Կապոյտ կիրակի

«ԿԱՊՈՅՏ ԿԻՐԱԿԻ»

– ՅՈՅՍ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ –

Այս անունով Կիրակի մը գոյութիւն չունի մեր տօնացոյցին կամ օրացոյցին մէջ. անոր համար առնուած է չակերտի մէջ: Յինանց վեցերորդ Կիրակին անանուն է մեր տօնացոյցին մէջ: Որչափ փափաքելի ու պատշաճ պիտի ըլլար, սակայն գոյներով ողողուած գարնան այս եղանակին, զայն ալ օժտուած տեսնել գոյնով մը, որ իր ուրոյն լոյսը ձգած ըլլար Յինանց շրջանին բազմերանգ երեսին մէկ կողմին վրայ: Արդարեւ կ’արժէր որ Կանանչի եւ Կարմիրի կողքին ունենայինք ճերմակ ու կապոյտ Կիրակիներ եւս, նշելու համար, զգալի ու զուարթ ձեւի տակ, այս Կիրակիներուն յատուկ խորհուրդները: Ու եթէ իմաստներ ուզեցինք տեսնել Կանանչ ու Կարմիր Կիրակիներու անուանակոչումներուն մէջ, ու եթէ պատճառ մը մատնանշեցինք անցեալ Կիրակին լուսապայծառ կոչելու, ունինք նաեւ իրաւունքը եւ հիմունքը Յինանց վեցերորդ այս Կիրակին ԿԱՊՈՅՏ կոչելու:

Տօնական օրուան մը պատգամը կամ նշանակութիւնը կ’արտայայտուի այդ օրուան յատուկ շարականներով եւ այդ օրը կարդացուելիք Աստուածաշնչական հատուածներու մէջ: Յինանց Զ.Կիրակին ոչ միայն անուն չունի, այլ նաեւ իրեն յատուկ շարականներ ալ չունի: Որով այս Կիրակին ալ կը կարդացուին յարութեան սովորական շարականները, ինչպէս կը կարդացուին անոնք Յինանց բոլոր սովորական օրերուն: Սակայն ամէն օր ունի իրեն յատուկ աստուածաշընչական ընթերցուածները: Արդ այս Կիրակիի յատուկ եղող ընթերցուածներէն մեզի եկող հիմնական գաղափարներէն մէկն է ՅՈՅՍԸ: Օրուան Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուելիք «Ճաշու ընթերցուած»ի հատուածներէն մէկը առնուած է Յովհաննէս Առաքեալի Առաջին Թուղթէն: Անոր անունով եկեղեցիին ժառանգ ձգուած հինգ գրութիւններու մէջ գործածուած մէկ հատիկ ՅՈՅՍ բառը հանդիպած է այս Կիրակիին: Հետեւեալն է այդ հատուածին առաջին մասը, որ կուգայ Յովհաննէսի Առաջին Թուղթին երրորդ գլուխի առաջին չորս համարներէն:

«Տեսէք, որքան մեծ է այն սէրը զոր Աստուած շնորհեց մեզի, որով մենք Աստուծոյ որդիներ կոչուեցանք: Անոր համար աշխարհ մեզի չի ճանչնար, քանզի չի ճանչցաւ զԱյն: Սիրելիներ, այժմ մենք Աստուծոյ որդիներ ենք. թէ ապագային ինչ պիտի ըլլանք դեռ յայտնի չէ, սակայն երբ յայտնուի, հաստատապէս գիտենք թէ Իրեն – Քրիստոսի – պէս պիտի ըլլանք, որովհետեւ պիտի տեսնենք զԱյն Իր եղածին պէս: Ով որ իր մէջ այս ՅՈՅՍԸ ունի կը մաքրագործէ զինքը, ըլլալու համար այնպէս մաքուր ինչպէս Քրիստոս մաքուր է»։

ՅՈՅՍԸ, Քրիստոնէական կրօնքի մէջ, Հաւատքի եւ Սիրոյ հետ կը բռնէ հիմնական տեղը: Ինչպէս չկայ քրիստոնէութիւն առանց հաւատքի ու սիրոյ, այնպէս ալ կարելի չէ երեւակայել Աւետարանի կրօնքը առանց Յոյսի: «Արդ մնան Հաւատք, Յոյս եւ Սէր» կը հաստատէ Պօղոս Առաքեալ: Ստոյգ է թէ ասոնց մէջ մեծագոյնն ու յաւիտենականը Սէրն է. բայց Սիրոյ երկու թեւերն են Հաւատքը եւ Յոյսը, որոնցմով կրնայ Սէրը թռչիլ երկրի վրայ եւ սաւառնիլ առ Աստուած:

Յոյսը ամէնէն քիչ երեւցող եւ ամէնէն քիչ իր ներկայութիւնը զգալի ընող հոգիի վիճակն է: Առաքինութեանց մանիշակը խոնարհութիւնը չէ. Յոյսն է: Իր այս համեստութեան պատճառով այնքան յաճախութեամբ չերեւիր Աստուածաշունչին մէջ: Հաւատք կամ հաւատալ բառերը աւելի քան 650 անգամ գործածուած են Ս. Գրքին մէջ. Սէր կամ սիրել բառերը՝աւելի քան 700 անգամ: Իսկ Յոյսը եւ յուսալը՝ հազիւ թէ 300 անգամ, եւ անոնց մեծ մասն ալ ոչ անպայման կրօնական իմաստով. օրինակ, Հին Կտակարանի մէջ յաճախակի գործածական է «յուսով բնակիլ յերկրի» բացատրութիւնը որ պարզապէս կը նշանակէ աշխարհի վրայ խաղաղ ու առանց անձկութեան ապրիլ: Զարմանալին այն է որ Յոյս բառը երբեք չէ գործածուած չորս Աւետարաններու մէջ պարզ այն պատճառով որ Յոյսի առարկան – Քրիստոս – մամնապէս ու տեսանելի կերպով ներկայ է Աւետարաններու էջերուն մէջ: «Յոյսի առարկան երբ տեսանելի դարձած է, հոն կանգ կ’առնէ յոյսը. երբ կը տեսնենք, այլեւս ի՞նչ պէտք կայ յուսալու» (Հռոմ. Ը. 24-25):

Հին Կտակարանի մէջ յոյսի գեղեցկագոյն արտայայտութիւնները Սաղմոսաց Գրքին մէջ են. «Տէրը իմ յոյսս է մանկութենէս ի վեր. Տիրոջ անունը Յոյս է. Արդարեւ յոյսս Տիրոջ վրայ է»: Նոյն է պարագան Առակաց եւ Իմաստութիւն Սողոմոնի կոչուած գրքերու համար. «Երբ արդարը վախճանի՝ անոր յոյսը չի կորսուիր. սակայն ամբարիշտներու յոյսը պիտի կորսուի: Տիրոջ երկիւղը (երկիւղածութիւնը) զօրութեան յոյս մըն է»: «Արդարներուն յոյսը լի է անմահութեամբ. իսկ ամբարիշտներուն յոյսը ընդունայն է: Անշնորհակալին յոյսը սառի պէս է»։ Սրտառուչ է Յոբի ողբերգական գրքի մէջ գործածուածները. «Ծառը յոյս ունի, որ կտրուելէն յետոյ դարձեալ պիտի ծաղկի, եւ անոր շառաւիղը պիտի չկորսուի, իսկ մեռած մարդը, գնաց, անգամ մըն ալ պիտի չկըրնայ վերականգնիլ: Օրերս կ’անցնին արձագանգի մը նման, ցերեկս գիշերուան կը վերածուի. գերեզմանը ինծի հայր կը կոչեմ, իսկ որդը՝ ինծի մայր եւ քոյր. ու՞ր մնաց յոյսս: Գնաց ինձմէ յոյսը հովի մը նման»:

Քրիստոնէական յոյսը առաւելաբար կը ծաղկի Պօղոս Առաքեալի գրչին տակ: Նոր Կտակարանի մէջ գործածուած 50 յոյսերէն 40ը Պօղոսի Թուղթերուն մէջ են: Իսկ 25 Յուսալներէն 20ը անոր գրչէն են: Յիշենք անոնցմէ քանի մը հատը. «Յոյսը երբեք չամչցներ: Յոյսով ապրեցանք: Յոյսի Աստուածը թող լեցնէ զձեզ ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ: Փրկութեան յոյսը իբրեւ սաղաւարտ դնենք մեր գլուխը: Յաւիտենական կեանքի ժառանգորդներն ըլլանք յոյսով: Ազնուական յոյսով կրնանք մօտենալ առ Աստուած»:

Յոյսի գաղափարը սերտօրէն կապուած է այն կեդրոնական գաղափարին, որ գոյութեան պատճառն է Յինանց օրերուն. այսինքն Քրիստոսի յարութեան: Վասնզի «Աստուած, այսինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հայրը, ըստ իր անսահման ողորմութեան, վերստին ծնաւ զմեզ ԿԵՆԴԱՆԻ ՅՈՅՍԻՆ, Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ» (Ա.Պետ.Ա.3): «Աստուած յարոյց զՔրիստոս ի մեռելոց. Եւ Անոր փառք շնորհեց, որպէսզի մեր հաւատքը եւ ՅՈՅՍԸ հաստատուին Աստուծոյ վրայ» (Ա.Պետ.Ա. 21):

Յոյս եւ Յարութիւն իրարմէ անբաժան են: Երկրորդին ծնունդն է առաջինը, ուրեմն իրաւունք ունինք յուսալու որ մենք ալ պիտի յառնենք: «Արդարեւ յարեաւ Տէր» (ՂԿ. ԻԴ.34). «Այլ արդ Քրիստոս յարուցեալ է ի մեռելոց. առաջին պտուղ ննջեցելոց: Քանզի մարդով եղեւ մահ, մարդով՝ յարութիւն մեռելոց»: Քրիստոսի յարութիւնը՝ հաւաստիք մըն է ամենքիս յարութեան: Ասիկա ոչ միայն հիմնական հաւատքն է Քրիստոնէական եկեղեցիին, այլ նաեւ անկապտելի յոյսը՝ բոլոր հարազատ հաւատացեալներու:

Հատկորոշիչներ՝ 6, կապոյտ, կիրակի

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին...