ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (181)

Սահակի ընտանեկան վիճակին գալով, հնար չէ շատ յետաձգել անոր ամուսնութիւնը։ Վարդան Մամիկոնեան, որ Սահակի թոռն է, 417-ին, դեսպանութեամբ Բիւզանդիա կը ղրկուի (ԽՈՐ, 252), եւ այնտեղ կայսրութեան կողմանէ ստրատելատի աստիճան ու պաշտօն կը ստանայ (ԽՈՐ, 254)։ Արդ, ենթադրելով, որ այն ատեն Վարդան գոնէ 28 տարեկան եղած ըլլայ, եւ Սահակի աղջիկն ալ 18 տարեկան մայր եղած ըլլայ, Սահակի ամուսնութիւնը պէտք կ’ըլլայ նշանակել 370-ին, իր 22 տարեկան եղած ատեն, ինչ որ շատ բնական եւ հաւանական հաշիւ մըն է։ Պատմութիւնը մեզի չէ հասցուցած Սահակի ամուսնոյն՝ ոչ անունը եւ ոչ ազգատոհմը, եւ անոնք որ Շուշան անունը տուած են, պարզ ենթադրութենէ կ’առաջնորդուին, կարծելով թէ մեծ մամին անունը կրկնուած է իր թոռնորդւոյն՝ Վարդանի աղջկան վրայ, քանի որ Սահակ աղջիկ թոռ ալ ունեցած չէր իր միակ աղջիկէն, որուն անունը Սահականոյշ, եւ համառօտութեամբ Անոյշ է յիշուած։ Սահակի արու զաւակ ունեցած չըլլալը իրեն ալ մեծ մտահոգութիւն պատճառած է, եւ ինքն իր բերնով ըսած է, թէ խորհուրդք անմխիթարք նեղէին զիս, անդադար զմտաւ ածելով եւ աղաչելով զԲարձրեալն շնորհել ինձ արու որդի, որպէս եւ նՍահակի ընտանեկան վիճակին գալով, հնար չէ շատ յետաձգել անոր ամուսնութիւնը։ Վարդան Մամիկոնեան, որ Սահակի թոռն է, 417-ին, դեսպանութեամբ Բիւզանդիա կը ղրկուի (ԽՈՐ, 252), եւ այնտեղ կայսրութեան կողմանէ ստրատելատի աստիճան ու պաշտօն կը ստանայ (ԽՈՐ, 254)։ Արդ, ենթադրելով որ այն ատեն Վարդան գոնէ 28 տարեկան եղած ըլլայ, եւ Սահակի աղջիկն ալ 18 տարեկան մայր եղած ըլլայ, Սահակի ամուսնութիւնը պէտք կ’ըլլայ նշանակել 370-ին, իր 22 տարեկան եղած ատեն, ինչ որ շատ բնական եւ հաւանական հաշիւ մըն է։ Պատմութիւնը մեզի չէ հասցուցած Սահակի ամուսնոյն՝ ոչ անունը եւ ոչ ազգատոհմը, եւ անոնք որ Շուշան անունը տուած են, պարզ ենթադրութենէ կ’առաջնորդուին, կարծելով թէ մեծ մամին անունը կրկնուած է իր թոռնորդւոյն՝ Վարդանի աղջկան վրայ, քանի որ Սահակ աղջիկ թոռ ալ ունեցած չէր իր միակ աղջիկէն, որուն անունը Սահականոյշ, եւ համառօտութեամբ Անոյշ է յիշուած։ Սահակի արու զաւակ ունեցած չըլլալը իրեն ալ մեծ մտահոգութիւն պատճառած է, եւ ինքն իր բերնով ըսած է, թէ` խորհուրդք անմխիթարք նեղէին զիս, անդադար զմտաւ ածելով եւ աղաչելով զԲարձրեալն շնորհել ինձ արու որդի, որպէս եւ նախնեացն իմոց, որք յառաջ քան զիս էին ամուսնացեալք յաղագս որդեծնութեան (ՓԱՐ, 28)։ Լուսաւորչի ազգատոհմին շառաւիղը պահելու փափաքը, եւ ժառանգական արժանեաց սկզբունքը, ինչպէս կը տեսնուի, ոչ թէ ընդհանուր ազգին, այլեւ նոյնիսկ Լուսաւորչի թոռներուն համար հաստատուն հաւատք մը եղած էր։ Հարկաւ ամուսնութեան համար Սահակ Հայաստան դարձած էր, իր հօր կաթողիկոսութեան վերջին շրջանին։ Ներսէսի հետ մէկտեղ 365-ին Բիւզանդիոնէ դարձած ըսել շատ կանուխ կ’ըլլայ՝ Սահակի տարիքը նկատելով, որ տակաւին 17 տարեկան պատանի մը կ’ըլլայ այն ատեն, եւ հաւանաբար հազիւ թէ այդ առթիւ հօրը հետ Կեսարիայէ Բիւզանդիա անցած ըլլայ 364-ին։ Ամէն առթի մէջ ամուսնութիւնը, Ներսէսի մահուընէն, այսինքն 373-էն առաջ պէտք է դնել, զի Ներսէսի ալ հնար չէր Լուսաւորչեան շառավիղին պահպանութեան հոգածութիւնը անտեսել։ Արու զաւակ չունենալու մտմտուքը պատճառ եղած է Սահակի տեսիլքին, զոր միայն իր վերջին օրերուն պատմած է ինքը, առանց որոշակի ժամանակ մը նշանակելու։ Տեսիլքը տեղի ունեցած է աւագ Ուրբաթի մը հսկումին գիշերը, մինչ ինքը նստած էր մերձ առ սեղանն Աստուծոյ ի սուրբ եկեղեցւոջն Վաղարշապատ քաղաքի (ՓԱՐ, 28)։ Սեղանին մօտ նստիլը, արդէն եկեղեցական եղած ըլլալը կը ցուցնէ, առանց տակաւին բարձր աստիճանի հասած ըլլալու, ամուսնութենէն բաւական տարիներ անցած, բայց ամուսինը դեռ կենդանի, եւ այդ պարագաները միացնելով է, որ Յայսմաւուրքը կրցած է եզրակացնել, թէ` զայս ամենայն ետես ի սարկաւագութեան (ՅԱՅ, 60)։ Մենք ալ այդ տեսութեանց հետեւելով, մերձաւորաբար 378-ին կը դնենք տեսիլքին օրը, Սահակի երեսուն տարեկան եղած ատեն, որ տարին աւագ Ուրբաթը հանդիպած է Մարտ 30-ին, իսկ միջոցը կ’իյնայ Զաւէնի կաթողիկոսութեան օրերուն։ Գուցէ Արշակ եւ Վաղարշակ մանուկներու թագաւորելն ալ իր միտքը զարթուցանելու առիթ տուաւ։ախնեացն իմոց, որք յառաջ քան զիս էին ամուսնացեալք յաղագս որդեծնութեան (ՓԱՐ, 28)։ Լուսաւորչի ազգատոհմին շառաւիղը պահելու փափաքը, եւ ժառանգական արժանեաց սկզբունքը, ինչպէս կը տեսնուի, ոչ թէ ընդհանուր ազգին, այլեւ նոյնիսկ Լուսաւորչի թոռներուն համար հաստատուն հաւատք մը եղած էր։ Հարկաւ ամուսնութեան համար Սահակ Հայաստան դարձած էր, իր հօր կաթողիկոսութեան վերջին շրջանին։ Ներսէսի հետ մէկտեղ 365-ին Բիւզանդիոնէ դարձած ըսել շատ կանուխ կ’ըլլայ՝ Սահակի տարիքը նկատելով, որ տակաւին 17 տարեկան պատանի մը կ’ըլլայ այն ատեն, եւ հաւանաբար հազիւ թէ այդ առթիւ հօրը հետ Կեսարիայէ Բիւզանդիա անցած ըլլայ 364-ին։ Ամէն առթի մէջ ամուսնութիւնը, Ներսէսի մահուընէն, այսինքն 373-էն առաջ պէտք է դնել, զի Ներսէսի ալ հնար չէր Լուսաւորչեան շառավիղին պահպանութեան հոգածութիւնը անտեսել։ Արու զաւակ չունենալու մտմտուքը պատճառ եղած է Սահակի տեսիլքին, զոր միայն իր վերջին օրերուն պատմած է ինքը, առանց որոշակի ժամանակ մը նշանակելու։ Տեսիլքը տեղի ունեցած է աւագ Ուրբաթի մը հսկումին գիշերը, մինչ ինքը նստած էր մերձ առ սեղանն Աստուծոյ ի սուրբ եկեղեցւոջն Վաղարշապատ քաղաքի (ՓԱՐ, 28)։ Սեղանին մօտ նստիլը, արդէն եկեղեցական եղած ըլլալը կը ցուցնէ, առանց տակաւին բարձր աստիճանի հասած ըլլալու, ամուսնութենէն բաւական տարիներ անցած, բայց ամուսինը դեռ կենդանի, եւ այդ պարագաները միացնելով է, որ Յայսմաւուրքը կրցած է եզրակացնել թէ զայս ամենայն ետես ի սարկաւագութեան (ՅԱՅ, 60)։ Մենք ալ այդ տեսութեանց հետեւելով, մերձաւորաբար 378-ին կը դնենք տեսիլքին օրը, Սահակի երեսուն տարեկան եղած ատեն, որ տարին աւագ Ուրբաթը հանդիպած է Մարտ 30-ին, իսկ միջոցը կ’իյնայ Զաւէնի կաթողիկոսութեան օրերուն։ Գուցէ Արշակ եւ Վաղարշակ մանուկներու թագաւորելն ալ իր միտքը զարթուցանելու առիթ տուաւ։

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...