ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԸ (94)

Մեր եկեղեցական արարողութիւններէն ամենուն սիրտին մօտ պարագայի մը սկզբնաւորութիւնն ալ Վրթանէս հայրապետի անունին հետ կ’երթայ կը միանայ։ Յիշեցինք արդէն (§ 90) Պարսից մեծ պատերազմը, ուր մեռաւ Վաչէ Մամիկոնեան սպարապետ, եւ իրենց հետ բաւական թուով նախարարազուն զօրավարներ եւ բազմաթիւ հայազգի զօրականներ։ Արկածը ծանր էր եւ ամէնքը անձկայրեաց տրտմութեամբ եւ արտասուակաթ ողբովք եւ ծանրաթախիծ հոգով, մեծաւ կոծով եւ անհնար աշխարանօք պաշարեալք էին (ԲԶՆ. 26)։ Վրթանէս սկսաւ բացատրել, թէ անոնք որ այդ պատերազմին մէջ ինկան, յաղագս աշխարհի եւ եկեղեցւոյ եւ աստուածագործ օրինացն մեռած էին, որպէսզի եկեղեցիք եւ սրբութիւնք անհաւատներուն ձեռքը չիյնան, եւ սուրբ հաւատքը չանարգուի, թէ անոնք բարեպաշտութեան նահատակ եղան, եւ ընդ վկայս Քրիստոսի է նոցա համար պատուոյ, ուստի պէտք է որ դիցուք ընդ աշխարհս օրէնս յաւիտեանս յաւիտենից, որպէսզի իբրեւ Քրիստոսի նահատակաց անոնց յիշատակը տօնուի։ Այդ բացատրութեամբ եդ օրէնս ընդ աշխարհն՝ մեծ քահանայապետն Վրթանէս, զնոցա առնել յիշատակն ամ յամէ։ Եւ ոչ միայն Վաչէեան բանակին նահատակուած զօրավարներուն եւ զօրականներուն յիշատակը, այլեւ հրամայեց, որ այսուհետեւ որք փոխանակ աշխարհին փրկութեան մեռանիցին ի նմանութեան նոցա, անոնց հետ յիշատակուին անխափան (ԲԶՆ. 27)։ Այս ամէնը յայտնի կը ցուցնէ, թէ եկեղեցւոյ մէջ առաջ Վաչէեանց տօնն է սկսած կատարուիլ, անոնց հետեւողներն ալ հետզհետէ միասին կցելով, որոնց մէջ աւելի փառաւոր եւ աւելի նշանաւոր տեղ մը գրաւեցին Վարդանանք յաջորդ դարուն մէջ, եւ անոնց անունով սկսաւ յորջորջուիլ Վրթանէսի հաստատած տօնը։ Այդ տեսութեամբ, իր ճիշդ բացատրութիւնը կ’ընդունի Ազգային տօն կամ Ազգային յիշատակ անունը, որով այսօր ալ կը յատկանշենք Վարդանանց տօնը։ Պատմիչը կը յաւելու եւս, թէ Վրթանէս եդ կանոն, յիշել զսոսա ի ժամ պատարագին, յորժամ յանուանս սրբոյն կարգիցեն, եւ ապա զկնի նոցա զնոցայն (ԲԶՆ. 28)։ Բայց յայտնի չէ թէ ամենօրեայ յիշատակութիւն, թէ ոչ տօնին օրը կատարուելիք յիշատակութեան համար է Վրթանէսի դրած կանոնը։ Ամէն առթի մէջ Վրթանէսի անունին համար մեծ գովեստ է, ազգային նահատակներուն տօնին հիմնադիրն ու սկզբնաւորողն ըլլալը։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ (100)

ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ – Յակոբ Մծբնեցի հայրապետը հայոց պատմութեան մէջ․

Մեր ազգին համար նշանակութիւն ստացած անձնաւորութիւն մըն ալ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետն է։ Ազգային աւանդութիւն մը կը կարծէ, թէ Յակոբ զաւակն է Անակի քրոջ՝ խոսրովուհիի, որով Լուսաւորչի հօրաքեռորդին եղած կ’ըլլայ, եւ թէ քոյր մըն ալ ունեցած է, Ասկնդնէ անունով, որ Գթաց թագաւոր Հռչէի մայրն եղած է (ԶԵՆ. 22)։ Սակայն ըստ այլոց ․․․

ԳՐԻԳՈՐԻՍԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ (99)

Աղուանքի Գրիգորիս կաթողիկոսի նահատակութիւնը․

Գրիգորիսի պաշտօնավարութիւնը եւ արդիւնքը կատարելապէս արդարացուցին իր վրայ դրուած ակնկալութիւնները, եւ քրիստոնէութիւնը ամրացնելու ու եւս քան զեւս տարածելու աշխատեցաւ, իրեն հովանաւոր եւ պաշտպան ունենալով Սանատրուկ Արշակունին, որ հիւսիսակողմանց բդեշխ էր դրուած Տրդատէն, եւ Գուգարաց եւ Փայտակարանի նահանգներէն զատ, Վրաց եւ Աղուանից երկիրներուն վրայ ալ գերիշխանութիւն կը վարէր, եւ Կովկասեան բազմաճղի ցեղերուն վրայ ազդեցութիւն ունէր, հիւսիսէն մինչեւ Մազքթաց երկիրը եւ հարաւէն մինչեւ Ատրպատական։

ԳՐԻԳՈՐԻՍԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (98)

Վրթանէս կաթողիկոսի որդի Գրիգորիսի ձեռնադրութիւնը․

Խոստացանք գործիս սկիզբը (§ 2) Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կաթողիկոսներու վրայ բաշխած ատեննիս, ազգային տեսակէտէն կարեւոր եղելութիւնները, ժամանակակիցներու պատմութեան հետ յարակցել։ Այդ նպատակով ահա կը մտնենք Աղուանից կաթողիկոս Գրիգորիսի նահատակութիւնը պատմել։