15. Հայոց լուսաւորութեան ժամանակակից անձերէն են առաջին առաքեալներուն հետեւողներէն եւ աշակերտներէն ծանօթ անուններն ալ առանձինն քաղել հարկ կը սեպենք, պատմական տեղեկութիւնները լրացնելու համար։ Առաջին այդ կարգին պիտի յիշենք Ս. Ադդէ, Եդեսիոյ առաջին եպիսկոպոսը։ Ըստ Լաբուբնեայ, նա յառաջ արքունական կերպասագործ եւ խոյրարար էր, եւ առաքելոյն մահուընէ առաջ իբր յաջորդ նշանակուեցաւ (ԼԱԲ. 44. 46), եւ ըստ Խորենացւոյն սրամահ նահատակուեցաւ Անանունի հրամանով (ԽՈՐ. 112)։ Անոր, այսինքն Սրբոյն Ադդէի եպիսկոպոսի Եդեսիոյ քաղաքի, աշակերտին Թադէոսի յիշատակութիւնը տօնացոյցի մէջ անցած է անշուշտ ասորական աւանդութեան հետեւողութեամբ, եւ եթէ ոչ նախնական, բայց բաւական հին տօնացոյցներու մէջ ալ կը գտնուի։ Ադդէի տօնին կցուած է յետոյ Ս. Աբգար թագաւորին տօնը, սակայն այս հաւասարապէս հնաւանդ չէ, որովհեւտեւ նոյնիսկ Կիլիկեցւոց վերջին ժամանակները գրուած տօնացոյցներու մէջ ալ չի գտնուիր, այլ միայն Ադդէի տօնին օրը կը յիշուի, թէ ընթեռնուն յեկեղեցւոջ զթուղթն Աբգարու եւ զգիրս նորին (ԳՈՅ.)։ Այդ յիշատակութիւնը առիթ տուած է որ վերջին դարերու տօնացոյցները Ադդէի եպիսկոպոսի եւ Աբգարու թագաւորի տօն մը կազմած են (ՄՇՏ. 125), յայտնի չէ թէ ինչ հեղինակութեամբ։ Իսկ այժմեան տօնացոյցներուն մէջ նշանակուած՝ Նախավկայ եւ անդրանիկ թագաւորին մերոյ սրբոյն Աբգարու առանձին տօնը, միայն դար մը առաջ մուծուած է Սիմէոնեան տօնացոյցին մէջ (ՏՕՆ. 296), հարկաւ ո՛չ քննական, այլ բարեմիտ նախաձեռնութեամբ մը։ Սիմէոն կաթողիկոս Աբգարին տուած նախապատուութեան առթիւ Ադդէն յետադասած է, եւ Իգնատիոսի ու Մարութայի հետ մէկ տօնի վերածած է (ՏՕՆ. 274)։ Ըստ այսմ Ադդէի եւ Աբգարի տօները, որ Հայոց լուսաւորութեան մասին եղող Եդեսական աւանդութեան փաստ կը նկատուին, մեր նախնեաց ժամանակ այդ նշանակութիւնը չեն ունեցած, եւ լուսաւորութեան հայկական աւանդութիւնը Եդեսականէն անկախ եղած է, եւ Եդեսիոյ եպիսկոպոսն ու թագաւորը հնաւանդ ծէսին մէջ, իբր Հայոց լուսաւորութեան գործիչներ չեն ճանչցուած։ Տօնացոյցի մէջ յիշատակուած բուն ազգային տօնն է, Սանդուխտ կոյսին յիշատակը, որ նախնական տօնացոյցներու մէջ առանձինն նշանակուած է քաղոց 13-ին, եւ յետ ժամանակաց Թադէոս առաքելոյն տօնին հետ միացուած է, ինչպէս որ մինչեւ հիմա ալ կը մնայ։ Սանդուխտի հաւատալուն եւ նահատակուելուն տեղեկութիւնները տուինք, միայն տարիքին վրայ հին վկայաբանութիւններ բան մը չեն յիշած, իսկ Յայսմաւուրքը 12 տարեկան կը դնէ (ՅԱՅ. 262), մտածելով թերեւս որ դեռ կոյս էր, մինչ այն ատեն շատ կանուխ կ’ամուսնանային, մանաւանդ իշխանուհիները։ Սակայն նկատելով Սանդուխտի գործունէութեան եւ ընթացքին հանգամանքները, պէտք է աւելի չափահաս տարիքի մէջ նկատել զայն, եւ մերձաւորապէս գոնէ 18 տարական համարել։ Ուրիշ եկեղեցիներ նբր նախավկայուհի կը հռչակեն Պօղոսի աշակերտ Ս. Թեկղ Լիկայոնացին, որ բուն մարտիրոս ալ չէ, այլ խոստովանող միայն, քանի որ տանջանքներէ անվնաս ազատվելով՝ լրացեալ տարիքի մէջ խաղաղութեամբ վախճանած է։ Ըստ այսմ նախավկայուհի լինելու բառքը կրնանք աւելի իրաւամբ մեր Սանդուխտին սեփականել։ Անոր գերեզմանը կը ցուցուի այժմ Նարեկի վանքին մէջ, որուն բուն անունն ալ Ս. Սանդխտոյ վանք է, թէպէտ սովորաբար Ս. Գրիգորի վանք կը կոչուի։
Ամուսնությունը քեզ համար չի…
Ընդամենը մեկ ու կես տարի է, ինչ ամուսնացած եմ, բայց եկել եմ այն եզրակացության, որ ամուսնությունն ինձ համար չի:
Մինչ կհասցնեք ենթադրություններ անել, շարունակե՛ք կարդալ:
0 կարծիք