16. Տօնացոյցէ դուրս Յայսմաւուրքի մէջ յիշատակուած են առաքեալներուն հետ նահատակուող վկաներն ալ, ինչպէս մենք ալ յիշեցինք։ Այս կարգէն են Սամուէլ իշխան եւ Զարմանդուխտ իշխանուհի, որք Թադէոսի վկայակից եղան, եւ Տերենտիոս հազարապետ եւ Ոգուհի արքայաքոյր, որք Բարթողիմէոսի հետ նահատակուեցան։ Առաջիններուն նշխարաց յայտնուելուն առթիւ կը յիշուի Իսրայէլ իշխան մըն ալ (ՍՈՓ. Ը. 90), որուն անունը վկայաբանութեանց մէջ յիշուած չէ, բայց շատ դիւրին է նոյնացնել զայն անանուն իշխանին հետ, որ առաջին անգամ հաւատաց 50 հոգիներու հետ եւ նահատակուեցաւ 200 ընկերներով (ՍՈՓ. Ը. 26)։ Թադէոսի նահատակակիցներու թիւը իբր բազմութիւն հազարաց նշանակուած է անորոշ կերպով, իսկ վկայաբանութեանց վերջը 3400 կամ 3433 թիւ մը նշանակուած (ՍՈՓ. Ը. 75, 57) ընդ այր եւ ընդ կին, որ կրնայ իբր բովանդակութիւն առնուիլ, իսկ Բարդողիմէոսի ընկերները 2000 հիշուած են (ՍՈՓ. ԺԹ. 29)։ Այս մարտիրոսաց բազմութիւնն է, որոց արիւնով աճած են Հայաստանի մէջ աւետարանական սերմերը։ Բարթողիմէոսի պատմութեան մէջ յնշեցինք Հոգեաց վանքը ու կուսաստանը, որուն գլուխները եղան հետզհետէ Մարիամ քոյր Յուսկան, Աննա քոյր Որմզդատայ, եւ Մարթա քոյր Մաքովտրի, երեքա ալ Բարթողիմէոսի աշակերտներ, հին քրմուհիներ, կամ թէ ծանօթ քուրմերու ազգականներ, որոց սուրբ յիշատակն ալ պէտք էր տօնելի ըլլար, քանի որ բազում նշանս եւ սքանչելիս կատարէր Աստուած ի ձեռն սուրբ կանանցն (ԽՈՐ. 296)։ Առաքելաշաւիղ քարոզողներուն մէջ պէտք է յիշուի նաեւ Եւստաթէոս, որ ճանչցուած է իբր աշակերտ Թադէոսի, եւ անոր կողմանէ Սիւնեաց առաջին եպիսկոպոս ձեռնադրուած։ Իր գործունէութեան եւ վախճանին վրայ տեղեկութիւններ չունինք, միայն գիտենք թէ իր գերեզմանը պատուուած է Թաթեւու վանքին մէջ, որուն անունն ալ Եւստաթէոսի անունէն առնուած կը կարծուի, իբր Եւստաթէի վանք, ինչպէս ուրեք ալ գրուած կը տեսնենք։ Սիւնեաց եպիսկոպոս մըն ալ Բարթողիմէոսէ ձեռնադրուած է, երբոր առաքեալը այն կողմերը թողլով Արարատի գաւառները կ’իջնէր։ Այդ երկրորդը եղած է Կումսի (ՕՐԲ. Ա. 61) որ խաղաղութեամբ վախճանած է, այլ դժուար է Եւստաթէոսի եւ Կումսիի քարոզութեան եւ մահուան ժամանակները ապահովաբար ճշդել։ Մեզի բաւական է դիտել, որ զանազան կողմերէ հաւաքուած աւանդութիւններ՝ միաձայնութեամբ կը հաւաստեն Հայոց եկեղեցւոյն առաքելական հիմնարկութիւնը։ Թադէոսի աշակերտներէն է եւս Եղիշէ, որ պահ մը Հայաստանի մէջ աշխատելէն ետքը, նորէն Երուսաղէմ դարձած է, եւ վերստին Պարսկաստան եկած եւ քրիստոնեութիւնը տարածած, զանազան տեղեր եկեղեցիներ հաստատած, եւ վերջապէս Զերգունի դաշտին մէջ նահատակուած է։ Մարմինը գուբի մը մէջ նետուած է, ուսկից յետ բազում ժամանակաց յայտնուեցաւ (ԿԱՂ. Ա. 95), եւ ցարդ կը պատուուի Ջալէթի Ս. Եղիշէի վանքը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք