12. Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի ժամանակագրութիւնը հաստատել բաւական դժուարութեանց տեղի կու տայ։ Նախ եւ առաջ պէտք է նկատի առնուլ այն հիմնական տարբերութիւնը, զոր Հայաստանի քաղաքակրթութեան մասին կը ներկայեն մեր Խորենացիին եւ Հռովմայեցի պատմագիրներուն յառաջ բերած անուններն ու ժամանակագրութիւնները։ Խորենացիին համեմատ Քրիստոսի թուականին սկիզբը Հայոց թագաւոր կը գտնուի Աբգար եւ կ’ապրի մինչեւ 34 թուականը, որուն կը յաջորդեն Անանէ 34-38, Սանատրուկ 38-68, Երուանդ 68-88 եւ Արտաշէս 88-129։ Իսկ Հռովմայեցի պատմագիրներու համեմատ, նոր թուականին սկիզբը կը գտնուին Տիգրան Դ., որուն կը յաջորդեն Արիոբարզան եւ Արտաւազդ Ե. եւ Տիգրան Ե. (1-10), Երատտոյ (10-16), Վոնոն (16-18), Զենոն (18-34), Արշակ (34-35), Միհրդատ (35-46), Հռադամիզդ (46-53), Տրդատ (53-76) եւ Աշխադար (74-109) (5)։ Պատմական պարագաներու շատ մը մերձեցումներ կը թելադրեն ՍանատրուՄիհրդատի, Երուանդ-Հռոդամիզդի եւ Արտաշէս-Տրդատի նոյնացումներ կազմել, սակայն մեր նպատակը չէ քաղաքական պատմութեամբ զբաղիլ, այլ միայն եկեղեցական եւ քաղաքական պատմութեանց համաձայնութիւնները որոնել, եկեղեցական պատմութիւնը հաստատուն գետնի վրայ դնելու համար։ Արդ այն Սանատրուկը որ ըստ աւանդական պատմութեան Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի նահատակողն է եղած, դժուարաւ կրնայ Միհրդատի թուականին հետ համաձայնիլ։ Սակայն մենք ոչ կրնանք թուականներուն ճշդութեան վրայ պնդել, եւ ոչ այլ հարկ կը սեպենք ըսել թէ հարկաւ թագաւորն էր, որ անձամբ սպանմանց գործադրութիւնը կ’ըներ։ Հետագայ պատմութիւններէն գիտենք որ Ծոփաց նախարարը Ս. Արիստակէսի, Փայտակարանի բդեշխը Ս. Գրիգորիսի, եւ Սալահունեաց նախարարը Ս. Թէոդորոսի նահատակողներն եղան, եւ անհնար չէր որ Կորդուաց կամ Վասպուրականի կողմնակալ մըն ալ առաքեալներուն նահատակողն եղած ըլլար։ Ուրիշ տեսութեամբ ալ թագաւորական հրամանի գործադիրները կրնան թագաւորի անձին հետ շփոթուած ըլլալ, եւ թագաւորին հրամանը եւ թագաւորական հրամանը իրարու հետ փոխանակոած։ Հետեւաբար բնաւ առաքելական պատմութեան ստուգութիւնը չի կրնար վտանգուած սեպուիլ, թէեւ Սանատրուկի անձին եւ ժամանակին հանգամանքները դժուարաւ յարմարին երկու առաքեալներուն քարոզութեան եւ նահատակութեան թուականներուն հետ։ Անուններու եւ տարիներու փոփոխութեամբ աւանդական պատմութեան հիմը չի խախտիր, եղելութիւններ կրնան իրենց հանգամանքներուն մէջ բերնէ բերան այլայլուիլ, բայց այս պատճառաւ եղելութինւններ իրենց գոյութիւնը չեն կորսնցներ։ Ուրիշ աղբիւրներ Բարթողիմէոսը նահատակողը կ’անուանեն Աժդահակ թագաւոր Հայոց (ՎԻԿ. Ա. 1472), սակայն գիտենք որ արեւելքի իշխողներ տարբեր տարբեր անուններով կոչուած են, եւ ստէպ պատուանունները անուններու հետ շփոթուած են։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք