4. Բայց ասկէ աւելի հռչակուած աւանդութիւն է, թէ այն հեթանոսները, որոնք Յիսուսի Երուսաղէմ մտած առթին, ներկայ գտնուեցան (ՅՈԲ. ԺԲ. 20), Հայ պատգամաւորներ եղած ըլլան, Աբգար թագաւորէն ղրկուած (ԽՈՐ. 106)։ Բայց այս աւանդութեան առաջին աղբիւրը ասորական է եւ կը քաղուի Լաբուրնիա Եդեսացի դպիրին գրութենէն։ Սորա պատմածին համեմատ՝ Աբգար թագաւոր Ոսրոյենիոյ կամ Եդեսիոյ, պատգամաւորներ կը ղրկէ Ասորիքի Հռոմայեցի բդեշխին, որք կը գտնեն զայն Ելաւթերուպոլիս (այժմ Պէյթճիպրին) քաղաքը, եւ դարձած ատեննին Երուսաղէմ կը հանդիպին, եւ Յիսուսի կատարած բժշկութիւններուն լուրը կը բերեն Աբգարին, որ հիւանդ էր։ Աբգար չկրնալով անձամբ Երուսաղէմ երթալ, նամակով եւ պատուիրակով Յիսուսը Եդեսիա կը հրաւիրէ, որ գայ զինքն բժշկէ, եւ Հրէից հակառակութենէն ազատուելով խաղաղութիւն վայելէ (ԼԱԲ. 3)։ Այդ պատմութիւնը իր բնագիրին մէջ պարզապէս ասորական է, նոյն գոյնով ալ փոխանցուած է Եւսեբիոսի պատմութեան մէջ (ԵՒՍ. 59). եւ միայն Խորենացիի պատմութեան մէջ, Աբգար իբր Հայոց թագաւոր ցուցուած եւ պատգամաւորներն ալ Հայ նախարարներ եղած, եւ Երուսաղէմի մուտքին առթիւ Յիսուսի ներկայացող հեըանոսներուն հետ նոյնացուած են։ Երեք պատմիչներն ալ համամիտ են ըսելու, թէ Յիսուս չէ ընդունած Եդեսիա երթալու հրաւէրը, եւ խոստացած է իր կողմէ աշակերտ մը ղրկել որ Աբգարի հիւանդութիւնը բժշկէ, եւ ճշմարտութիւնը սորվեցնէ։ Այս պատասխանը Լաբուբնիայի մէջ պարզապէս բերանացի տրուած է (ԼԱԲ. 5). իսկ Եւսեբիոսի եւ Խորենացիի մէջ գրաւոր նամակի վերածուած է (ԵՒՍ. 60, ԽՈՐ. 106), եւ նամակի պատճէն մըն այ յառաջ բերուած է, որ եթէ վաւերական ըլլար, Աւետարաններէն աւելի նուիրական պիտի սեպուէր։ Սակայն աւանդութիւնը կրկնակի դժուարութեանց կը բախի, եւ ոչ միայն Լաբուբնիայի պատմութիւնը իր մէջ ստուգութեան նշանները զուրկ կը գտնուի, այլեւ Աբգարին Հայոց թագաւոր լինելը արտաքին եւ ժամանակակից պատմութեան չի համապատասխաներ։ Բայց եթէ Ծաղկազարդի օրը ոչ, գոնէ Հոգեգալստեան օրը Երուսաղէմի մէջ Հայեր ներկայ եղած կրնանք ըսել։ Այն օրը զանազան տեղերու գաղթականներ իրենց լեզուն լսեցին առաքեալներուն բերնէն (ԳՐԾ. Բ. 8), եւ իրենց լեզուն լսող Հայեր ալ գտնուեցան։ Թէպէտ սովորական օրինակներու մէջ կը կարդանք, ի Միջագետս, ի Հրէաստանի եւ ի Գամիրս (ԳՐԾ. Բ. 9) սակայն Տերտուղիանոս Ափրիկեցի եւ Օգոստինոս Հիպպոնացի՝ բազմահմուտ մատենագիրներ, ի Միջագետս, ի Հայաստան եւ ի Գամիրս կարդածաց են նոյն կտորը՝ իրենց ունեցած օրինակին մէջ։ Եւ կարի իրաւամբ, վասնզի Հրէաստան՝ Հրէից համար գաղթականութեան երկիր չէ, եւ ոչ ալ դիրքով Միջագետքի ու Կապադովկիոյ մէջտեղն է, զի Գործոց հեղինակը տեղագրական շարքով մը կը յիշէ զանազան երկիրները։ Այդ մեկնութիւններուն մասին ինչ ալ ըլլայ ստուգութիւնը, պարտք սեպած ենք մենք ազգային յիշատակները զանց չընել, բայց միանգամայն անոնց մասին եղած կարծիքներն ալ յիշել։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք