Թագաւորական գահը նորէն դատարկ մնաց 415-ին, եւ մեջտեղը միայն 11 տարեկան Արտաշէսը կար Արշակունի սերունդէն։ Զայն պատեհ համարեցաւ Յազկերտ, Հայոց թագաւորութեան ստուերն ալ ջնջել, եւ տակաւ հայերուն մոռցնել տալ իրենց ինքնութիւնը, եւ իր որդին Շապուհը Հայոց թագաւորի անունով Հայաստան ղրկեց, իբր Պարսիկ կուսակալ մը երկիրը կառավարելու պաշտօնով։ Յատկապէս հրահանգ տուած էր անոր, անուշութեամբ եւ թուլութեամբ վարուիլ նախարարներուն հետ, խօսիւք եւ տուրեւառիւք անոնք իրեն յանկուցանել, խրախճանութեամբ եւ զբօսանօք անոնց բարեկամութիւնը գրաւել, եկամուտ հարազատութեամբ եւ խնամութեամբ անոնց ընտանեկան շրջանակին վրայ ազդել, որպէսզի յաջողի հետզհետէ անոնք պարսիկ կեանքին ընտելացնել եւ ի դէն մազդեզանց սաղապեցուցանել, որով ամենեւին զատչիցեն ի Յունաց (ԽՈՐ. 249), զատուցեալք այնուհետեւ ի սիրոյ նոցին եւ յօրինացն (ՓԱՐ. 19)։ Բաւական ճարտար էր Յազկերտի մտածմունքը, բայց գործը իրեն նպատակին չհամապատասխանեց։ Հայ նախարարները որչափ ալ թեթեւաբարոյ եւ յեղյեղուկ քաղաքականութեան հակամէտ, սակայն Արշակունի ազգատոհմին նախապաշարումը կը կրէին, եւ Սասանեան կրակապաշտ մը իրեն վրայ շատ վատ տպաւորութիւն գործեց։ Շապուհ ինքն ալ բնաւ կարողութիւն մը ցոյց չտուաւ, որով պատկառանք ազդէր, համակրութիւն շահէր, եւ իրեն յանձնուած նպատակը յաջողցնէր։ Բայց նախարարները զօրաւոր գլուխ մը չունէին, վասնզի Համազասպ Մամիկոնեան սպարապետը՝ Սահակի փեսան՝ մեռած էր, եւ Հրահատ Կամսարական՝ Գազաւոնի որդին, որ աքսորէն ազատելով Շապուհի հետ եկած ու սպարապետ եղած էր, չունէր այն ազդեցութիւնը, որ պէտք եղած ուղղութիւնը տար։ Հայ նախարարներ Շապուհի բարեկամ չեղան, բայց եւ ոչ ոք ի միաբանութիւն հաւաքեաց զգունդս Հայոց (ԽՈՐ. 249)։ Շապուհ խաղալիք դարձաւ Հայ նախարարներուն՝ Ատոմ Մոկացի զինքը կը ծաղրէր՝ իբր կնամարդի, Շաւասպ Արծրունի զայն նախատելով կը քամահրէր, Խոսրով Գարդմանցի զէնք ալ վերցնելով կը դիմադրէր, հակառակութիւնը յայտնի էր, բայց դիմադրութիւն կազմելու ոչ ոյժ կար եւ ոչ գլուխ։ Այդ անգլուխ եւ անկանոն վիճակը չորս տարի տեւեց, մինչեւ որ Շապուհ 419-ին, հօրը հիւանդութիւնը պատրուակ առնելով Պարսկաստան դարձաւ, բայց պալատականներու դաւաճանութեամբ սպաննուեցաւ, եւ Յազկերտի միւս որդին Վռամ Ե․ թագաւորեց 420-ին։ Քաղաքական կացութիւնը այսպէս ուրուագծելէ ետքը, դառնանք Սահակի եւ Մեսրոպի գործունէութեան։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք