազատած, բայց կուրացեալ ըլլալով, այլեւս չէր կրնար թագաւորութիւնը վարել, անդրանիկն Արտաշէս մեռած էր (ԽՈՐ. 199). ուստի թագաւորութիւնը ինկաւ երկրորդին՝ Արշակի, մինչ երրորդ որդին՝ Տրդատ, պատանդ կը մնար ի Բիւզանդիոն։ Երկիրը խաղաղեցաւ 351-ին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք