8. Հայոց աշխարհին լուսաւորութեան բուն պատմութիւնը կը սկսի Թադէոսի Հայաստան մտնելէն, որ զանազան կողմեր առաքելական պտոյտներ ընելէ ետքը կը հասնի Արտազ գաւառի Շաւարշան քաղաքագիւղը, ուր էին հովոց գետինք թագաւորացն Հայոց եւ ուր կը գտնուէր Սանատրուկ թագաւոր (2) (ՍՈՓ. Ը. 13)։ Թադէոսի քարոզութիւններ եւ բժշկութիւններ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան եւ բազումք հաւատացին ի Քրիստոս, ընդ որս եւ Սանդուխտ, դուստր թագաւորին։ Ասոր վրայ Սանատրուկ բարկանալով կը հրամայէ սրամահ առնել զհաւատացեալսն, եւ Սանդուխտը բանտարկել։ Թադէոս ազատ կը մնայ հրաշքով, եւ Սանդուխտն եւ ուրիշ բանտարկեալները կը քաջալերէ, բանտապաններէն 33 հոգի կը հաւատան եւ կը մկրտուին։ Թագաւորին կողմէ իշխան մը բանտ կը ղրկուի Սանդուխտը տարահամոզելու, բայց այն ալ կը հաւատայ 50 ընկերներով, եւ դարձեալ 200 հոգի կը նահատակուին թագաւորին հրամանով։ Նոր փորձերէ ետքը, Թադէոս եւ Սանդուխտ եւ ուրիշ հաւատացեալներ թագաւորին առջեւ կը հանուին։ Առանձին ողոքանքիներ կը գործածուին Սանդուխտի վրայ. կը սպառնան եւ կը կապեն ալ, բայց հրաշքով կապերը կը լուծուին։ Թագաւորէն ղրկուած նոր իշխան մըն ալ կը հաւատայ եւ մկրտուելով կը կոչուի Սամուէլ եւ կը նահատակուի. ուրիշ 3 ու 4 գլխաւորներ ալ ասոր ետեւէն. անոնցմէ ետքն ալ կը նահատակուի Զարմանդուխտ անուն իշխանուհի մը ի մերձաւորաց թագաւորին (ՍՈՓ. Ը. 40)։ Վերջապէս Սանդուխտի սպանման վճիռը կը տրուի, սակայն հրաշքներ տեղի կ’ունենան, եւ սխալմամբ դահճապետը կը զարնուի, եւ ժողովուրդէն 2000 հոգի եւս կը հաւատան ու կը մկրտուին։ Իսկ Սանդուխտ կը նահատակուի կուրծքէն զարնուելով։ Երեք օր ետքը կը ձերբակալուի Թադէոս առաքեալն ալ, նախ գազաններու առջեւ եւ յետոյ հնոց կը նետուի, եւ երկուքէն ալ անվնաս ազատելուն վրայ՝ 433 հոգի կը հաւատան, կը մկրտուին ու կը նահատակուին։ Առաքեալը գլխատման կը տարուի, բայց դահիճը սխալմամբ իր եղբայրը՝ Զեմենտոսր կը զարնէ, զոր առաքեալը կը կենդանացնէ եւ անոր վրայ 720 հոգի եւս կը հաւատան, եւ վերջապէս Թադէոս սրով կը նահատակուի։ Լոյս մը կը ճառագայթէ եւ մերձակայ վէմ մը կը բացուի եւ առաքելոյն մարմինը ներս կ’առնէ, եւ 3400 հոգի կ’ըլլան հաւատացեալները։ Սանդխտոյ նահատակութեան օր կը նշանակուի քաղոցի 7 եւ Թադէոսի քաղոցի 14. իսկ Յայսմաւուրքի մէջ Օգոստոս 20-ին գրուած է. Յիշատակ սուրբ առաքելոյն Թադէոսի լուսաւորչին Հայոց, եւ վկայութիւն աշակերտաց իւրոց Սամուէլի եւ Զարմանդխտու եւ բազմութեան հազարուցն որ ընդ նոսա կատարեցան ի Սանատրկոյ։ Այս է Հայոց առաջին լուսաւորութեան պատմութեան ամփոփումը, համաձայն հնաւանդ գրութեանց, որ Դ. դարու գործ համարուած են գրագէտներէ, եւ որ պարզապէս ազգային աւանդութեան վրայ հիմնուած է։ Այդ պատմութեան վրայ դիտողութիւննիս, կը յետաձգենք Բարթողիմէոսի պատմութենէն վերջ, Հայոց առաջին լուսաւորութեան պարագաները լրացնելէ ետքը։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք