ՏԵՍԻԼՔԻՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ (182)

Սահակի տեսիլքին պարունակութիւնը կրնանք այսպէս համառօտել։ Մեծ խորան մը, ճերմակ կտաւով ծածկուած, վրան լուսաւոր խաչ, խորանին մէկ փեղկը կը բացուի, եւ կը տեսնուի սեղան մը, վրան հաց եւ ողկոյզ, մօտը ձիթենի մը չորս ոստերով, երեքը մեծութեամբ ու պտղաբերութեամբ իրարու նման, եւ չորրորդը տարբեր։ Սեղանին միւս կողմը աթոռ մը թխագոյն կտաւով պատած, եւ աթոռին վրայ սկտեղի մը մէջ ծալլուած նափորտ մը եւ ոսկի գունտ մը, ու մագաղաթ մը, որուն վրայ քանի մը տողեր ոսկետառ գրուած են, եւ քանի մը տողեր ալ ջնջուած, դարձեալ տողուկէս ոսկետառ գրուած, եւ մնացածը կարմրադեղով լրացած։ Աթոռին շուրջը բոլորած են բազմաթիւ մանչ ու սակաւաթիւ աղջիկ տղաքներ։ Նոյն պահուն յանկարծ շարժ մը կ’ըլլայ, աթոռն ալ կը սկսի տատանիլ, շուրջը եղող տղայք կ’աճին ու երիտասարդներ կ’ըլլան, եւ գետնէն սեղանին վրայ կ’ելլեն, սեղանէն ալ երկինք կը բարձրանան, եւ տեսիլքը կը վերջանայ։ Երբ Սահակ շփոթած կը մնար, լուսեղէն մէկ մը կ’երեւի իրեն, որ կը սկսի քաջալերական խօսքեր ընել, եւ տեսիլքին մեկնութիւնը կու տայ։ Առաջին մասերը ընդհանուր իմաստներ են եւ աստուածային խորհրդոց վրայ, շարժին համար կ’ըսէ, թէ՝ ցուցանէ զծփումն ալեկոծութեան աշխարհիս Հայոց, մագաղաթին առաջին տողերը Լուսաւորչի ցեղէն հայրապետներ են, ջնջադիր տողերը անարժան հայրապետներ, նորէն՝ ոսկեգիրը կը ցուցնէ, թէ նորոգի աթոռ հայրապետութեան ի շառաւիղէ սրբոյն Գրիգորի։ Տղայոց բազմութեան տրուած մեկնութիւնը կ’ակնարկէ այն շառաւիղներուն, որ պիտի ելնէին յարգանդէ զաւակիդ, եւ որք աստուածահաճոյ գործերով երկինք պիտի բարձրանան (ՓԱՐ․, 29-36)։ Այդ համառօտ ամփոփումը կը բաւէ ցուցնել, թէ տեսիլքը բովանդակ կը դառնայ մերձաւոր ժամանակներու եղելութեանց վրայ, թէ վերստին Լուսաւորչի ցեղէն հայրապետը՝ ինքն, Սահակն է, եւ թէ իրէն արգանդէն յառաջ եկած բազմութիւնն ալ, Վարդան եւ Վարդանով եւ ժամանակակից խոստովանողներն են, սակաւաթիւ նախարարազուն խոստովանուհիներով մէկտեղ։ Աւելի հեռու ժամանակներու կամ երկրորդ Պահլաւունեաց վրայ ակնարկ մը չենք տեսներ այդ տեսիլքին մէջ։ Ինչ որ ընդհանրապէս տեսիլքներուն համար կ’ըսուի, ասոր համար ալ կրկնուած է, թէ՝ եղելութեանց կատարուելէն ետքը յերիւրուած է։ Բայց այդ առթիւ, կամ պէտք էր Փարպեցին մեղադրել, եւ կամ Սահակը առասպելաբան մը համարիլ, եւ մենք փաստ մը չունինք ոչ մէկն ըսելու, եւ ոչ միւսը հաստատելու։

Հատկորոշիչներ՝ կաթողիկոս, Պարթև, Սահակ, տեսիլք

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...