Գիրի վերջնական կազմութենէն ետքը, նոր զարկ տրուեցաւ ազգային դպրութեան եւ ազգային դաստիարակութեան։ Սահակի կաթողիկոսութենէն առաջ կազմուած աշակերտներուն, աւելցան Մեսրոպի հասուցած 40 աշակերտներն ալ (ՍՈՓ. Բ. 9), որք առհասարակ Թարգմանիչ անունով ճանչցուած էին, եւ եկեղեցական թարգմանութեանց կը վարէին։ Ասոնք արդէն գործի վարժ անձեր, շուտով իւրացուցին հայ դպրութեան սկզբունքները, եւ եղան իրենց կարգին ազգային դաստիարակութեան ուսուցիչներ եւ տարածողներ, սփռուելով Հայաստան աշխարհի ամէն կողմերը, պարփակուելով գլխաւորապէս Պարսկական բաժնին մէջ։ Նկատողութեան արժանի է, որ նոր դպրութեան ծագումն ու տարածումը ոչ մի դիտողութեան առիթ չտուաւ՝ տիրապետող Պարսիկ կառավարութեան կողմէն, քանի որ արդիւնքը ուրիշ բան չէր, բայց եթէ ասորի դպրութեան տեղ հայը անցնել քրիստոնէական շրջանակի մէջ։ Մանաւանդ թէ նոր ազգային դպրութեան հոգին եւս քան զեւս Հայերը կը հեռացնէր յունական մերձաւորութենէ եւ ազդեցութենէ, եւ յունականէ անկախ հայ ինքնութիւն մը կ’ամրացնէր, ինչ որ նպաստաւոր էր պարսկական քաղաքականութեան։ Երբոր հայը կ’ազատէր ասորական խաղտախուղտ կոշտութենէն եւ յունական ծեքածուռ սեթեւեթէն (ՍՈՓ. Բ. 11), Պարսիկը կը նկատէր անոր անջատումը միւս քրիտոնեաներէն, եւ ուրախ պիտի ըլլար փոփոխ յարաբերութեանց նուազելուն վրայ։ Թէ որչափ տարածուեցան հայ դպրոցները, եւ թէ որչափ ատենի մէջ ինչ զարգացում կրցան ստանալ, դժուարին է ճշդիւ որոշել, բայց նկատի առնելով Սահակի եւ Մեսրոպի եւ Վռամշապուհի եռանդուն գործունէութիւնը, կրնանք ամէն հնարաւոր յառաջադիմութիւն ազատաբար ենթադրել։ Թէպէտեւ առաջին սկզբնաւորութիւնը Վաղարշապատէն սկսաւ, վասնզի ի կայս թագաւորացն եւ քահանայապետացն բղխեցին հայոց շնորհք (ԿՈՐ. 23), սակայն ամէն կողմ ալ նոյն շնորհքը ցրուեցաւ, եւ երանելի եւ ցանկալի աշխարհս Հայոց, անպայման սքանչելի լինէր (ԿՈՐ. 22)։ Ի կողմանս, ի գաւառս, ի տեղիս Հայաստան ազգին, դասդաս շատցուցին զաշակերտեալս, եւ ամէն հայ՝ հանդերձ ամենայն ազատագունդ բանակիւն՝ սկսաւ վայելել նոր դպրութեան արդիւնքը։ Ազատորեարին մէջէն աւելի փութաջան գտնուեցաւ Մամիկոնեան տունը, Սահակի խնամի եւ Մեսրոպի ազգակից տոհմը, եւ առաջին Հայ գիր սորվողներուն մէջ առանձինն յանուանէ կը յիշատակուի Սահակի սիրասուն թոռնիկը, Սահականոյշի անդրանիկը՝ Վարդան (ԿՈՐ. 23), Աւարայրի ապագայ առաքինիներուն նորահրաշ զօրագլուխը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք