14. Հայոց լուսաւորութեան պատմութեան առթիւ կը յիշատակուին քանի մը նուիրական սրբութիւններ, որք Հայերուն կողմէն ամենայն երկիւղածութեամբ յարգուած են։ Առաջին է Սուրբ Դաստառակը կամ Յիսուսի անձեռագործ պատկերը։ Թէպէտեւ Լաբուբնիա զայն պարզապէս ձեռագործ կը նկատէ, որովհետեւ կ’ըսէ, թէ Անան առեալ նկարեաց զպատկերն Յիսուսի ընտիր դեղովք, քանզի արուեստաւոր թագաւորին էր (ԼԱԲ. 6), սակայն յունական աղբիւրէ տարածուած աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ Անան չյաջողեցաւ իր գործին մէջ. եւ Յիսուս դաստառակ մը առաւ ու երեսին վրայ դրաւ, եւ անմիջապէս անոր վրայ իր պատկերը նկատուեցաւ, եւ թէ այն եղաւ Անանի բերածը։ Խորենացին պարզապէս կենդանագրութիւն փրկչական պատկերին կ’անուանէ զայն եւ կը վկայէ թէ կայ յԵդեսացւոց քաղաքին մինչեւ ցայսօր ժամանակի (ԽՈՐ. 106)։ Դաստառակը երկար ատեն յատուկ պաշտանման առարկայ եղած է Եդեսիոյ մէջ, պահ մը անյայտ եղած, եւ յետոյ 539-ին նորէն գտնուած, եւ Խաչակիրներու ժամանակ արեւմուտք փոխադրուած, եւ մինչեւ ցայսօր կը ցուցուի Գենուայի (Genova) Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյն մէջ իբր բուն իսկ դաստառակը, մինչ ըստ այլոց իբր նախատիպ կը ճանչցուի Հռոմի Ս. Սեղբեստրոս եկեղեցւոյն մէջ պահուածը։ Ինչ ալ ըլլայ դաստառակին մասին ստույգ պատմութիւնը, աով զբաղելու պէտք չի մնար մեզի, քանի որ սիզբը Ասորւոց քով է պահուած, եւ այժմ Իտալացւոց անցած։ Միւս սրբութիւնն որ տակաւին Հայոց ձեռքը կը գտնուի՝ Ս. Գեղարդն է, որով զինուորը խոցեց Յիսուսին կողը խաչէն վար առնելէ առաջ (ՅՈՀ. ԺԹ. 34)։ Այդ Գեղարդը Թադէոս միասին բերած է Հայաստան (ՍՈՓ. Ը. 59) եւ այնտեղ պահուած է Գառնիի մօտ Այրի վանքը, որ Գեղարդայ վանք ալ կոչուած է. ուսկից վերջին տարիներ փոխադրուած է Էջմիածին, ուր եւ կը պահուի մինչեւ ցայսօր, եւ միւռոնի օրհնութեան գործածուած երեք սրբութիւններէն մէկն է։ Երրորդն է Տիրամօր պատկերը, որ էր ի փայտն նկարեալ, զոր առաքեալները նուիրեցին Բարթողիմէոսի որ չէր կրցած ժամանակին հասնիլ եւ Տիրամայրը մահուընէ առաջ տեսնել։ Այդ պատկերն է զոր Բարթողիմէոս Հայաստան բերաւ եւ զետեղեց Անձեւացեաց գաւառը, Դարբնաց-Քար կոչուած տեղը, ուր Անահիտի տաճար մը կար, եւ ուր եկեղեցի եւ կուսաստան կանգնեց, եւ պատկերն ալ այնտեղ զետեղեց (ԽՈՐ. 295)։ Այս տեղն է որ Հոգեաց վանք անունով կը մնայ մինչեւ ցայժմ, այլ միեւնոյն պատկերին պահպանութեան մասին ստոյգ տեղեկութիւններ կը պակսին։ Վերջապէս ազգային աւանդութիւն է, թէ Թադէոս ի միասին բերած էր այն իւղէն, զոր ինքն Յիսուս առաքելոց յանձնած էր (ՄԱՏ. Զ. 13) իրենց շրջագայութեան ժամանակ։ Միւռոնի օրհնութեան ատեն հին միւռոնէն նորին մէջ մաս մը խառնելու մեր արարողութիւնը, հաստատուած է այս աւանդութեան վրայ. որով եկեղեցիին գործածած միւռոնը կերպով մը կը մնանայ Յիսուսէ օրհնուած սրբալոյս իւղին հետ։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք