Սուրբ Գիրքէն ետքը անհրաժեշտ պէտք եղող գիրքերը ծիսական կարգադրութիւններն էին, եւ Սահակ ու Մեսրոպ անմիջապէս անոր ձեռնարկեցին՝ զեկեղեցական զգրոց, զգումարութիւն կանխաւ ի յունական բարբառոյ ի հայերէն թարգմանեալ (ՍՈՓ. ԺԱ. 17)։ Հին պատմագիրներէն որոշակի չենք գտներ, թէ ո՞ր կարգադրութիւններ կամ կանոններ ուղղակի Սահակի ձեռքէն ելան, կամ Սահակի կողմէն հաստատուեցան, թէպէտեւ նորեր կը յիշեն Պատարագամատոյցը իբրեւ ամենէն առաջ պատրաստուած, Ձեռնադրութեանց կանոնը 410-ին, Աշխարհաթաղը 413-ին, Քահանայաթաղը եւ Հոգեհանգիստը անկէ ետքը, եւ Սերմնօրհնէքը 423-ին (ՅՇԿ. Ա. 327-329)։ Ամէն առթի մէջ ծիսարանի պէտքը այնչափ անհրաժեշտ էր, որ հնար չէ ենթադրել, թէ Սահակի ժամանակէն պատրաստուած չ’ըլլան գլխաւոր խորհրդակատարութեանց կանոնները, ինչպէս են մկրտութիւնն ու դրոշմը, նշանն ու պսակը, ձեռնադրութիւններն ու թաղումները։ Այդ կանոնները պարունակող ծիսարանը Մաշտոց անունով կը կոչուի սովորաբար, եւ այդ մտածել տուած է, թէ գլխաւորապէս Մեսրոպն է եղած այդ կանոնները կազմողը, թէպէտեւ ոչ Կորիւն, եւ ոչ ժամանակակիցներ այդ բանը չեն յիշած։ Այս լռութեան պատճառով ուրիշներ ծիսարանին կազմութիւնն ու լրացումը վերագրեցին Մաշտոց Եղիվարդեցի կաթողիկոսին, Թ. դարուն վերջը, որ թէպէտ շատ համառօտ հայրապետութիւն վարեց, բայց գործունեայ վարդապետական երկար շրջան մը ունեցած էր։ Խորհրդակատարութեանց ի յունական բարբառոյ թարգմանեալ ըլլալը, այժմ ալ նկատելի է բաղդատութեանց մտնելով, սակայն միանգամայն կը ստուգուի, թէ եղածները բոլորովին ստրկական թարգմանութիւններ չեն եղած, այլ ազգային սովորութեանց համեմատ փոփոխութիւններ մուծուած են, նկատի առնելով մանաւանդ Լուսաւորչի ժամանակէն նուիրագործուած կարգադրութիւնները, մինչեւ իսկ պահելով բառերու կամ բացատրութիւններու անճշդութիւնները (§ 69), որոնք հաստատուն կիրառութեամբ վաւերացում ստացած էին։ Մինչեւ այսօր ժամագիրքին ճակատը կը կարդացուի՝ արարեալ սրբոց թարգմանչացն մերոյ Սահակայ եւ Մեսրոպայ խորագիրը (ԺԱՄ. 3), Օձնեցին ալ Սահակի կը վերագրէ կանոնի քարոզները եւ աղօթքները (ՕՁՆ, 31), եւ Տաթեւացին շարականներուն մէջէն աւագ շաբաթու կարգը Սահակին կու տայ, եւ ապաշխարութեան կարգը Մեսրոպին (ՏԱԹ. 637), բայց հարկաւ ասկէ աւելի բան ալ անոնց գրիչէն ելած ըլլալու է, քանի որ պարտաւոր էին ընդհանուր կարգադրութիւնը լրացնել։ Այս կարգին պէտք է յիշել տօնակատարութեանց կանոնն ալ, սակայն դժբախտաբար բնաւ յայտնի յիշատակութիւն չենք գտներ մեր պատմագիրներուն մէջ, թէպէտ հնար չէ կասկածի ներքեւ թողուլ, որ յոյն տօնացոյցի հետեւած ատեննին՝ ազգային սուրբերու տօները աւելցուցած չըլլան։ Գլխաւորապէս, հայ տօնացոյցին յատուկ եղող եօթնեկական ձեւը, պէտք է մինչեւ Սահակայ դարը բարձրացնել, քանի որ ոչ մի յայտնի յիշատակ չկայ, որ այն ձեւը ապագայ ժամանակներու մէջ մուծուած նորամուտ փոփոխութիւն մը եղած ցուցնէ։ Նմանապէս անջուր բաժակի արարողութիւնը այնչափ հնաւանդ է ՀԱՅ Եկեղեցւոյ մէջ, որ Շնորհալին համարձակօրէն կը հռչակէ զայն իբր առ մեզ միայն հաստատեալ ի սրբոյն Գրիգորէ (ԸՆԴ. 113), եւ ինչ որ Լուսաւորչէ կը սկսէր, հարկաւ Սահակի ձեռքով օրինաւոր կարգադրութեան վերածուած է։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք