ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐ (26)

Վերագոյնդ (§ 23) յիշեցինք Սուքիասեան վկաներուն դարձը սուրբ Ոսկեանց քարոզութեամբ։ Ասոնք ազգաւ Ալան, եւ Սաթենիկ թագուհիի ազգականներէն, ու Արտաշէսի պալատին ազնուականներէն էին, որոնք մկրտւելէ ետքը պալատը թողուցին, ու Ջրաբաշխ լեռը քաշուելով, ճգնաւորական կեանք վարեցին, յորդաբուխ աղբիւրի մը մօտերը, եւ 44 տարի շարունակեցին այդ կրօնաւորական կեանքը (ՍՈՓ. ԺԹ. 59, 63)։ Մերձաւոր հաշւով մը կը հասնինք Ատրներսէհի հայրապետութեան վերջերը, եւ աս ալ կը հաստատէ նոյն միջոցին տեղի ունեցած հալածանքը, քանի որ պատմութենէ գիտենք որ Սուքիասեանք ալ մարտիրոսութեամբ կնքեցին իրենց կեանքը։ Բայց պէտք է խոստովանիլ թէ ծանր դժուարութեանց առիթ տուած է Սուքիասեանց պատմութեան ժամանակագրութիւնը։ Երբ նահատակութիւնը առաքելական քարոզութեանց օրերէն 44 տարի ետքը կը դրուի, որ հազիւ առաջին դարուն վերջերը կրնայ տարածուիլ, միւս կողմանէ իբր արդէն տեղի ունեցած կը յիշուին, Պարսից թագաւոր Շապուհին պատերազմները եւ Հայոց թագաւոր Խոսրովին սպանութիւնը (ՍՈՓ. ԺԹ. 34), որ կատարուած են երկրորդ դարուն կիսուն, եւ իբր 150 տարւոյ տարբերութիւն մը կը գտնուի երկու ժամանակագրութեանց մէջ։ Վկայից թիւն ալ սովորաբար 19 կը յիշուի (ՍՈՓ. ԺԹ. 55), բայց այլուր մինչեւ 364 կը բարձրացուի, որով նոյնիսկ Ալան ազնուականներ եղած ըլլալնին ալ կը շփոթուի։ Թէ թուականին եւ թէ անձերուն թիւին տարբերութիւնները դժուար է պարզ սխալանքի կամ շփոթութեան վերագրել, եւ հաւանակագոյն կը գտներք ըսել, թէ նախապէս Սուքնասեան 17 վկաներ նահատակուեցան յիշուած թուականին, եւ թէ անոնցմէ երկու ընկերներ Ջրաբաշխի կամ Սուկաւէտի մէջ ճգնաւորներու աշակերտութիւն մը կազմեցին, որ շարունակեց մինչեւ երկրորդ դարուն կեսէրը, եւ նոյն միջոցին արծարծուած հալածանքին մէջ նահատակուեցան 364 անձերը, որք Սուքնասեանց հետեւող եւ Սուկաւէտի վկաներ լինելով՝ միեւնոյն անունը կրեցին, եւ երկու եղելութիւններ իրարու խառնուելով, իբրեւ միեւնոյն եղելութիւն կարծուեցան անուններու նույնութեան պատճառոջ։ Մեր ենթադրութիւնը, թերեւս նոր, բայց ըստ ամենայնի կը լուծէ պատմական եւ ժամանակագրական դժուարութիւնները։ Ընդհանուր կերպով ալ, եղելութիւնները յատելու կերպը ամենէն ապահով կերպն է շատ մը դժուարութիւններ լուծելու, ինչպէս որ տարբեր եղելութեանց խառնուիլը պատճառ եղած է դժուարութեանց երեւան գալուն։ Ըստ այսմ կը յիշենք միայն բուն Սուքնասեանց մասին մեզի հասած աւանդական պատմութիւնը։

Հատկորոշիչներ՝ ոսկեան, սուքիասեան, վկա

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆՑ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ (27)

Սուքիասեանց խումբին գլխաւորին անունը Բարաքաթրա...

ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ (25)

Միայն Արտազեան յիշատակարանէ ունինք հայրապետիս...