Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեան
ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ
ՀԱՅ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՑՔԵՐԸ ՍԿԻԶԲԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ
ՅԱՐԱԿԻՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՎ ՊԱՏՄՈՒԱԾ
ՊԷՅՐՈՒԹ, ՏՊ. ՍԵՒԱՆ, 1959
ՆԱԽԱԳԻՏԵԼԻՔ(1)
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ մը չէ որ կ’ուզենք գրել այստեղ, զի յառաջաբանները գործը աւարտելէն ետքը կը գրուին, եւ մենք վերջնապես չաւարտած՝ կը սկսինք զայն պրակներով հրատարակել, եւ միւս կողմէն գործը հրացնելով հասցնել մինչեւ մեր օրերը, ուսկից տակաւին դարուկէս հեռու կը գտնուի մեր աշխատութիւնը։ Յառաջաբանի պակասը կը լրացնենք վերջաբանով մը։
Պատմութիւն գրողներ զանազան նպատակներ կ’ունենան, եւ ըստ այնմ կը կազմեն իրենց ծրագիրը։ Ոմանք աշակերտելու համար ամփոփումներ կը պատրաստեն, ուրիշներ գիտնականներու համար քննադատութիւններ կը գրեն, ոմանք ալ մասնաւոր շրջաններ կ’ուսումնասիրեն։ Մեր նպատակը ասոնք չեն, այլ հանրութեան համար, եւ աւելի ժողովրդական դասակարգին համար, Ազգային Եկեղեցւոյ լիակատար պատմութիւն մը պատրաստել, եղելութիւնները դասաւորել, դիւրիմաց ոճով բացատրել, եւ ընթերցանութեան դիւրամատչելի ընել։
Ասոր հետ մէկտեղ կ’ուզենք Հայոց Ազգային Եկեղեցւոյն հոգին ճշդութեամբ ցոլացնել, Հայադաւան Ուղղափառ Եկեղեցւոյն իսկութիւնը բացատրել, եղելութիւնները իրենց կապակցութեան մէջ ներկայել, լուսաբանութեան եւ կատարեալ ըմբռնման պէտք եղած յարակից հանգամանքները ցուցնել, Հայ Եկեղեցւոյ ընդդիմաբաններուն ըսածներն ու ըրածները անուղղակի կերպով ցրել, առանց վիճաբանութեան մտնելու, մէկ խօսքով պարզ պատմութեան շրջանակէն դուրս չելլել։
Հետեւաբար մեր աշխատութեան մէջ պէտք չէ փնտռել, ոչ քննադատական հետազօտութիւններ, ոչ գիտական ուսումնասիրութիւններ, եւ ոչ ալ կազմաւորեալ բանավեճեր, այլ կ’ուզենք եղելութիւնները պատմել իրենց պարզութեան մէջ դասաւորել, երկբայականներն ու աւանդականներն ալ իրենց կարգին յառաջ բերել, հաւանականութեան աստիճանն ալ ցոյց տալով։
Այդ նպատակին ծառայել, կը կարծենք հանրութեան համար անհրաժեշտ եղած պէտք մը լրացնել, որ համառօտութիւններով չի գոհանար, քննադատականներով կը յոգնի, հռոմէադաւան հոգւով գրուածները օտարացած կը գտնէ, եւ ամբողջական պատմութիւն մը առձեռն պատրաստ չունի։ Այսպիսի աշխատութեան մը հեռու ժամանակներէ մտադրութիւնն ունէինք, բայց պաշտօնական տաղտապանքներէ ազատ միջոց մը պետք էր անոր ձեռնարկելու համար։ Միայն թէ շատ ուշ մեր ձեռքն անցաւ այդ պատեհը, երբ կեանքի արեւը իր մուտքին կը մօտենայ. այնպէս որ կասկածի տեղի կրնայ տալ, թէ պիտի կարենա՞նք վերջացնել աշխատութիւնը, որուն երկու տարիէ ի վեր կը զբաղինք, եւ գոնէ նոյնչափի մըն ալ պէտք կայ լրացուած եւ հրատատակած ըլլալու համար։ Այդ մասին մեր նշանաբանն է. Մինչդեռ ժամանակս ի ձեռս է, գործեսցուք զբարիս (Գաղ. Զ. 10)։
Մեր նպատակին նկատմամբ այսչափը բաւական սեպելով, աշխատութեան մասին գիտելիքները հետեւեալ կերպով կ’ամփոփենք. –
Ա. Ներկայ պատմութիւնս գրելու ատեն աշխատեցանք, որչափ հնար էր, սկզբնական պատմիչներուն, այսինքն պատմութեանց աղբիւրներուն դիմել, եւ պէտք եղած ատեն բառացի ալ անոնց բացատրութիւնները գործածել իբրեւ վկայութիւն։
Բ. Նոր պատմագիրներէ կամ պատմութեան խմբագիրներէ օգտուեցանք այն առիթներուն մէջ, որ մեզի անծանօթ մնացած աղբիւր մը կամ վկայութիւն մը յառաջ կը բերեն։
Գ. Պատմական խորհրդածութեանց եւ անձերու եւ անցքերու գնահատութեանց մասին մեր տեսութեանց հետեւեցանք ազատօրէն, հիմ ունենալով եղելութեանց կշռադատութիւնը։ Ուզեցինք առաջնորդել, այլ ոչ բռնադատել ընթերցողին դատողութիւնը։
Դ. Մեր կարծիքն է թէ էջերու ներքեւ ծանօթութիւնները, եթէ հեղինակին հմտութիւնը կը բարձրացնեն, ընթերցողին ուշադրութիւնը կը կաշկանդեն, որ եթէ ծանօթութեանց նայի՝ կապակցութիւնը կը շփոթէ, իսկ եթէ չնայի՝ կորուստ մը ըրած կը կարծէ։ Այդ պատճառներով սոյն գործին մէջ այլ խուսափած ենք էջերու ներքեւ ծանօթութիւններ դնելէ։
Ե. Եթէ ծանօթութեան նիւթը կարեւոր է, համառօտ ակնարկով գրուածին մէջը անցուցած ենք, իբկ եթէ կարեւոր չենք սեպած՝ բոլորովին զանց ըրած ենք։
Զ. Նոյն իսկ վկայութեան կոչուած աղբիւրները, եւ բառացի բացատրութեամբ յառաջ բերուած խօսքերուն տեղերը՝ գրուածին կարգը դրած ենք փակագիծով։ Միայն երեք գիրով նշանակած ենք հեղինակը կամ գիրքը, հայերէն տառով հատորը, եւ թուահամարով երեսը կամ էջը։
Է. Երեք գիրով նշանակուած գիրքերուն այբուբենական ցուցակը պիտի տրուի գործին վերջը, բայց այժմէն ալ անոնց բացատրութիւնը անհրաժեշտ ըլլալով, իւրաքանչիւր պրակի կողքին ներսի կողմը պիտի տրուի նոյն պարկին մէջ յիշուած գիրքերուն ցուցակը։
Ը. Իւրաքանչիւր գիրքի համար ցուցած ենք ոչ միայն հեղինակն ու մակագիրը, այլեւ մեր գործածած օրինակին հրատարակութեան քաղաքը, տպարանը ու տարին, ըստ այնմ բաղդատելու համար։ Անոնք որ ուրիշ տպագրութիւն ունին, քիչ ու շատ մերձաւորութեանբ տեղը կրնան գտնել։
Թ. Պարբերական հրատարակութեանց համար, ինչպես են օրագիր, հանդէս, տարեցոյց եւայլն, երեք տառէն առաջ երկու թուանշանով, այսինքն տասնորդականով եւ միաւորով, ցուցած ենք տարին, որ եթէ փոքր է՝ 1900 հարիւրամեակին, իսկ եթէ մեծ է՝ 1800 հարիւրամեակին կը պատկանի։ Այսպես 89 պիտի իմացուի 1889, եւ 09 պիտի կարդացուի 1909։ Իսկ Սուրբ Գիրքէն յիշուած վկայութիւններ, սովորական կերպով ցուցուած են։
Ժ. Գրուածքին կարգին (§) հատուածի նշանակով փակագիծի մէջ դրուած թիւերը կը ցուցանեն այն հատուածին թիւը, որուն մէջ յիշատակուած է միեւնոյն եղելութիւնը կամ անձնաւորութիւնը։
ԺԱ. Զանազան աղբիւրներէ բառացի յառաջ բերուած կտորներուն մէջ սովորական ուղղագրութիւնը պահած ենք, քանի որ մեր նպատակը իմաստն է, եւ բառազննութեան կամ տառադարձութեան խնդիրներով չենք զբաղիր։
ԺԲ. Գործս նիւթի կամ շրջանի համաձայն մասերու եւ գլուխներու բաժնած չենք. այլ իւրաքանչիւր կաթողիկոսի ժամանակը իբրեւ մաշտոց մը առած ենք, եւ նոյն միջոցին մէջ պատահած եղելութիւնները անոր անունին ներքեւ գրած ենք։
ԺԳ. Նախորդին մահուանէ ետքը մինչեւ յաջորդին ընտրութիւնը անցած ժամանակամիջոցը, կամ աթոռոյ պարապութեան միջոցը միշտ նախորդին անունին ներքեւ պահած ենք։
ԺԴ. Ամսաթիւերը նշանակած ենք ինչպէս որ գտած ենք։ Հին եւ նոր տոմարներու տարբերութիւնը սկսելէն ետքը՝ ամէն անգամ կրկին ամսաթիւ չենք դրած, եւ եղելութեան տեղէն պէտք է հետեւեցնել, թէ ո՛ր տոմարին համեմատ դրուած է։
ԺԵ. Գործը շարունակեալ հատուածներու բաժնած ենք, նիւթերու տարբերութեան կամ նմանութեան հետեւելով, եւ սկիզբէն մինչեւ վերջը մէկ շարքով թուահամարած ենք։ Կոչումներն ու ցուցակներն ալ այդ թուահամարներուն համեմատ եղած են եւ պիտի ըլլան։
ԺԶ. Պէտք է յիշել, որ գործս պատրաստած ատեն ընդարձակ թարթափելու դիւրութիւնները չենք ունեցած, եւ գոհացած ենք այն տեղեկութիւններով, զորս առաջուընէ կազմած էինք մեր ուսումնասիրութեանց եւ դասաւանդութեանց առիթներով, եւ կամ ձեռք ձգելու բախտն ունեցանք։ Ուստի եթէ մեր չտեսած աղբիւրներ կամ կամ երեւան կ’ելլեն, դժուարութիւն ունինք որ անոնցմով մեր գրածները լրացուին կամ փոփոխուին, միայն թէ եղելութեանց կապակցութիւնը չխանգարուի։
ԺԷ. Միեւնոյն պատճառով պէտք չէ զարմանք պատճառէ կամ դիտողութեան տեղի տրուի, եթէ ներկայ պատմութեան մէջ գտնուին ինչինչ կէտեր, որ համաձայն չեն նախընթաց հրատարակութիւններով մեր տուած տեղեկութիւններուն կամ յայտնած կարծիքներուն։ Նոր աղբիւրներու տեղեկութիւններու համեմատ եղած տարբերութիւններ մեզի համար առաքելութեան փաստ մը պէտք է նկատուին։
ԺԸ. Երբեք միտումնիս դրած չենք պատմական տեղեկութեանց մասին վերջին խօսքը ըսած ըլլալ, քանի որ աղբիւրներու հաւատարմութեան ճամբով կ’ուզենք յառաջել։ Ուստի եթէ մեր անձին համար ալ խստապահանջ ենք, իրաւամբ չենք հանդուրժեր որ ուրիշներ կեղակարծ տեղեկութիւններով, քմահաճ մեկնաբանութիւններով եւ դիտումնաւոր աղաւաղումներով պատմութիւն կազմեն։
ԺԹ. Տարիք եւ ժամանակ եւ պարագայք մեզ յուսադիր չեն ըներ, որ երկրորդ տպագրութեամբ աւելի կատարելագործումներ կարենանք աւելցնել սոյն աշխատութեան, թէպէտ կ’ընդունենք թէ նորագիւտ աղբիւրներ եւ նորանոր ուսումնասիրութիւններ այդ բանը կրնան թելադրել կամ պահանջել իսկ։ Նոյն իսկ գործս լրման հասցնելու երաշխաւորութիւնն ալ ոչ ոք կրնալ մեզի տալ, եւ ոչ մենք մեզի խոստանալ. ուստի այժմէն յանձնարարութիւն եւ խնդրանք կ’ուղղենք երբեմն աշակերտ՝ իսկ այժմ եղբայրակից երկուց սիրելեաց, Ճեմարանեան անդրանիկ Կարապետ Տէր-Մկրտչեան եպիսկոպոսին, եւ Դպրեվանքեան անդրանիկ Բաբգէն Կիւլէսէրեան եպիսկոպոսին, որ հոգ տանին լրման հասցնել, եթէ մենք չկարենանք, եւ աւելի կատարելագործեալ նոր տպագրութիւն մը հրատարակել, եթէ ժամանակին պատշաճ տեսնուի։
Ի. Պէտք չէ զանց ընենք կրկին յիշատակել այս տեղ, ինչ որ յատուկ վերտառութեամբ արդէա արձանագրեցինք։ Գրական արդիւնաւորութիւններ իրենց նշանակութիւնը չեն ունենար, եթէ դրական արդիւնաւորութեան զօրութեամբ ի լոյս չընծայուին։ Այդ միտքով թնթերցողներու երախտածանօթ զգացմամբ կը ներկայացնենք Գերապատիւ եւ Գերաշնորհ Տ. Սուքիաս Պարզեանց սրբազան արքեպիսկոպոսին զուարթատառ բարեսիրութիւնը, եւ սոյն աշխատասիրութիւնը հանրութեան առջեւ հանելու համար մեզի նուիրած հովանաւորութիւնը։
ԻԱ. Վերջին դիտողութիւն մըն ալ։ Պաշտօնապէս հրատարակմուած է որ ներկայ 1912 տարւոյ Հոկտեմբեր 13-ին հանդիսաւորապէս տօնախմբուի Հայ Տպագրութեան չորրորդ հարիւրամեակը եւ Հայ Գրութեան հնգետասաներորդ հարիւրամեակը, եւ ամէն բանասէրներ կը փութան իրենց ձօնը բերել այդ կրկնակ սրտագրաւ եւ ազգօգուտ ձեռնարկներուն, եւ իրենց երկասիրութիւնները կը նուիրեն կրկնակ յիշատակներուն։ Երկուքին ալ կեանք տուողը Հայ Եկեղեցին է, երկուքին ալ ոյժ տուողներ Հայ Եկեղեցականներ են. մեր սոյն գործն ալ ներքին անձուկ կապարով միացած է անոնց հետ։ Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը մենք ալ ճիշդ այդ միջոցին կը ձեռնարկենք գործիս հրատարակութեան. թող այս ալ ընդունուի իբր մեր համեստ նուէրը Ազգային Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ Ազգային Գրականութեան զարգացման ձօնուած։
Բերա Կ. Պոլսոյ, 1912 Օգոստոս 12, Ձեռնադրութեանս յիսներորդ տարեմուտին։----------------------------------------------------------
(1) Ա. տպագրութեան առթիւ Երան. Հեղինակին կողմէ։ Ծ. Հ.
0 կարծիք