ՍԱՀԱԿԻ ՎՐԱՅ ԲՌՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ (210)

Մեսրոպ կը դառնար, բայց այս անգամ մխիթարական պարագաներու մէջ չէր կատարուէր երկու ամոլակիցներու հանդիպումը։ Երբոր Մեսրոպ կրթական առաւելութեամբ կը շրջէր զանազան կողմեր, Սահակ քաղաքական հոգերով ծանրացած, եւ անհաճոյ դիպուածներու առջեւ, սաստիկ նեղութեանց ներքեւ ինկած էր, եւ հակառակ իր ծերացած, եւ գրեթէ ութսունամեայ տարիքին պարտաւորուած էր ահագին դժուարութեանց դէմ մաքառիլ։ Արտաշիր երիտասարդ թագաւորը, ոչ իր գործին կարեւորութիւնը կրցաւ ըմբռնել, եւ ոչ ուզեց Սահակի հայրական խրատներէն օգտուիլ, այլ առջի օրէն ցուցուցած անկարգ ընթացքը օրըստօրէ սաստկացաւ, նախարարներուն հետ յարաբերութիւնները պաղեցան եւ խզեցան, ինքն ալ ամենուն զզուելի դարձաւ։ Հարկաւ կուսակցական կիրքերն ալ իրենց դերը ունեցան կացութիւնը եւս քան զեւս զկծեցուցիչ դարձնելու։ Արտաշիր շուրջն անցած դարձածը տեսնելով ալ չէր զգաստանար, եւ իր անառակ եւ անփառունակ ընթացքը կը շարունակէր, մինչեւ որ նախարարներ, իրարու հետ խորհրդակցելով ստուար մեծամասնութեամբ որոշեցին Արտաշիրի գահազրկութեան աշխատիլ՝ գերիշխան պետութեան դիմելով։ Եւ որովհետեւ ուրիշ Արշակունի մըն ալ չկար, որ անոր տեղը բարձրացնէին, իրենցմէ մէկուն ալ թագաւորական գահ բարձրացնելու ենթադրութիւնը անհնարին էր, յանձնառու եղան թագաւորութեան դադարումն ալ ընդունիլ, եւ Հայաստանի կառավարութեան պարսիկ մարզպանի յանձնելու հաւանիլ։ Որպէսզի իրենց դիմումը զօրաւոր ըլլայ, հարկ զգացին եկեղեցական իշխանութիւնն ալ իրենց համաձայնեցնել, եւ Սահակի դիմելով պահանջեցին, որ իրենց հետ միաբանի եւ իրենց գործակցի։ Այստեղ կը սկսի արիասիրտ ծերունիին աննկուն դիմադրութիւնը, զոր այնչափ գեղեցիկ կերպով ջանացած են ի վեր հանել ժամանակակից պատմագիրները (ՓԱՐ. 19-23, ԽՈՐ. 262-263)։ Նախարարներ յառաջ կը բերեն Արտաշիրի զեղծումները, իսկ Սահակ կը խրատէ, փոքր մի տանել թերութեան առն, մինչեւ որ հնար լինի յուղղութիւն բերել։ Նախարարներ կը սկսին Արտաշիրի անօրէն գործերը համրել դիցաբանելով, Սահակ չ’ուրանար պատմուածները՝ ոչ առ սուտս ունիմ զձեզ, բայց դարմանը անհնար չի կարծեր։ Նախարարներ գահընկէցութեան առաջարկը կը պնդեն, իսկ Սահակ համբերութեան կը յորդորէ, եւ աղօթքի եւ սիրոյ զօրութիւնը կը բացատրէ։ Նախարարներ չեն ուզեր անոր քարոզները լսել, եւ կը պնդեն՝ մեզ քան զայդ ոչ իմանալ ինչ է եւ ոչ առնել, եւ երբ Սահակ կը յիշեցնէ, թէ ուրիշ Արշակունի իշխան չկայ գահ բարձրացնելու համար, նախարարները կը յայտնեն, թէ պատրաստ են պարսիկ ածել ունող աշխարհիս։ Սահակ սոսկալով կը լսէ այդ պատասխանը, եւ առաքելական սկզբունքը կը յիշեցնէ, որ անհաւատից առջեւ զատուելէ խորշին, բայց նախարարներ իրենց որոշումէն ետ չեն դառնար։ Հայրապետը նոր առաջարկ մը կը դնէ մէջտեղ, այն է՝ զելս իրաց գտանել կայսերբն Յունաց Թէոդոսիւ, բայց նախարարներ այս կողմ չեն հակիր։ Կը տեսնէին, որ Բիւզանդիոյ կայսրութիւնը նախարարաց ազատութիւնները կը սեղմէր, մինչ պարսիկ կառավարութիւնը ամէն համարձակութիւն կու տար անոնց, լոկ հարկի մը վճարմամբ։ Այդ բանակցութիւնները ամիսներով կ’երկարին, եւ նախարարներ իրենց որոշումը պնդելով վերջնական կերպով կը դիմեն Սահակին, իսկ նա միշտ անդրդուելի իր միտքին վրայ կը յայտնէ որոշակի՝ ինձ քաւ լիցի մատնիչ լինել, եւ կը յաւելու, թէ՝ ընտրած դատաւորնին աւելի պիղծ է, քան ամբաստանած թագաւորնին, եւ թէ՝ չի կրնար փոխանակել զախտացեալ ոչխար ընդ առողջ գազանի։ Ասոր վրայ նախարարները սպառնալիքի կը դիմեն, թէ՝ մեք կամեսցուք քեզ չքահանայանալ մեզ։ Սպառնալիքը չէր, որ Սահակի վրայ ազդէր, սակայն չէր կրնար չցաւիլ այն հարուածին համար, զոր հայ իշխանները կը պատրաստէին հայութեան գլխուն, եւ միայն վշտացած էր, որ չէր յաջողեր չար խորհուրդը խափանել։ Այս տագնապներուն մէջ կ’անցնէր նա բաւական ամիսներ, ստէպ առանձնացած, եւ հազիւ հայրապետանոցի եպիսկոպոսները եւ երէցները եւ սարկաւագները կրնային իրեն վրայ վայրկենական սփոփանք ազդել (ՓԱՐ. 20)՝ Մեսրոպն ունենալով իրենց գլուխը։

Հատկորոշիչներ՝ կաթողիկոս, նախարարներ, Սահակ

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428...