ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ (131)

Ողիմպիադայի սպանութիւնը Արշակի սիրահարական կիրքէն զատ, կրնար քաղաքական նպատակ ալ ունենալ։ Արշակ ինչպէս փոփոխած էր իր բարոյական ընթացքը, նոյն կերպով քաղաքականն ալ այլայլած էր։ Այն յունասէր քաղաքականութիւնը, որով Արշակ կրցած էր իր թագաւորութիւնը ստանալ, եւ որով վարուած էր իր առաջին տարիները, տակաւ պաղած էր իր սիրտին մէջ։ Շապուհի հրապոյրները եւ խոստումները զօրացած էին իր վրայ, եւ քիչ քիչ Պարսից կողմը հակելու սկսած էր։ Շուրջ 356-ին, որ է ըսել Յուլիանոսի պատերմազմէն 8 տարի առաջ (ԲԶՆ. 140), Արշակ Պարսկաստան ալ գացած էր Վարդան Մամիկոնեանի խորհրդով, եւ այնտեղ բարեկամութեան երդում ալ ըրած էր աւետարանի վրայ, բայց յետոյ Վասակ Մամիկոնեանի գրգռութեամբ յանկարծ հեռացած էր Պարսկաստանէն (ԲԶՆ. 130), եւ Շապուհ նորէն Վարդանի ձեռքով բարեկամական խոստումները կը նորոգէր (ԲԶՆ. 131), եւ Արշակ շատ մը դեդեւելէն ետքը, վերջապէս Պարսից կողմը կը հսկէր եւ անոնց օգնութեան գունդեր ալ կը յղէր Միջագետք՝ 358-ին (ԲԶՆ. 134)։ Արդ, այս միջոցին շատ յարմար պիտի ըլլար յոյն թագուհիին մէջտեղէն վերցնել, որ սկիզբէն ալ իբրեւ պարտք մը իրեն վրայ գրուած էր Կոստանդ կայսեր կողմէն։ Այդ դիտողութիւնք եւս քան զեւս կը հաստատէն, թէ Մրջիւնիկի թելադրիչը Արշակ էր, եւ ոչ թէ Փառանձէմ։ Նոյն դիտողութիւնները կը պարզեն եւս Ներսէսի ընթացքը։ Անհնարին է ուրանալ Ներսէսի յունասէր քաղաքականութիւնը, որ չէր կրնար երբեք համակերպիլ Արշակի նոր սկսած պարսկասէր քաղաքականութեան, եւ կրակապաշտը նախադասել քրիստոնեային։ Հետեւաբար յարաբերութիւնները սկսած էին պաղիլ թագաւորին եւ հայրապետին միջեւ, երբոր վրայ հասան Արշակի կատարել տուած ոճրագործ սպանութիւնները Տիրանի, Գնէլի, Տիրիթի եւ Ողիմպիադայի վրայ։ Եթէ Ներսէս Արշակի հետ յարաբերութիւնները խզեց, եւ արքունիքէն ոտքը կտրեց, եւ քաղաքական գործերէ հեռացաւ, Արշակի ոճիրներէն զզուած ըլլալէն զատ, անոր քաղաքական ուղղութեան անհամաձայն ըլլալու պատճառն ալ ունէր։ Ասոր հետ մէկտեղ, Ներսէս ինքն ալ կատարելապէս գոհ չէր կրնար ըլլալ Յոյն կայսրներու ընթացքէն, որ բացարձակ եւ համարձակ կերպով անոնց վստահէր, եւ անոնց մօտենալու կէտը պնդէր։ Կոստանդի երկդիմի ընթացքը հետզհետէ շեշտուած էր, նա յայտնապէս Արիանոսներու պաշտպանութիւն կ’ընէր եւ ուղղափառը կը հալածէր, բան մը որուն Ներսէսը չէր կրնար համակերպիլ, եւ ոչ ալ Կոստանդի ձեռք յանձնել հայկական թագաւորութեան ուղղութիւնը։ Կոստանդի մեռնելէն ետքը, 361-ին անոր յաջորդած էր Յուլիանոս, որ քայլ մը եւս յառաջանալով հեթանոսական կռապաշտութիւնը վերակենդանացնելու գաղափարը յղացած եւ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս եւ իշխանաբար հալածելու սկսած էր։ Ինչպէս կարենար Ներսէս Բիւզանդիոյ կայսրութեան հովանաւորութեան վստահիլ։ Միւս կողմէն չկրնալով պարսկասէր քաղաքականութեան ալ օժանդակել, խոհեմութիւն սեպեց բոլորովին քաղաքական գործերէ քաշուիլ. թողուլ թագաաւորն ու նախարարները որ առանց իրեն գործեն, եւ ինքն ալ մասնակից չըլլայ անկերպարան անցուդարձին, որուն ոչ կրնար համակերպիլ, եւ ոչ ալ բացարձակօրէն հակառակիլ։ Բայց երբ Ներսէս քաղաքական յարաբերութիւնները կ’ընդհատէր, իր հովուական պարտաւորութիւնները չէր լքաներ, ընթանայր շրջէր ընդ գաւառս Վասպուրականի եւ հաստատէր զկարգս եկեղեցւոյ (ՍՈՓ. Զ. 49). կը տարածէր իր հոգածութիւնը յամենայն գաւառս Հայոց (ԲԶՆ. 115), մերթ ալ հեռանայր ի Վիրս. եւ անդ նորոգէր եկեղեցիս յոլովս (ՍՈՓ. Զ. 49), եւ մերթ ալ հեռանայր յաշխարհէս եւ հասանէր ի քաղաքն Ուրհայ՝ Միջագետքի մէջ (ՍՈՓ. 66), որ ըսել է թէ ամէն կողմեր հովուական այցելութիւններ կու տար։ Ներսէսի այդ կեանքը 359-էն Գնէլի սպանութենէն սկսելով, շարունակեց մինչեւ 363, Յուլիանոսի մահը։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐԸ (156)

Ներսէսի առաջին գործակից եւ հաւատարիմ հետեւող Խադ...

ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ (155)

Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին,...

ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ (154)

Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր...