ՍԱՀԱԿԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ (193)

Փարպեցին այդ աշխատութիւնները Սահակի կը վերագրէ ամբողջապէս եւ ուղղակի, թէ նա եղաւ Հաբէլի բերած Դանիէլեան նշանագիրները պատշաճեցնողը։ Իրաւ նախ Մեսրոպ էր, որ հանդիպեցուցանէր զհայերէն աթութայսն ըստ կարգման սելովբայիցն յունաց, բայց ինքն չէր կրնար վերջնական հեղինակութեամբ որոշում տալ, այլ կը գործէր ստէպ հարցմամբ եւ ուսանելով ի սուրբ կաթողիկոսէն Սահակայ զաթութայիցն գաղափար, ըստ անսայթաքութեան յունին։ Մեսրոպ եւ իր ընկերտները որչափ ալ աշխատէին, ոչ լինէին բաւական ի վճարել անսխալ ուղղակի, առանց առաջնորդելոյ նոցա սրբոյ հայրապետին Սահակայ։ Պէտք է ուրեմն ըսել, թէ ինչ որ Մեսրոպ իր շրջագայութեանց մէջ կրցաւ ստանալ, յաջողութիւնը զոր ձեռք ձգեց, խորհուրդները զորս Հռոբանոսէ ստացաւ, ամէնքն ալ ժողվեց բերաւ եւ Սահակի գերագոյն դատաստանին ենթարկեց, եւ Սահակի ցուցուցած ուղղութիւններով, եւ տուած կատարելագործութիւններովն է, որ հայերէն այբուբէնը իր վերջնական թիւն ու կարգը, ձեւն ու հեգենան ստացաւ, եւ գերագոյն հեղինակութեամբ հաստատուեցաւ։ Դանիէլեան նշանագիրները, որոնք ասորական ծագում եւ անձայնաւոր դրութիւն ունէին, հիմնովին փոխուեցան եւ փոխադրուեցան, նոր կարգաւորութիւն ստացան յունական ալփաբետին հետեւողութեամբ, բայց միջանկեալ յաւելուածներով, որպէսզի բաւական ըլլան հայերէն լեզուին բոլոր հնչիւններուն համապատասխանել, քանի որ հայերէնի հնչիւնները շատ աւելի ձայներ ունէին, որոնք յունարէնի մէջ չէին գտնուեր, մանաւանդ բաղաձայններու շարքին (36)։ Այս կերպով հայերէն այբուբէնը 36 տառերու նշանաւոր թիւին հասած եղաւ, հին ծանօթ լեզուներու բոլորէն ալ աւելի տառերով, բայց եւ ամէն հնչիւնները դիւրաւ արտաբերելու առաւելութեամբ։ Գիրի գիւտին պատմութիւնը լրացնելու համար պիտի աւելցնենք, թէ պատմագիրներէ քաղուած տարբեր նշանակութիւններով 404 եւ 405 եւ 406 թուականները կը կազմուին, եւ մենք Կորիւնի ամենէն նշանաւոր խօսքովը, Մեսրոպի մահէն, կամ 439-էն 35 տարի առաջ՝ 404-ին նշանակեցինք առաջին գիւտը։ Բայց նոյն տեղ (ԿՈՐ. 48) Յազկերտի 8-րդ տարին ալ յիշուած է, Յազկերտ ալ 399-ին թագաւորած լինելով 406 թուականը կը ստացուի։ Այս ալ նոյնպէս ընդունելի կրնայ ըլլալ, մեկնելով ամս երկու անկատար այբուբէնով աշխատած միջոցին վրայ (ԿՈՐ. 18), որով 404-ին գտնուած այբուբէնը, 406-ին լրացած եւ կատարելագործուած ըլլալը ընդունած կ’ըլլանք։ Փարպեցիի եւ Կորիւնի տուած թուականները իրար չեն բռներ, նոյնիսկ միեւնոյն հեղինակին տուած թուականներուն մէջ տարբերութիւններ կան, բայց մենք չենք կրնար հետեւիլ, բայց եթէ գլխաւոր թիւերուն, եւ մնացեալները պատահական սխալմանց եւ գրչագիրներու աղաւաղութեանց պէտք է վերագրել։ Օրինակի համար Կորիւն Մեսրոպի ուղեւորութիւնը կը դնէ Վռամշապուհի հինգերորդ տարին (ԿՈՐ. 18), եւ դարձը վեցերորդ տարին (ԿՈՐ. 30), մինչ առաջ Վահրիճի երթալն ալ Վռամշապուհի հինգերորդ տարին դրած էր (ԿՈՐ. 17), եւ երկու ուղեւորութեանց մէջ ամս երկու անցած ըլլալը վկայած էր (ԿՈՐ. 17)։ Թուականներու յարմարութեանց համար աւելի երկարելը ձանձրալի կրնայ դառնալ։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...