Ասկէ ետքը նոր եղելութեան մը յիշատակութիւնը չունինք, մինչեւ հայերէն այբուբէնին գիւտը կամ կազմութիւնը, որուն թուականը այլեւս ընդհանուր համաձայնութեամբ հաստատուած է 404-ին։ Բաւական ընդարձակ ատեն մը, 15 տարիներու միջոց մըն է, որ առանց պատմութեան կը մնայ, սակայն սոյն այս լռութիւնը իր գերազանց պատմութիւնն է, որ խոհեմ եւ խաղաղաւէտ վարչութեամբ մը՝ Սահակ հայրապետ եւ Վռամշապուհ թագաւոր ձեռք ձեռքի տուած կրցան երկրին բարգաւաճման եւ զարգացման աշխատիլ։ Շատ տարիներ անցած էին շարունակ շփոթութեանց եւ պատերազմաց եւ կործանմանց եւ քայքայմանց մէջ, եւ անհրաժեշտ էր, որ ազգին շունչ առնելու միջոց մը շնորհուէր։ Քաղաքական հաշտարար վարչութիւն մը եւ եկեղեցական ճշմարիտ հովուութիւն մը հետզհետէ պատրաստեցին ազգը այնպիսի մի մեծ յաջողութեան, որ նորա ապագային երաշխաւորութիւնը պիտի ըլլար՝ հայ դպրութեան սկզբնաւորութեամբ։ Այդ մեծ արդիւնքին գլուխ կանգնած է Սահակ, իրեն հովանաւոր ունենալով Վռամշապուհը, այլ իր անբաժան ընկերակիցը եւ հարազատ ամոլակիցն եղաւ Մեսրոպ, որուն նախընթացը պէտք է քաղենք, զինքը գործի վրայ տեսնելնէս առաջ։ Նորա բուն անունն է Մաշթոց, հայրը Վարդան, ծննդավայրը Հացիկ գիւղ (24), Տարոն գաւառի մէջ, որով կը լինի Մամիկոնեան ազգի կամ ցեղի սերունդ, քանի որ արքունիքի մէջ պաշտօնավարութեամբը ռամիկ դասակարգէ չլինելն ալ կը վկայուի (25)։ Ներսէսի օրով աշակերտած է ժամանակին վարժարաններոն յոյն եւ ասորի դպրութեանց, եւ իր յաջողակութեանց եւ թերեւս իր ազգատոհմին ալ շնորհիւ, արժանի եղած է Ներսէսի հաւատարիմ աշակերտներէն մէկն ըլլալ (26), որուն մահուան ատենն ալ մօտը գտնուողներէն եղած է (ՍՈՓ, Զ, 110)։ Այդ պարագային հնար չէ եղած 20 տարեկանէ պզտիկ ենթադրել, որով ծնունդը պէտք է նշանակել մերձաւորաբար 353-ին, 5 տարեկան պզտիկ Սահակէ, որուն ծնունդը դրինք 348-ին (§ 180)։ Ներսէսի մահուընէն ետքը պետական ծառայութեան կը մտնէ՝ զինուորեալ ի դուռն Հայոց արքային (ՓԱՐ. 13), եւ Խոսրովի ատեն կը նշանակուի դրան արքունի քարտուղար (ԽՈՐ. 237), կարգեալ յերամ մատենագիր արքունի դպրացն (ՓԱՐ. 13), զոր իդէպ է իմանալ իբր յիշատակաց դպիր։ Կը յիշուի եւ Առաւան ոմն, հազարապետ արքունեաց, որուն ձեռքին տակ գործի սկսած է Մաշթոց (ԿՈՐ. 14)։ Կորիւնը հաշուով, Մեսրոպի եկեղեցականութեան մտնալէն մինչեւ գրոց գիւտը 10 տարուան միջոց պիտի նշանակուի (ԿՈՐ, 48), որով մինչեւ 394 արքունի ծառայութեան մէջ մնացած կ’ըլլայ, ուստի 389-394 հնգամեան կ’իյնայ Վռամշապուհի ատեն, եւ 384-389 հնգամեան Խոսրովի թագաւորութեան ներքեւ։ Խոսրովին ծառայած ըլլալը յիշուած է Փարպեցիէն (ՓԱՐ. 13), եւ Վռամշապուհի ատեն գործէ քաշուած ըլլալը կը վկայուի Խորենացիէն (ԽՈՐ. 245), իսկ Ներսէսի մահուընէն մինչեւ Խոսրով, 373-384 տասնամեակին մէջ, Վարազդատ թագաւորի եւ Մանուէլ խնամակալի ալ ծառայած լինելը յայտնի յիշուած չէ։ Մաշթոցի յաջողակութիւնը այնչափ էր, որ անոր արքունիքէն մեկնելէն ետքը, Վռամշապուհ ոչ գոհ ի ճարտարաց գտանէր ի դպրաց, որ կարենար անոր տեղը լեցնել (ԽՈՐ. 245)։ Սակայն Մաշթոց ի ծառայութիւն Աստուծոյ մարդասիրին դարձեալ, ամէն մեծութիւն եւ պաշտօն եւ աստիճան մէկդի կը թողուր, ի խաչակիր գունդն Քրիստոսի խառնէր, եւ անդէն վաղվաղակի ի միայնակեցական կարգ մտանէր (ԿՈՐ. 14)։ Բացատրուած ժամանակագրութեան համեմատ 394-ին Սահակ էր կաթողիկոսը, ուսումնական եւ գործունեայ միայնակեցութեան առաջնորդը, հետեւապէս անոր օրինակն էր, որ Մաշթոցն ալ կ’ոգեւորէր, եւ անոր էր, որ կը դիմէր Մաշթոց իր նոր կոչումը նուիրագործելու եւ արդիւնաւորելու։ Սահակի եւ Մաշթոցի մերձաւոր տարիքը, եւ երկուքին ալ Տարոնի մէջ մանկութիւննին անցուցած լինելը, իբր հին ծանօթներ կը ներկայացնեն մեզ այս երկու երանելիները, եւ հարկաւ Սահակ՝ նախատեսելով Մաշթոցի յուսալի ապագան, թէ ոչ յորդորած, գոնէ ուրախութեամբ ընդունած է արքունական դիւանի ճարտար դպիրին եկեղեցական կոչման մտնելը (27)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք