ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐ (26)

Վերագոյնդ (§ 23) յիշեցինք Սուքիասեան վկաներուն դարձը սուրբ Ոսկեանց քարոզութեամբ։ Ասոնք ազգաւ Ալան, եւ Սաթենիկ թագուհիի ազգականներէն, ու Արտաշէսի պալատին ազնուականներէն էին, որոնք մկրտւելէ ետքը պալատը թողուցին, ու Ջրաբաշխ լեռը քաշուելով, ճգնաւորական կեանք վարեցին,...