ՀԱԳՈՒՍՏԻ ՏԱՐԱԶԸ (167)

Զաւէնի անձնաւորութեան համար բոլորովին լուռ է Խորենացին, իսկ կենսագիրը կը ճանչնայ զայն իբր առաքինահրաշ վարուք պայծառացեալ մէկ մը (ՍՈՓ. Է. 28), մինչ Բուզանդ իր սովորական ոճով կը նկատէ զայն իբր բարոյիւք այր չարարար, խիստ եւ նախանձոտ (ԲԶՆ. 271), որ կը սիրէր հագուիլ սգուիլ ու սիգալ, եւ որկորոտութեամբ, ագահութեամբ եւ անառակութեամբ կեայր զամենայն աւուրս կենաց իւրոց (ԲԶՆ. 272)։ Երկու իրարու ներհակ վկայութիւներէն առաջինը կ’ընդունի Պատմաբան կաթողիկոսը (ՅՈՎ. 68), եւ ուրիշ հեղինակներ, եւ մենք ալ նոյն կարծիքին պիտի հետեւինք, որովհետեւ ոչ մի մասնաւոր գործ կամ արարք յառաջ չի բերուիր Զաւէնի դէմ, եւ եղելութեանց վրայ չհիմնուած դատաստաններ՝ ոյժ չեն կրնար ունենալ։ Բոլոր մեղադրանքը զգեստին համար է, թէ՝ Զաւէնն աթինեալս եւ զտապակեալս, զժապաւինեալս նարօտօք ագանէր, եւ թէ՝ զսամուրենիս եւ զկնդմենիս եւ զգայլենիս ագանէր (ԲԶՆ. 271), որ է ըսել, թէ՝ մուշտակ կը հագնի եղեր, եւ հագուստները զարդարուն եւ արդուկուած են եղեր, եւ չենք կարծեր թէ այսչափով մարդ մը չարագործի կարգ անցնի։ Մանաւանդ որ այդ տեղեկութիւնները Բուզանդի գիրքին ծայրը աւելցուած կցկտուր կտորներէն են, որոնք բնաւ հեղինակութեան յարգ չեն վայելեր։ Եթէ լաւ մտադրութիւն դարձնենք ժամանակին սովորութեանց վրայ՝ պիտի տեսնենք, թէ Լուսաւորչի ազգատոհմը՝ Գրիգորէ եւ Արիստակէսէ սկսելով, կրօնաւորական եւ ճգնաւորական ձեւ մը ունէր իր կենցաղին եւ տարազին մէջ, որ պարտաւորիչ չէր բոլոր եկեղեցականութեան, մանաւանդ աշխարհիկ կամ ամուսնական կեանքի մէջ ապրող եկեղեցականութեան, ինչպէս սովոր էր ապրիլ Մանազկերտացեաց տունն ալ։ Խադի վրայ խօսած ատեննիս ալ այդ դիտողութիւնը ըրինք (§ 131)։ Զաւէն կը մեղադրուի նաեւ, որ թոյլ կու տար քահանաներուն զխոտորկտուրսն ի վերայ ծնգացն ունել, եւ չէր ստիպեր, որ ըստ կրօնիցն ագանէին զպճնաւորն, եւ մինչեւ իսկ կը ներէր, որ զմորթ մեռելոտի գազանացն ագանէին (ԲԶՆ. 271)։ Այդ կտորը եւս քան զեւս կը հաստատէ մեր տուած բացատրութիւնը, թէ կրօնաւորներու եւ վանականներու պճզնաւոր սքեմ մը կանոն էր, բայց ոչ նոյնպէս աշխարհիկ եկեղեցականներու, որոնք ազնուական դասակարգի կը նկատուէին, եւ նոյն դասակարգին զգեստները կրելու իրաւունք կ’ունենային, զոր Բուզանդ հանդերձ զինուորաց կ’անուանէ, այսինքն է զգեստ ազատաց կամ ազնուական դասակարգի։ Իսկ խոտորկտուրն ի վերայ ծնգաց, աչքի առջեւ կը մնայ թէ ինչու այսչափ հեռու կ’աքսորէ։ Իսկ կենսագիրին եւ Բուզանդի պատմութեանց համեմատ զինքն հալածողներն են Մամիկոնեան եղբայրները, Մանուէլ եւ Կոն՝ հաւանաբար Մամիկոն անունի կրճատ, ինչպէս Բատը՝ Սմբատի (§ 165)։ Ասոնք Հայաստան գալով գործի գլուխ անցած էին, նախ Մանուէլ սպարապետութիւնը առած էր Սմբատ Սահառունիի ձեռքէն, յետոյ իրեն կողմ կը յանկուցանէր մեծամեծ նախարարները, եւ Վարազդատի դէմ պատերազմի կ’ելլէր Մուշեղի սպանութեան վրէժը լուծելու համար, եւ յաղթութիւնը կը տանէր Կարնոյ դաշտին մէջ (ԲԶՆ. 248)։ Մանուէլ Վարազդատը կը վանէ, եւ թող կու տայ, որ Հայաստանէ ելլէ, իր որդիներուն իսկ արգիլելով, որ չհետապնդեն եւ տիրասպանութիւն չընեն (ՍՈՓ. Զ. 122)։ Մանուէլ պատերազմէն վերջ սպանել կու տայ եւս Գարեգին Ռշտունին եւ Սմբատ Սահառունին, իբր Մամիկոնեաններու սպանութեան մեղապարտներ (ԲԶՆ 250)։ Վարազդատ Հայաստանէ փախչելով կը դիմէ Բիւզանդիոն, երբ տակաւին կենդանի էր Վաղէս, որ մեռաւ 379-ին, որով Վարազդատի փախուստը պէտք է դնել 378-ին, քանի որ 4 տարի միայն տեւած է իր թագաւորութիւնը (ԽՈՐ. 230), եւ ոչինչ չի ստիպեր այդ թիւը փոփոխել։ Բուզանդ եւ կենսագիր աքսօրի խօսք չեն ըներ, այլ միայն կ’ըսէն, թէ՝ անդ եկաց որչափ եւ եկեաց (ԲԶՆ. 251), եւ թէ՝ ի նմին անդէն վախճանեցաւ (ՍՈՓ. Զ. 122), որ է ըսել, թէ՝ Վարազդատ Յունաստանի մէջ մնաց, ու հեռաւոր կղզիներ չղրկուեցաւ, ինչպէս Խորենացին կ’ըսէ, միայն թէ օգնութեան արժանի չսեպուեցաւ Վաղէսէ, որ 378-ին հապճեպով Գոթաց դէմ պատերազմի կ’երթար։ Իսկ Թէոդոսի խօսք չի կրնար ըլլալ, որ 379-ին կայսր եղաւ։ Կրնանք ալ ըսել, թէ Վաղէս արեւմուտքի կողմէն եկած արշաւանքներէն նեղուած, արեւելքի գործերուն մտադրութիւն դարձնելու միջոց չգտաւ։ Գահազուրկ Վարազդատ դեգերեցաւ անորոշ ժամանակ Յունաստանի մէջ, ուր իր առաջին տարիները անցուցած էր, եւ որոշ բան մը չենք կրնար ըսել անոր մահուան վրայ։ Բայց ի՞նչ կ’ընէր Զաւէն, երբոր եղբայրասպան պատերազմը կը մղուէր Կարնոյ դաշտին մէջ, երբոր Հայեր՝ թէպէտ ծանրապէս նեղուած արտաքին թշնամիներէն, տակաւին չէին մտածէր միանալով իրենց օգուտը խորհիլ, եւ իրարու դէմ ելած զիրար կը կոտորէին։ Բարձրացո՞ւց նա արդեօք իր հայրապետական ձայնը։ Պատմութիւնը կը լռէ։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՇԱՀԱԿ ԿՈՐՃԵԱՑ (170)

Բուզանդ, Զաւենէ ետքը Շահակ Կորճեայ անունով գլուխ...

ԱՐՇԱԿ ԵՒ ՎԱՂԱՐՇԱԿ (169)

Երբոր Յոյներ ձեռնաթափ եղան Հայաստանի գործերէն,...

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ (166)

Կաթողիկոսական աթոռը Մանազկերտացի ազգատոհմին...