3. Ահա թէ ինչու մեր առաջին գլուխը Յիսուսի Քրիստոսի անունով բացինք, որովհետեւ նա ինքն է Եկեղեցւոյ Հիմնադիրը. ոչ միայն Ընդհանուր Եկեղեցւոյ, այլ եւ իւրաքանչիւր մասնաւոր եկեղեցւոյ գլուխը, եւ յատկապէս այն եկեղեցիներու, որոնք առաքելական են եւ անմիջական կերպով Քրիստոսի Առաքեալներէն մէկին կամ միւսին ձեռքով հիմնուած եւ սկզբնաւորուած են։ Քրիստոսի կենդանութեան, կամ լաւ եւս՝ նորա աշխարհի վրայ եղած միջոցին, աւետարանական վարդապետութիւնը անձուկ սահմաններէն դուրս չելաւ. այնպէս որ ոչ մի մասնաւոր կամ ազգային եկեղեցի չի կրնար իր անունը յիշուած գտնել նոյն միջոցին, եւ ոչ ալ իր եկեղեցին Յիսուսի հետ անմիջական յարաբերութեան մէջ գտնել։ Բացառութիւն պէտք է սեպել, եթէ ինչինչ աւանդութիւններ, թէպէտ մթին եւ անհաստատ, առիթ կ’ընծայեն մեզ, Յիսուսի եւ Հայոց մէջ տեղի ունեցած յարաբերութեանց յիշատակութիւնն ընել։ Առաջին առիթը կու տայ մեզի Մոգերուն գալուստը, որոնք Արեւելքէն եկան նորածին Յիսուսի երկրպագելու (ՄԱՏ. Բ. 1)։ Ասոնց հայրենիքը հիներէն շատեր Մոգուց աշխարհ են կոչած, եւ մեր հեղինակներ առիթ առած են Մոկաց աշխարհ իմանալ, եւ Մոկացի նախարարներ կամ գոնէ Մոկացի նախարար մը կարծել երեք մոգերը կամ մոգերէն մէկը, եւ մինչեւ իսկ մոգերէն մէկուն, Ս. Գասպարի գերեզմանը ցուցնել Մոկս աւանի մօտ Ակնդաշտայ վանքին մէջ։ Ուրիշ աւանդութիւն մըն ալ մոգերը աւելի ներքին Արեւելքէն եկած կ’ընդունի, որք ճամբուն վրայ Հայոց թագաւոր Աբգարէն դիւրութիւններ եւ տեղեկութիւններ կ’ընդունին, եւ նոյնիսկ Աբգարի ընծաները կը տանին նորածին Յիսուսի (10 ԲԱԶ. 64)։ Ազգային աւանդութիւն մը յիշատակելով, չենք ուզեր Մոգերու ինքնութիւնը որոշելու ընդհանուր խնդիրին մէջ մտնել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք