Խաղաղական միջոց մը եղաւ Վռամշապուհի թագաւորութիւնը։ Իրաւ պարագաներն ալ յաջող եղան, սակայն խոհական ընթացքն ալ իր բաժինը ունեցաւ, որովհետեւ ճշմարիտ արժանեաց արդիւնքն էր՝ բաժանեալ եւ պառակտեալ հայրենիքը համաձայնութեան մէջ պահել, եւ երկու նախանձընդդէմ պետութիւնները գործածել, առանց կասկածանք յարուցանելու։ Խոհականութեան արդիւնքն ալ աննշանակ չեղաւ, որովհետեւ Վռամշապուհի անունն ալ կապուած մնաց գիրի գիւտին եւ գրականութեան զօրանալուն հետ։ Վռամշապուհ ալ յաջողեցաւ այդ բարօրութեան ատենը անփորձ եւ անխախտ անցընել, մինչեւ իր մահը։ Վռամշապուհի թագաւորութիւնը 21 տարի ըսուած է սովորաբար (ԽՈՐ. 248)։ Բայց Փարպեցին այդ թուականը յիշած ատեն բառ մը կ’աւելցնէ, թէ` եկաց յետ այսորիկ թագաւորն Վռամշապուհ ամս քսան եւ մի, թէպէտ ոմանք ամս բազումս կը կարդան (ՓԱՐ. 18)։ Շեշտուած «յետ այսորիկ»-ը նախընթաց եղելութեան մը կը կապուի, եւ նախընթացաբար ունինք Մեսրոպի կրօնաւորիլը յամս հինգերորդ արքային Հայոց Վռամշապհոյ (ՓԱՐ. 13), որով իրաւունք կը զգանք երկու մասերը իրարու գումարելով 26 տարի տալ Վռամշապուհի թագաւորութեան։ Այդ ենթադրութեամբ պէտք չենք ունենար մերթընդմերթ ընդհատ անիշխանութիւններ ենթադրելու, ինչպէս ուրիշներ կը բռնադատուին ընել առանց հիման, որպէսզի կարենան եղելութեանց կշիռը պահպանել, զոր մենք աւելի դիւրութեամբ կը պահենք Վռամշապուհի ժամանակը երկարելով, եւ այն ոչ քմահաճ դրութեամբ։ Վռամշապուհի թագաւորութիւնը սկսած էր 389ին, որով վերջը կ’իյնայ 414ին։ Մահը եղաւ հասեալ ի յերկար ծերութիւն եւ խաղաղական հանգստիւ (ՓԱՐ. 18), եւ հարկ կը լինի գոնէ 70 տարեկանէ վեր վախճանած կարծել (39)։ Վռամշապուհ միայն Արտաշէս անուն տասնամեայ որդի մը թողուց (ԽՈՐ. 248), որ թագաւորելու յարմար չէր, եւ Սահակ յանձն առաւ անձամբ Տիզբոն երթալ, եւ Յազկերտ Ա. թագաւորը հաճեցնել, որպէսզի ներէ Խոսրովի նորէն թագաւորութիւնը ստանձնել, որ Սահակի առաջին անգամ Տիզբոն երթալէն ի վեր լուծեալ պահեցաւ արձակ յԱնյուշն բերդի (ԽՈՐ. 249)։ Յազկերտ հաւանեցաւ, եւ Խոսրով բանտէն գահ բարձրացաւ, բայց այլեւս յոյժ ծեր էր, քանի որ երկար ծերութեան հասնող Վռամշապուհի մեծ եղբայրն էր, եւ հազիւ կեցեալ ամիսս ութ վախճանէր (ՓԱՐ. 18), կամ ինչպէս ուրիշ մը կը գրէ՝ ի կրկնում թագաւորեալ ամ մի (ԽՈՐ. 249)։ Տարիքն ալ ժամանական ալ չէին ներեր Խոսրովի գործունէութիւն մը ցոյց տալ, եւ իր օրերն ալ՝ Վռամշապուհի օրերուն շարունակութիւնն եղան առանց նորութեան, եւ կարծես թէ միայն փառօք գերեզման իջնելու համար՝ վերստին գահ բարձրացաւ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք