Սահակի նախընթացին վրայ թէպէտ աստ եւ անդ ակնարկներ ըրած ենք, բայց կ’արժէ, որ այստեղ ալ ամփոփում մը ներկայացնենք։ Անոր ծնունդը Կեսարիոյ մէջ եղած ըսինք (§ 116), երբ Ներսէս ու Սանդուխտ մանկամարդ ամուսիններ այնտեղ կը մնային ուսմանց հետեւելով։ Հաստատուն տեղեկութիւն մը, զոր բոլոր ժամանակակիցներ, Կորիւն, Խորենացի եւ Փարպեցի միաձայնութեամբ կը կրկնեն, Սահակի ծննդեան օր կը նշանակէ նաւասարդի 30-ը (ԿՈՐ, 41, ՍՈՓ, ԺԱ, 28, ԽՈՐ, 270, ՓԱՐ, 37)։ Արդ, ուրիշ կողմէ գիտենք, թէ 350-ին Ներսէս արդէն Բիւզանդիոն անցած էր, իսկ նախընթաց 348 եւ 349 տարիներուն նաւասարդի 30-ը շարժական տոմարի հաշուով, կ’իյնայ Սեպտեմբեր 29-ին, եւ մենք նկատի առնելով բոլոր մանր մունր պարագաներն ալ, զորս բացատրել երկար կը լինէր, 328 Սեպտեմբեր 29-ը կը դնենք իբրեւ ճիշդ թուական Սահակի ծննդեան։ Սակայն շատ շուտ անմայր որբ կը մնար մանկիկը, զոր հարկաւ Հայաստան կը դարձնէր իր պապն Վարդան Մամիկոնեան, երբ իր վաղամեռիկ աղջկան Սանդուխտի մարմինը կը բերէր ու կը թաղէր Թիլ աւանը, իսկ փոքրիկ Սահակը կը յանձնէր՝ իր մայրենի պապոնց Մամիկոնեանց տունը Տարոնի մէջ, ու կը սնանէր եւ առաջին մանկութիւնք կ’անցնէր Սահակ, վասնզի հայրը Ներսէս, այրիացեալ երիտասարդ, ուսմանց համար անցած էր Բիւզանդիոն, իսկ հօրենական պապոնց կողմէն ոչ ոք կար, որ կարենար անոր խնամքը ստանձնել։ Երբոր Սահակ չափահաս պատանեակ մը եղաւ, Ներսէս չէր կրնար այլեւս զանց ընել իր հայրական պարտաւորութիւնը, եւ ամէն հոգ տարաւ որպէսզի իր միածինը, եւ Լուսաւորչեան ազգատոհմին միակ շառաւիղը, արժանաւոր զարգացում ստանայ, եւ այս նպատակով երկար տարիներ զայն պահեց Կեսարիոյ եւ Բիւզանդիոյ հռչակաւոր ուսոմնարաններուն մէջ։ Սահակի ստացած զարգացման աստիճանին համար կը գրէ Փարպեցի, թէ յոյժ առլցեալ անցուցանէր վարժիւք զբազում գիտնովքն Յունաց, եղեալ կատարելապէս հմուտ երգողական տառիցն եւ հռետորական յորդասաց յայտնութեան, եւս առաւել տեղեկացեալ փիլիսոփայական արուեստիցն ցուցանիւր (ՓԱՐ, 16)։ Սահակի ամբողջ գործունէութիւնը զննած ատեննիս յայտնի կը տեսնենք, որ նա յունական դպրութեանց հետ յառաջացած էր ասորական եւ պարսկական լեզուներու մէջ ալ, որոնցմէ առաջինը պիտի լրացնէր իր եկեղեցական հմտութիւնները, եւ երկրորդը պիտի դիւրացնէր իր վարչական յարաբերութիւնները։ Իսկ հայերէն դպրութեանց խօսքն ընել աւելորդ է, քանի որ տակաւին գոյութիւն չունէր, եւ իրմով պիտի սկսէր ժամանակին։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք