Ուրախութեան առիթ եղաւ երկուքին ալ՝ նորէն, իրարու հանդիպիլնին։ Մխիթարական էր որ բաւական տարիներ աստ եւ անդ թափառելէ ու տառապելէ ետքը, հանդարտօրէն ուսումնական գործերու պարապելու առիթը կը գտնէին։ Այն ատեն մտածեցին ալ աւելի ընդարձակել հայ գրականութիւնը, եւ զայն ճոխացնելու համար յարմար աշակերտներ յղել ուսումնական կեդրոնները, որպէսզի եւս քան զեւս վարժուին օտարալեզու ուսմանց մէջ, ծանօթանան անոնց լաւագոյն մատենագրութեանց հետ եւ ճարտար թարգմանութեամբ ճոխացնեն հայ գրականութեան պաշարը, որպէսզի հայեր կարողանան անոնցմէ օգտուիլ, առանց օտար լեզուաց համար երկար տարիներ վատնելու։ Առաջին ընտրուածներն եղան Յովսէփ Պաղնացի եւ Եզնիկ Կողբացի, որոնց պաշտօն տրուեցաւ Եդեսիա երթալ եւ ասորի մատենագրութեամբ զբաղիլ, եւ անկէ ետքը Բիւզանդիա անցնիլ։ Ըստ այսմ ուղեւորեցան եւ սկսան ասորերէն մատենագիրներ զատել, բայց հրապուրական թուղթս ստանալով, թէ Բիւզանդիոյ համար ուրիշներ կը նշանակուին (ԽՈՐ. 258), անմիջապէս ինչ գիրք որ ընտրած էին հաւատարիմ անձանց ձեռօք մեծ վարդապետներուն ղրկեցին (ՍՈՓ. ԺԱ. 16), եւ իրենք առանց հրամանի Եդեսիայէ Բիւզանդիա անցան։ Այնտեղ հասան եւս Ղեւոնդ Վանանդեցի եւ Կորիւն Սքանչելի, որոց համար թէպէտ գրուած է, թէ յիւրեանց կամաց ելին, սակայն ուրիշ տեղի համար սահմանուած ըլլալնին ըսուած չէ, այլ միայն իւրովի կանխած ըլլալնուն վրայ իմանալու է։ Բիւզանդիոյ անունը հրապուրիչ էր ամենուն համար, ուստի նաեւ Յովհան Եկեղեցացի եւ Արձան Արծրունի, որք Կեսարիա ղրկուած էին, բայց տեղերնէն դժգոհ ծուլաբար կը դեգերէին, անոնք ալ միւսներուն ետեւէն հասան Բիւզանդիա, եւ վեցն ալ լաւ ընդունելութիւն գտան Ատտիկոս պատրիարքէն, Սահակի եւ Մեսրոպի մտերիմ բարեկամէն (ԽՈՐ. 259)։ Թէպէտեւ այստեղ պատմիչը Մաքսիմիանոս պատրիարքի անունը կու տայ, սակայն ժամանակագրական թիւրիմացութիւններ սովորական են Խորենացւոյն պատմութեան մէջ։ Մաքսիմիանոս 431-ին աթոռ բարձրացաւ, իսկ մինչեւ 426 Ատտիկոսն էր, անկէ ետքը Սիմինիոս մինչեւ 428, անկէ ետքը Նեստոր մինչեւ 431, եւ միայն Նեստորի անկումէն ետքը ընտրուեցաւ Մաքսիմիանոս։ Իսկ այս առաքումները տեղի ունեցան Մեսրոպի Վաղարշապատ դառնալէն անմիջապէս ետքը, 426-էն առաջ, եւ Ատտիկոսի պատրիարքութեան օրով, քանի որ Մաքսիմիանոսի ընտրութեան տարին Սահակ արդէն աքսորուած էր Պարսկաստան։ Բիւզանդիա գացողները, ինչ կերպով ալ գացած ըլլան, արդիւնաւոր եղան նախանձաւոր բարեաց եղեալ ուսմանց, ամենայն ժրութեամբ աշխատեցան, եւ քաջ վարժեալ հելլէն դպրութեամբ, ձեռնարկեցին ի թարգմանել եւ ի գրել (ԽՈՐ. 259)։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք