ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով ներկայացուցին իրենց ամբաստանութիւնները, Վռամ գործին օրինական ձեւ տալու համար, Արտաշիրն ու Սահակն ալ Տիզբոն կանչեց, եւ անոնք իրենց հաւատարմութիւնը ջատագովեցին։ Վռամ կ’աշխատէր, որ Սահակը պաշտօնի վրայ մնայ, եւ Սուրէն Պահլաւին պաշտօն տուաւ, որ անիկա համոզէ նախարարներուն հետ միանալ Արտաշիրի դէմ, սակայն Սահակ անդրդուելի կերպով կը պատասխանէ, թէ Արտաշիր հաւատարմութեան մասին վատթարութիւն ըրած չէ, քրիստոնէութեան սրբանուէր օրէնքներու դէմ մեղանչած է, բայց անիկա ձեր օրէնքով աւելի գովութեան արժանի է եւ մեծարանաց (ՓԱՐ. 24)։ Վռամ տեսնելով, թէ Սահակը դուրս թողլու միջոցն ալ չի յաջողիր, բազմամբոխ ատեան կը գումարէ, ուր նախարարներ բազում աղտեղաբանութիւնս եւ ազգի ազգի խօսս անարժանութեան կը խօսին թագաւորին եւ կաթողիկոսին դէմ (ՓԱՐ. 24), եւ Սահակին կանուխէն Յունաց կայսեր եւ հայրապետին ըրած թղթակցութիւնը իբր քաղաքական դաւաճանութիւն կը ներկայեն (ԱՐԾ. 29)։ Իսկ Սուրմակ խօսէր բանս անհանճարս եւ առաւել աղտեղիս, քան զամենայն նախարարսն (ՓԱՐ.23), եւ ամէնքն ալ միաձայնութեամբ յանձն կ’առնուին, թէ՝ բնաւ չէ՞ իսկ եւս պիտոյ է թագաւոր, թող իշխան պարսիկ ըստ ժամանակի եկեալ վերակացու լիցի (ՓԱՐ. 24)։ Ասկէ պարագայ մը չէին կրնար սպասել Վռամ ալ, իր աւագանին ալ, եւ թագաւորական վճռով Արտաշիր կը զրկուէր թագաւորութենէ, եւ Սահակ՝ կաթողիկոսութենէ, Վեհմիհրշապուհ պարսիկ կ’անուանէր մարզպան Հայաստանի, եւ Սուրմակ Մանազկերտացի կը նշանակուէր կաթողիկոս՝ (ԽՈՐ. 265) ինչպէս որ զաթոռ եպիսկոպոսապետութեան էր նմա նախարարացն խոստացեալ (ԽՈՐ. 264)։ Արտաշիրի համար հրամայուեցաւ անդէն արգելուլ զնա, եւ զամենայն ինչս ազգի նորա ունել յարքունիս, նոյնպէս եւ զմեծն Սահակ իբրեւ աքսորական Պարսկաստանի մէջ պահեցին, եւ զտուն կաթողիկոսութեան եւս յարքունիս գրաւեցին։ Արտաշիրի եւ Սահակի համար բերդարգել բանտարկութեան տեղ մը յիշուած չէ, եւ կ’երեւի, թէ Տիզբոնի մէջ պահուեցան տանելի կերպով մը։ Եթէ այդ գործողութեանց արտաքին ձեւերը նայինք, կը գտնենք ազգին կողմէն իր կաթողիկոսին պաշտօնանկութեան համար կազմակերպեալ առաջարկ մը, եւ վեհապետական իշխանութեամբ նոյն առաջարկին հաստատութիւնը, որք կրնան օրինական ձեւեր կարծուիլ։ Սակայն կը պակսէր Եկեղեցւոյ կամքը, եւ եկեղեցական տարրին համամտութիւնը, եւ այս բաւական եղաւ, որ Սահակը օրինաւորապէս կաթողիկոսութենէ դադարած չսեպուէր, եւ Սուրմակ հոգեւորական իշխանութեան կատարելապէս չտիրանար։ Սա կրցաւ հայրապետանոցը գրաւել, կալուածներուն տիրանալ, եւ Պարսիկ կառավարութեան կողմէն Հայ Եկեղեցւոյ պետ նկատուիլ, այլ ներքին հոգեւորական իշխանութեան իրաւունքները չկրցաւ գործադրել։ Հայ եպիսկոպոսութիւնը եւ քահանայական խումբերու աւագութիւնը մեծաւ մասամբ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան ձեռքն էր անցած, որք ոչ մի կերպով չուզեցին իրենց վարդապետներէն բաժնուիլ, եւ ոչ ալ Սուրմակը օրինաւոր կաթողիկոս ճանչնալ։ Ժողովուրդն ալ, որ մասնակից չէր նախարարներուն անձնասէր եւ ազգակործան խորհուրդներուն, այդ մասին իր հոգեւոր պետերուն հետ կապուած մնաց։ Բազմութիւնք եպիսկոպոսացն միշտ միացած մնացին հանդերձ երանելեաւն Մեսրոպաւ (ԽՈՐ. 266), որ կերպով մը Սահակի տեղակալ նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ, անոր հետ ներքին յարաբերութիւնները երբեք չդադրեցան, եւ Սուրմակ հակառակաթոռ մը եղաւ պարզապէս, եւ այնպէս ալ մնաց ժամանակին սերունդին աչքին եւ պատմութեան առջեւ։ Բնական էր, որ Սուրմակի իրաւասութիւնը չկարենար ճանչցուիլ յունական բաժնին մէջ, ուստի Անատոլիոս, իբր ընդհանուր կուսակալ՝ Յունական Հայաստանի հոգեւորական գլուխ նշանակեց Հաւուկ Կուկռճացին (ԱՐԾ. 50) կամ Կուկայառիճցին, որ թէպէտ եպիսկոպոսապետ կը կոչուի, այլ հաւանօրէն Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսին ենթարկուած էր։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...

ՍԱՀԱԿԻ ՎՐԱՅ ԲՌՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ (210)

Մեսրոպ կը դառնար, բայց այս անգամ մխիթարական...